Հայկական Երեք Կուսակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւն. Չճանչցուած Ցեղասպանութիւնը Տուն Կու Տայ Նորերու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Լիբանանի մէջ, մենք` հայկական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատենք մեր նահատակներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը` կառչած մեր իրաւունքներուն եւ վճռական` շարունակելու պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

Լիբանանէն` այն երկրէն, որ գրկեց մեր ժողովուրդը ջարդերէն ետք, կը յիշենք, թէ հայերը հասան իբրեւ տեղահանուածներ` ծանրաբեռնուած Ցեղասպանութեան ցաւերով, սակայն յաջողեցան վերականգնիլ եւ նպաստել այս երկրի կառուցման` դառնալով անոր հիւսուածքի անբաժանելի մասը: Լիբանանը պարզապէս ապաստան մը չէր, այլ գործընկեր` մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ շարունակութեան մէջ: Այս ծիրին մէջ կը յիշատակենք ցաւալի եւ որոշիչ փուլեր` Այնթուրայէն մինչեւ Ճիպէյլ, Սայտա եւ Սուր, որոնք ականատես եղան մեր մանուկներուն տառապանքին եւ մեր ժողովուրդի ապրելու կամքին ու դիմադրութեան:

Այս հիմամբ կը հաստատենք, որ մեր տառապանքը մեկուսացած չէ, այլ կը հատուի տառապանքին հետ լիբանանցի ժողովուրդին, որ նոյնպէս ճաշակած է պատերազմներու, ճգնաժամերու եւ յարձակումներու արհաւիրքները: Ցաւը մէկ է, ինչպէս նաեւ արժանապատուութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն խորհրդանշական կամ պատմական հարց չէ, այլ նաեւ օրինական եւ բարոյական պարտաւորութիւն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն կը ջնջէ անցեալը, այլ նաեւ կը խաթարէ միջազգային իրաւունքի հիմքերը եւ դուռ կը բանայ յանցագործութիւններու կրկնութեան առջեւ: Երբ յանցագործութիւնները կը մնան առանց հաշուետուութեան, անոնք կը վերածուին վտանգաւոր նախադէպի, որ կը սպառնայ ամբողջ մարդկութեան:

Այսօր, երբ ականատես կ՛ըլլանք իսրայէլեան յանցագործութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, որոնք կը մնան առանց պատիժի, կը հաստատենք, որ միջազգային լռութիւնը եւ արդարութեան ապահովման ձախողութիւնը, ներառեալ Արցախի մէջ մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղային զտումը, կը կազմեն շարունակութիւնը անպատժելիութեան այն ուղեգիծին, որ անցեալին թոյլ տուաւ ցեղասպանութեան գործադրութեան:

Մենք միայն արդարութիւն չենք պահանջեր, այլ նաեւ կը պայքարինք անոր իրագործման համար:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը կապուած չէ միայն անցեալին, այլ նաեւ անհրաժեշտութիւն է ապագան պաշտպանելու համար: Արդարութիւնը կը վերականգնէ զոհերուն արժանապատուութիւնը, կ՛ամրապնդէ միջազգային իրաւական կանոնները եւ կը ստիպէ ոեւէ յարձակողի մտածել բազմիցս` նախքան յանցագործութիւն կատարելը:

Մեր դատը ո՛չ խմբային է, ո՛չ ալ համայնքային, այլ` մարդկային արդար դատ է: Երբ ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի որեւէ վայրի մէջ, ան կը դառնայ հնարաւոր ամէնուր: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի տկարացման եւ արդարութեան ընտրովի կիրարկման պայմաններուն մէջ` մեծ պետութիւններու շահերուն համաձայն, կը մեծնան վտանգները փոքր ժողովուրդներուն նկատմամբ, եւ կը տիրէ մթնոլորտ մը, որ կը խրախուսէ բռնութիւնը` զայն զսպելու փոխարէն:

Լիբանանէն կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը համակեցութեան արժէքներուն, երկխօսութեան եւ ատելութեան խօսքի մերժման: Լիբանանը իր ուժը կը քաղէ իր բազմազանութենէն եւ մեր կարողութենէն` դիմագրաւելու ցաւը առանց իյնալու անարդարութեան ծուղակը:

Վերջապէս, կը հաստատենք, որ աշխարհ մը, որ կը ձախողի ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, աշխարհ մըն է, որ կը նախապատրաստէ անոր կրկնութիւնը:

Արդարութիւնը ընտրանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ