Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունենալիք Կարեւոր Ձեռնարկներ

Սփիւռք

– Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ:

– Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Նիւթ` «Ցեղասպանութեան հռչակագիրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագիրի հրամայականներուն պատասխանել»:

– Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովի բացումը: Նիւթ` «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան»:

– Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղէ:

– Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հանդիպում:

– Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւի (ժամը 19:00-ին) աւարտին, ժողովրդային հաւաք տեղի պիտի ունենայ մայրավանքի շրջափակին մէջ` ժամը 21:00-ին:

– Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, եւ ապա Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգ պիտի կատարուի` մայրավանքի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ:

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ