Ոչ – Ուղղափառ Միտքեր․ Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Դուն քեզմէ շատ պահանջէ եւ քիչ ակնկալէ ուրիշներէ:
Այդպէս է, որ քեզի պիտի խնայուին շատ մը դժուարութիւններ»

ԿՈՄՓԻՒԿԻՈՍ, Confucius, չին իմաստուն

Կարճամտութիւն է խորհիլ,  որ աշխարհատարած պատերազմի եւ աղէտի նախօրեակին կը գտնուինք, երբ ան սկսած է արդէն, ան ամէնուրեք է: Պատերազմներ, որոնց կանխարգիլման եւ դադարեցման մասին յորդառատ շատախօսութիւն կայ, եւ կայ աղմկարարներու բազմապատիկ քաղաքական զբօսաշրջութիւն:

Կ’ըսուի` համաշխարհային, կրօնական, քաղաքակրթութիւններու պատերազմներ: Լրատուամիջոցները օրն ի բուն կը գրեն եւ կը խօսին մահերու եւ աւերածութիւններու մասին:  Ո՛չ ոք կը խօսի «անտառի օրէնք»-ի, ջունգլի-ի օրէնքի վերադարձի մասին, թէեւ` զանազան բանաձեւումներով շպարուած, ան իրականութիւն է, երբ կը տեսնենք անարդարութիւնները եւ շահագործումները:

Միշտ պէտք է յիշել Հոպզի «Մարդը մարդուն գայլն է» դառնօրէն իրատեսական խօսքը, homo homini lupus… Եթէ մարդիկ պահ մը անհանգստացած ըլլային, արդարութեան եւ իրաւ երկխօսութեան սեղանին շուրջ նստած կ’ըլլային, փոխադարձաբար եւ միաժամանակ չէին ապաւինիր հիւլէական զէնքերու փոխադարձ սպառնալիքով պաշտպանութեան եւ չէին յանձնուեր խաղաղութիւն հետապնդելու զուարճութեան:

Ամէն ակնթարթի ահազանգային վիճակ կայ: Երեւակայեցէ՛ք. եթէ յանկարծ մէկը կամ միւսը որոշէ սեղմել ահեղ աւերի կոճակը… Համայն մարդկութիւնը ինքզինք պարտութեան պիտի մատնէ: Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ ո՛վ  պիտի յաղթէ, պիտի պարտուի, ապա` ի՞նչ բանի սկիզբ պիտի ըլլայ:

Վիճակագրութիւն կազմողները եւ սիրողները ինչո՞ւ չեն հաշուեր եւ չեն հրապարակեր ամէն օր զէնքով, պատերազմի ընթացքին, նիւթապաշտութեան, իշխանատենչութեան, ցեղապաշտութեան եւ կամ ներքաքաղաքական կռիւներու, սահմանային բախումներու պատճառով, առաւել` անօթութենէ եւ ծարաւէ մեռնողներու թիւը: Հազա՜ր հազարներ, եթէ գումարենք եւ բազմապատկենք օրերու եւ ամիսներու թիւով:

ՄԵծԵՐ-ը կը խաղան, ՊԶՏԻԿՆԵՐ-ը կը կարծեն պաշտպանուիլ կամ անոնց խաղին մասնակցիլ աշխարհի մը մէջ, որ դարձած է խօսքի եւ պատկերի անտէր կայսրութիւն, զոր դիտելու կը հրաւիրուինք ամէն օր եւ ամէն ժամ, թատրոն, որուն ստուերի վերածուած անանուն խաղցողները եւ հանդիսատեսներն ենք անխտի՛ր, միաժամանակ` զոհերը, մենք` ծերացած մոլորակի բնակիչներ:

Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ պատկեր պիտի ունենայ մարդկութեան ապագան, բազմապատկուող պատերազմներու, համակարգիչի եւ արհեստական ուշիմութեան քանդումի հզօրութեան խոստումի եւ չարաշահուող գիտական յառաջդիմութեան աշխարհին մէջ: Յառաջդիմութիւն, որ զէնքերու առատացում եւ կատարելագործում է: Նո՞ր մարդկութիւն մը պիտի ծնի, դասական մեզի ծանօթ մարդոցմո՞վ, թէ՞ առանց անոնց, այլ բան եւ բաներ:

Թող ներուի եսասիրաբար մտածել նաեւ մեր Խորենացիի ըսած «փոքր ածու»-ի մասին, Հայաստանի եւ անկէ  մնացած բեկորի մասին, զոր միշտ կը կոչենք Հայաստան: Պէտք չէ անտեսել նաեւ սփիւռք կոչուած անբնական գոյութեամբ եւ անորոշ ինքնութիւններով հայ ժողովուրդի հատուածը, որ միշտ կը յաւակնի ազգ ըլլալ, ազգի մաս ըլլալ, գիտնալով, որ այդ սոսկ յաւակնութիւն է:

Սփիւռքը, որ մէկ չէ, բազմաթիւ է, բազմերես, ի՞նչ առարկայական պատուանդան ունի ներկայ ժամանակի համաշխարհային քաոսին մէջ տաշեղի պէս հովերէն չտարուելու կամ մեծ բռնկումներուն մէջ լուցկիի պէս չայրելու համար: Լրջօրէն պէտք է մտածել  յաւակնութեան մասին` առանց գոհանալու շաբաթավերջի տեղական աղմուկներով: Մի՞թէ ան հիմա, եւ ամէն օր, պզտիկ համարուած կրակի վրայ չ’այրիր:

Ո՞ւր ենք թաւալող գլխագիր պատմութեան մէջ, աւելի ճիշդ` ո՞ւր են Հայ Ազգը եւ անոր Հայրենիքը,    ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ կ’ընենք այսօր` մնալու, տոկալու եւ տեւելու համար:

Պատմութեան աղէտներէն փրկուած եւ մեզի հասած «Հայաստան»-ի բեկոր մը կայ, հայկական հանրապետութիւնը, որ ենթակայ է ճնշումներու, անդամահատման վտանգի մէջ է: Եթէ չէինք գիտեր, հիմա կրկին սորվեցանք, որ եթէ մենք այդ բեկորին ալ տիրութիւն, չընենք, ո՛չ ոք այդ պիտի ընէ մեր փոխարէն, եւ ան ալ օր մը կ’ըլլայ «պատմական»:

Բայց ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք, ո՞ւր է մենք-ը, ի՞նչ կը ներկայացնէ այդ մենք-ը: Նախահայրերէն ստացուած հայրենիք Արցախը ազգին վերադարձաւ Պատմութեան օղակ փոխելու աստեղային հրաշք պահու մը, բայց անոր տէր չկրցանք ըլլալ, կրնայի՞նք տէր ըլլալ եւ մնալ, երբ հոն հայ եւ հայրենատէր բնակչութիւն չեղանք, մենք` ամէն օր քիչ մը աւելի հոգեպէս եւ իրողապէս համաշխարհայնացող հայութիւն, որ հիւլէացածներու երեւակայական-ենթադրական մէկութիւն է:  Միշտ պէտք է կրկնել, որ հայրենիք-հողը բնակիչ կ’ուզէ, որպէսզի անոր տէր ըլլայ, ապա թէ ոչ նոր մարդիկ կու գան եւ տէր կ’ըլլան: Այդպէս է անտառի օրէնքը: Բազմամիլիոն սփիւռքէն քանի՞ հոգի հայուն հայրերու Արցախ հողը գնաց անոր  տիրութիւն ընելու համար, հոն հաստատուեցաւ, տէր եղաւ:

Հայրենասիրական երգն ու պարը հայրենատիրութիւն չեն, շաբաթավերջի զբօս են միայն, յիշատակի գրգիռ:

«Խորհրդային հանրապետութիւններ» բնակութիւն հաստատած հայերէն քանի՞ հայրենատիրական գիտակցութիւն ունեցող «արմատով ղարաբաղցի»-ներ վերադարձան իրենց հայրերու երկիրը, Հայաստանի հանրապետութենէն Եւրոպաներ եւ Ամերիկաներ խուճապով գաղթողները եթէ Արցախ հաստատուած ըլլային, պատմութեան ընթացքը տարբեր կ’ըլլար: Սփիւռքի համայնքներէն ապահովութեան համար նոր հասցէներ փնտռող գաղթականներ եթէ հայրենատէրի գիտակցութիւն ունեցած ըլլային, իրենց հայրենահանման ոճիրին դէմ պայքարելու համար Արցախ կը վերադառնային` փոխանակ ափ առնելու Շուէտ, Չեխիա, Սպանիա, Քանատա, Շանկհայ… Հասցէներու ցանկը ո՞վ կրնայ ճշդել…

Հող-հայրենիքը ներկայ տէր կ’ուզէ, բարեսիրութեամբ, հեռուէն խիղճ հանդարտեցնողներու լումաներով եւ թեր ու դէմ առատաբանութիւններով հայրենատիրութիւն չի խաղցուիր, ո՛չ ալ` ուրիշներու դրան առջեւ սաւանանման վկայականներով զարդարուելով եւ հայրենիքի համար (չ)իմաստուն փուճաբանութիններ շալկած օդանաւ նստելով եւ օդանաւէ իջնելով:

Չյանդգնիլ, չպայքարիլ եւ իրաւունքի տէր չկանգնիլ` կը նշանակեն` ի յառաջագունէ սնանկութիւն յայտարարել, հաշտուիլ պարտութեան գաղափարին հետ, առարկայական դաշնակիցը դառնալ թշնամիին:  Իսկ պայքարը կը մղուի ներկայութիւնները բազմապատկելով, որ  ջուր ծեծելէ տարբեր որակ կը պահանջէ, տարբեր` «ամեակներ»-ու եւ մեծխօսիկ բազմանուն գիտաժողովներու օդ տեղափոխող թափարումներէ: Տեւաբար խօսուեցաւ եւ կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին: Չի խօսուիր հայրենահանման մասին, որ չէ դադրած, կը շարունակուի, նոր հասցէներով նոր համայնքներ կը ստեղծուին: Տեղի կ’ունենայ ինքնահայրենահանում: Օրակարգ չեն հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը:

Յաճախ կը մտածեմ ազգի եւ հայրենիքի տեսանկիւնէ յումպէտս վատնուող ճիգերու մասին, կը սիրենք ըսել` զոհողութիւններ: Եթէ հասկցած ըլլայինք, որ «ՍՓԻՒՌՔ»-ը, իր չունեցած անորոշ սահմաններով եւ տեւաբար աճող ընդլայնումով, ՀԱՅՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ չէ, ընդգրկուած կ’ըլլայինք ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒ ՏԵՍԻԼՔ-ի մէջ եւ ըստ այնմ ուղղութիւն կը ճշդէինք եւ կը գործէինք: Կոմփիւկիոս ըլլալու կարիք չկայ հասկալու համար, որ հայածնունդներու բազմագոյն ապաստանավայրերը հայու հայրենիք չեն եւ պիտի չըլլան, անոնք  ազգի լինել-չլինելու  տեսանկիւնէ սպասման թերեւս հանգստաւետ ճամբարներ են, եթէ հայուն  հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը չունին որպէս կենսական օրակարգ:

Յաճախ խօսուած է եւ կը խօսուի սփիւռք(ներ)ի արժէքներու, դերի եւ պարտականութիւններու մասին` ճապաղելով հռչակներու, յաջողութիւններու, դիրքերու տիրացման առթած հպարտութիւններու բարդոյթներուն մէջ, այսինքն` ցուցադրութեան հանդէս, շաու, show: Եթէ առանց ճապկումներու սփիւռք(ներ)ի հայկական լինելիութեան եւ վախճանի մասին մտածենք, որպէս առանցք ունենալով ԱԶԳ-ը եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը, ճիշդ կրնանք կողմնորոշուիլ` մերժելով ոչինչի  սպասարկող սնափառութիւնները եւ դատարկաբանութիւնները:

Մեր թուագրութենէն վեց դար առաջ ապրած չին իմաստասէր Կոմփիւկիոս` Confucius, ըսած է. «Դուն քեզմէ շատ պահանջէ եւ քիչ ակնկալէ ուրիշներէ: Այդպէս է, որ քեզի պիտի խնայուին շատ մը դժուարութիններ»:

Այսօր հայ ազգը բազմանուններով տեսական մէկ է: Ջայլամ պէտք չէ ըլլալ, վերջնական կորուստը տեսնել եւ տեւաբար չմանրուիլ մասնակի փառքերու մէջ:

Մեր իրարու դէմ տեւաբար նիզակ ճօճող այնքան բազմաթիւ եւ բազմանուն ԱԶԳԱՅԻՆ միութիւններու, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու շարքին, անոնցմէ առաջ, չունինք, չունեցանք հայրենադարձութեան գործող մարմին մը, որ յայտարարէր, հաշուետուութիւն կատարէր ըսելու համար թէ ի՛նչ ըրած է, կ’ընէ հայկական հողի բնակեցման համար, կասեցնելու համար հայրենալքման աղէտ-ը, որ պատմական չարիք է, երբ նկատի կ’ունենանք հայրենիքի բեկորի պաշտպանութիւնը, որ առաջին հերթին կ’ըլլայ բնակեցումով: Ինչո՞ւ չըսել նաեւ, որ ան աղէտ է նաեւ հայրենահանուածներու սփիւռքին համար, որ ուզած էր տոկալ եւ տեւել հաւատալով Երազի  ճառի, որ կ’ամփոփուի «Գալ տարի Վան» խտացեալ տարազին մէջ, իսկ հայրենալքումը վառ եւ վատ օրինակն է այդ հայրենատիրական Երազի չքացման:

Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, հաշուետուութեան պէտք է կանչէ ամէն կարգի «մեծեր»-ը, ղեկավարութիւնները, հարց տալով, թէ ի՞նչ ըրին եւ կ’ընեն ճշմարիտ հայրենատիրութեան համար, քանի՞ հազարի հայրենադարձութեամբ նուազեցուցած են հին ու նոր սփիւռքները` փոխանակ լրատուութիւն ընելու նորանուն սփիւռքներու մասին, ինքնախաբէութեամբ խօսելով գերաճող «մերոնք»-ներու մասին, որոնք ընդունուած են որպէս անինքնութիւն բազմաթիւ հասցէներով եւ անուններով ethnic groups:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԻ ՄՏԱԾՈՒԻՐ ԵՒ ՉՈՒՆԻՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՆՈՒԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՌՈՅՑ մը, ներսը եւ դուրսը, մեր պատմութեան ներկայ փուլին ժամանակավրէպ մրցակցութիւններէն եւ տարբերութիւններէն անդին նայող, զանոնք յաղթահարած գալիքը սեւեռող կառոյց մը:

Երբեմն խոր մտահոգութեամբ կը մտածեմ ճառ զարդարելու համար յիշուող հայրենի տարածքներու վրայ մնացած ցեղասպանութենէ եւ հայրենահանումէ ճողոպրած հայկական ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ-ի մասին, մարդիկ, որոնք հայ են, կը կոչուին Հայրապետ, Սասուն, Քէշիշեան տոհմ… Անոնք նաեւ մաս կը կազմեն մեր գենեֆոնդին, ինչպէս կ’ըսեն Երեւան: Անոնց թիւը եւ հասցէն ո՛չ ոք գիտէ: Ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւններու գունագեղ օրակարգերուն մէջ կա՞ն անոնք:

Մենք մեզ գերանցելով, գերանցելով աննպատակ փոխադարձ կտցահարումներու զուարճութիւնը` պիտի ունենա՞նք ԱԶԳԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ հիմնարար գաղափարը եւ էսթեպլիշմընթային ախտէ զերծ զայն կրողները:

Եթէ անհատաբար եւ հաւաքաբար զարգացնէինք Կոմփիւկիոսի իմաստութիւնը. «Դուն քեզմէ շատ պահանջէ եւ քիչ ակնկալէ ուրիշներէ… Այդպէս է, որ քեզի պիտի խնայուին շատ մը դժուարութիւններ»… Ըսէինք` մենք մեզմէ պահանջենք, պայքարինք, յանդգնինք, միանանք եւ միացնենք` առանց բացառութիւն ընելու մեր անձին համար… Բացառութիւններու գումարով ազգ չի ստեղծուիր, ապագայակերտ պայքար չի մղուիր:

Այս վարքագիծը ինչպէ՞ս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ դարձնել, հանրապետութիւնը եւ հին ու նոր բազմապատկուող Սփիւռք(ներ)ը:

Երէկ հանդիպեցայ երեք սփիւռքահայերու, որոնք միայն կը յիշէին, որ իրենց հայրը հայ էր, իսկ այսօր իմացայ, որ Հայաստանէն 38 հայեր հասած են Եւրոպայի քաղաքներէն մին, հայր, որդի, քոյր, զաւակներ` գերդաստան մը: Ի հարկէ անոնք բացառութիւն չեն, չէին, բացառութիւն պիտի չըլլան:

Ազգի եւ հայրենիքի լինել-չլինելու տեսանկիւնէ` յետոյ ի՞նչ:

Հարցումը կ’ուղղուի հանրապետութեան եւ սփիւռքի բազմագոյն եւ յաճախ իրարու դէմ կանգնած` նիզակ ճօճողներուն: