Չեխիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի եւ Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Պիտի Կազմակերպուին
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով՝ Ապրիլ 19- 27 Փրակայի երեք տարբեր թատերասրահներու մէջ պիտի ցուցադրուի բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» ֆիլմը՝ անգլերէն ենթագրերով։ Ձեռնարկը, ըստorer.eu-ի, կազմակերպած է Չեխիոյ Հայ երիտասարդներու միութիւնը։
Ապրիլ 23-ին, Չեխիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ սեմինար, որուն կազմակերպիչներն են պատգամաւոր Յիրժի Գոպզան եւ Պռնոյի «Նայիրի» հայկական միութիւնը։ Սեմինարին խորագիրն է՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Պատմութիւնը եւ անոր արձագանգները»։
Ծրագրով նախատեսուած է Մեծ Եղեռնի վերապրող Աւրորա Մարտիկանեանին նուիրուած «Հոշոտուած Հայաստան» վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը, չեխ պատմաբան Լուգաշ Լհոդանի ելոյթը՝ «Հայկական Հոլոքոսթ. Պատմութիւն եւ ժառանգութիւն» թեմայով եւ պատմաբան, նկարիչ Աշոտ Առաքելեանի ելոյթը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը» թեմայով։
Ապրիլ 24-ին Փրակայի հայկական խաչքարին մօտ ծաղիկներ պիտի դրուին Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայկական համայնքին կողմէ, այնուհետեւ Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց յիշատակի արարողութիւն։ Պիտի ցուցադրուի նաեւ Պռնոյի Մասարիգի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի Վաղ միջնադարեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նկարահանած «Յաւերժ Անին» ֆիլմը, որուն ստեղծման աջակցած է Փրակայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Ապրիլ 24-ին, Սվեդոզոր թատերասրահին մէջ կրկին պիտի ցուցադրուի «Աւրորայի լուսաբացը» ֆիլմը։
Ապրիլ 25-ին, Պռնոյի Knihovna Hanse Beltinga գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մարգարիտա Խագանովայի «Արմենոֆոպիա. Արուեստ եւ մարկինալացում» դասախօսութիւնը։ Բանախօսը պիտի անդրադառնայ մասնաւորապէս այն խնդրին, որ հայ ազգը կանոնաւոր կերպով մարկինալացուած (լուսանցային) էր, անոր արուեստը կը ներկայացուէր իբրեւ ակնյայտ ստորադաս, նոյնիսկ հեթանոսական: Այս իրավիճակները կրնա՞ն զուգահեռներ ունենալ այսօրուան աշխարհին մէջ: Դասախօսութեան ծիրէն ներս բանախօսը պիտի փորձէ ցոյց տալ, թէ 19-րդ դարավերջի իրադարձութիւնները որքան անմիջականօրէն կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրադարձութիւններուն հետ, այսինքն՝ իրավիճակի մը հետ, որ դժուար է սահմանել այլ կերպով, քան՝ մշակութային ցեղասպանութիւն։