Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Նոր Յուշամատեանի Շնորհահանդէսը՝ Կիպրոսի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Կիպրոսի Նախագահական Պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նոր Յուշամատեանի Շնորհահանդէսը, ստուար թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան, որոնց կարգին՝ Մելգոնեանի 100 Ամեակին համար արտասահմանէն ժամանած Մելգոնեանցիներ։

Հաստատութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին Կրթութեան, Մարմնակրթանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարար Դոկտ․Աթինա Միխաիլիտու, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կրօնական Փոքրամասնութիւներու Համակարգիչ Դոկտ․ Կիպրիանոս Տ․Լուիս  եւ Մամլոյ եւ Տեղեկատուութեան գրասենեակի Տնօրէն Ալիկի Ստիլիանու։

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ՝ Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ կրտսերներու երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Վիքի Գույումճեանի եւ հայկական Պար՝ Համազգայինի Սիփան Պարախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի։

Յուշամատեանի ներկայացումը կատարեց բանասէր Դոկտ․ Անթոնիա Լոիզու։

Ներկաները մէկական օրինակ նուէր ստացան Յուշամատեանէն։