Ֆրեզնոյի Մէջ Հրկիզած են «Արարատ» Հայկական Գերեզմանատունը

Աշխարհ, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ գտնուող «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը հրկիզուած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է FOX26 NEWS-ը։

Գերեզմանատան խորհուրդը շատ մտահոգուած է, որ բոլոր միջադէպերը ատելութեան նպատակաուղղուած յանցագործութիւններ են:

«Ինչպէս կրնաք պատկերացնել, ասիկա ահաւոր վրդովեցուցիչ է իմ տնօրէններու խորհուրդի, հայ համայնքի, իմ անձնակազմի եւ ինծի համար: Մեր առաքելութիւնն է կարեկցանքով ծառայել հայ ընտանիքներուն իրենց կարիքի պահուն՝ վառ պահելով նաեւ այստեղ թաղուածներուն յիշատակը: Խորհուրդը, իմ աշխատակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերինք այս առաքելութեան»,- ըսած է գերեզմանատան տնօրէն Շերի Մենինկ-Քարթրայթը՝ չբացառելով, որ հրկիզումը կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան՝ Ապրիլ 24-ի հետ։

Այս գերեզմանատան մէջ կը հանգչին բազմաթիւ հայ ականաւոր գործիչներ, ինչպէս՝ Սողոմոն Թեհլիրեանը, Ուիլիըմ Սարոյեանը, Վիքթոր Մաղաքեանը եւ ուրիշներ։

Կը նշուի, որ Ուրբաթ գիշեր հայկական գերեզմանատան գլխաւոր մուտքին մօտ այրած է ութ ծառ։ Ֆրեզնոյի ոստիկաններն ու հրշէջները շտապ ժամանած են, սակայն ձերբակալութիւններ չեն եղած։

Հրդեհը եղած է 1885 թուականին հիմնադրուած գերեզմանատան ամենահին հատուածին վրայ։

Նախնական տուեալներով՝ ծառերուն փոխարինումը կ՝արժէ 25 հազար տոլար։ Տնօրէնութիւնը վստահ չէ, որ ապահովագրութիւնը պիտի փակէ ծախսերը։