Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայի Նսեմացումը Բացարձակապէս Մերժելի է. Մհեր Գարագաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ մնալ ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան զգալի հատուածի կեանքին եւ ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը։ Այս մասին Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է մանկավարժ եւ ազգային-հասարակական գործիչ Մհեր Գարագաշեան։

Գարագաշեան դիտել տուած է, որ այսօր Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ ընտանիքներ կը հանդիսանան ցեղասպանութենէն վերապրածներու երրորդէն մինչեւ հինգերորդ սերունդի ներկայացուցիչներ, եւ այս պայմաններուն մէջ թեմայի նսեմացումը կամ երկրորդական համարումը «բացարձակապէս մերժելի կեցուածք» մըն է։

«Դիմակները բացուեցան, եւ արդէն յստակ է, թէ ուրկէ՛ կու գայ այդ խօսոյթը եւ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդէ»,– նշած է ան։

Մհեր Գարագաշեան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է տարածաշրջանային քաղաքական արձագանգներու համընկնումներուն՝ շեշտելով, որ տարբեր երկիրներու պաշտօնական յայտարարութիւններ շատ յաճախ կը կրէն նոյնանման բովանդակութիւն եւ խօսոյթ։ Անոր համոզմամբ՝ ասիկա կը վկայէ միասնական մօտեցումի կամ համակարգուած քաղաքականութեան մը մասին։

Գարագաշեան նաեւ յիշեցուցած է, որ 2015 թուականին՝ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, որոշ դրական տեղաշարժեր արձանագրուած էին, ներառեալ Թուրքիոյ ներսէն հնչած սահմանափակ ցաւակցական յայտարարութիւններ։ Սակայն հետագային այդ ընթացքը փոխուած է եւ արձանագրուած է հետընթաց։

«Առաջին հերթին անհրաժեշտ է, որ ցեղասպանութիւնը ընդունուի իրականացնողներուն կամ անոնց իրաւայաջորդներուն կողմէ»,– ընդգծած է ան։

Մհեր Գարագաշեան աւելցուց՝ ըսելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ մնալ ոչ միայն պատմական յիշողութեան, այլեւ՝ անվտանգութեան եւ ապագային վերաբերող կենսական խնդիրներէն մէկը։

Horizon Weekly Newspaper