1,5 Միլիոնի Անունները Պարզելու Ցանկութիւնը Հակահայ Քայլ է, Փաշինեանը Ծունկի Եկած Ապագայ Կը Պատրաստէ Հայ Ժողովուրդի Համար․ Մուրատ Փափազեան

Հայաստան, Սփիւռք

Անդրանիկ Քոչարեանը առանց Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին այդպիսի կարեւոր յայտարարութիւն չէր ըներ։ Այս մասին, Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը` անդրադառնալով ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է ունենալ այդ 1,5 միլիոն ցեղասպանուած ժողովուրդին անուն ազգանունները։

«Հասկնալի է չէ՞ թէ ինչ տեղի կ՝ունենայ․ այս հակահայ քայլով Փաշինեանը հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Մեզի կը յիշեցնեն թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած պատմաբաններու յանձնախումբին մասին, որ պէտք է պատմութիւնը կրկին ուսումնասիրել, որպէսզի որոշուի՝ 1915 թուականի դէպքերը ցեղասպանութիւն կարելի՞ է համարել, թէ՝ ոչ։ Այս մօտեցումը ամբողջովին անընդունելի է, ցեղասպանութեան փաստը իրողութիւն է, պատմագէտները աշխատած են, 30 երկիր ճանչցած է, վերջ»,- ընդգծած է Փափազեանը։

Անոր խօսքով՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնուած է հայ ժողովուրդի թշնամիներուն՝ ընդունելով, թէ Տաւուշի չորս գիւղերը մաս կը կազմեն ազրպէյճանին, ընդունելով, որ Արցախը ազրպէյճանական տարածք է, հարցականի տակ դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, թշնամիներուն շահերը կը պաշտպանէ։

«Ի՞նչ իմաստ ունի հաշուել ու պարզել 1,5 միլիոն զոհերուն անունները։ Երեւակայենք, որ թուրքիան այս առաջարկը սեղանի վրայ դրած ըլլար, ամբողջ հայ ազգը կը դատապարտէր, չէ՞, կ՝առաջարկեմ դատապարտել զայն։ Բոլորս մերժենք Հայաստանի կառավարութեան քայլը, որ վերադասաւորման կ՝ուզեն ենթարկել հայ ազգի պատմութիւնը»,- յայտնած է ան։

Փափազեանը շեշտած է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յստակ քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ազգային արժէքները չընդունելու քաղաքականութիւն։

«Չ՝ընդունիր, որ չշարունակենք ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, չ՝ընդունիր, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձին պայքարը սեղանի վրայ դնենք, չ՝ընդունիր Սփիւռքը իբրեւ ազգի մաս, չ՝ընդունիր, որ Հայաստանի ժողովուրդին արժանապատիւ ապագայ ապահովէ։ Ան վախի մթնոլորտ կ՝ուզէ հաստատել Հայաստանի մէջ եւ համաձայնած է ալիեւի հետ, Փաշինեանը յատուկ ապագայ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդի համար՝ ծունկի եկած ապագայ»,- ըսած է ան։

Անդրադառնալով Անդրանիկ Քոչարեանի՝ աւելի ուշ ըրած յայտարարութեան, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն անուն ազգանունները պարզելու անհրաժեշտութիւնը զուտ իր անձնական մօտեցումն է, Փափազեան ըսած է,- «Սուտ է, կը փորձեն ժողովուրդը, իրենք ստախօս են»։

Յիշեցնենք, որ Կիրակի օր «Ազատութեան» եթերով Անդրանիկ Քոչարեանը յայտարարած էր, որ Փաշինեանը նպատակ ունի Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրական հիմքեր կառուցել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներուն ամբողջ ցանկը։ Երէկ Քոչարեանը նոյնը հաստատած էր խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին։

Իսկ երէկ, անդրադառնալով այս թեմային, Անդրանիկ Քոչարեանը ըսած է. «Ցեղասպանութեան ենթարկուածներուն ցուցակներուն ամբողջականացման մասին յայտարարութիւնը իմ անձնական մօտեցումն է, քաղաքական որոշում չկայ»: