ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Ներկայացնում ենք ՀՅԴ Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարությունը Հայոց ցեղասպանության 111-րդ տարելիցի առթիվ․

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման 111-րդ տարելիցն է։ Կը թուի, թէ տարէթիւերը մեզ կը հեռացնեն մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ զազրելի յանցագործութեան հետեւանքներէն, սակայն մեր պատմութեան վերջին զարգացումները՝ Արցախի բռնգրաւումը եւ հայաթափումը, անգամ մը եւս կը փաստեն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ իրականացուած եւ աւարտուած ոճիր էր, այլ շարունակական յանցագործութիւն, որ միտուած է բնաջնջելու կամ տեղահանելու հայութիւնը իր հայրենիքէն։

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ ըլլալ յանցագործութիւն եւ կենսական վտանգ այնքան ժամանակ քանի դեռ ցեղասպան կողմը չէ ընդունած իր քաղաքական ու բարոյական պատասխանատուութիւնը, իսկ միջազգային հանրութիւնը՝ չէ պարտադրած զայն։ Ցեղասպանութեան ընդունումը հաւասարապէս անհրաժեշտ է ինչպէս ցեղասպանին՝ մաքրուելու պատմական խարանէն ու դադրելու հանդիսանալ քաղաքակրթական վտանգ, այնպես ալ ցեղասպանուածին՝ իբրեւ երաշխիք ցեղասպանական մտադրութիւններու դադրեցման։

Տասնամեակներ շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման պայքարը նախ եւ առաջ միտուած եղած է Հայաստանի եւ հայութեան անվտանգ գոյութեան երաշխաւորման։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ հայկական սփիւռքի եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան կողմէ երբե՛ք ինքնանպատակ չէ եղած եւ միտուած է տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան ու համակեցութեան ստեղծման՝ արդարութեան վերականգնման եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսման միջոցով։

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ չկա՛յ հակամարտութիւն դասական իմաստով։ Հետեւաբար միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման սխա՛լ է մօտենալ հակամարտութիւններու լուծման միջազգայնօրէն ընդունուած մեքենականութիւններով։ Այս յարաբերութիւններուն մէջ կայ ցեղասպան կողմ, որուն ոչ միայն ժխտողական քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ շարունակական գործողութիւնները կը վկայեն ցեղասպանական գործողութիւններու մտադրութեան պահպանման մասին, եւ կայ ցեղասպանուած կողմ, որ կը ցանկայ բացառել ապագային նման գործողութիւններու հաւանականութիւնը։

Ըսուածին լավագոյն ապացոյցը Հայաստան-թուրքիա բանակցային գործընթացն է։ Այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները անմտօրէն եւ անվերապահօրէն բաւարարած են թուրքիոյ բոլոր նախապայմանները, թրքական կողմը ոչ միայն կը հրաժարի գործադրելէ համաձայնեցուած նոյնիսկ խորհրդանշական քայլերը, այլ նաեւ կ՝առաջադրէ նոր նախապայմաններ եւ կը շարունակէ Հայաստան-թուրքիա յարաբե­րութիւնները պայմանաւորել Հայաստան-ազրպէյճան յարաբերութիւններով։ թրքական կողմը ըստ էութեան կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ենթարկել անօրի­նական շրջափակման, որ իր բնոյթով թշնամական քաղաքականութեան դրսեւորում է։

Իբրեւ արդիւնք, ստեղծուած է իրավիճակ մը, երբ պաշտօնական Երեւանի գործիքակազմին մէջ չէ մնացած Հայաստան-թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ ազդելու որեւէ գործուն հնարաւորութիւն։ Այս պայմաններուն մէջ է, որ ակնյայտ կը դառնայ՝ Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւններուն պէտք չէ մօտենալ, որպէս հակամարտութեան։ թրքական պետութեան կողմէն այնպիսի քաղաքական վարքի դրսեւորումը, որ չի հետապնդեր Հայաստանի անվտանգային համակարգի կազմաքանդում, եւ որ չ՝ենթադրեր Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան շարունակականութիւն, այն նախադրեալն է, որ պիտի յանգեցնէ Հայաստան-թուրքիա միջպետական, իսկ ապագային, հաւանաբար նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Հայոց Ցեղասպանութեան հերթական տարելիցին առիթով կ՝ոգեկոչենք մեր անմեղ զոհերուն յիշատակը եւ կը վերահաստատենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ենթակայ չէ՛ ուրացման, իսկ միջազգայնացումը՝ սակարկման։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ
23 Ապրիլ 2026թ.