Ֆրանսայի Վարչապետը ազրպէյճանէն Պահանջեց Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներէն Զօրքերը Ետ Քաշել

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալ՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին արտասանած իր խօսքին մէջ՝ ազրպէյճանէն պահանջեց ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Figaro-ն։

Ան դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանի նախագահը ի՛նք խոստովանած է, որ ազրպէյճանի ուժերը յառաջխաղացք ունեցած են Հայաստանի տարածքի քանի մը կէտերու մէջ:

«Այսօր մեր հարցը այն է, որ օգնենք Հայաստանին՝ պաշտպանելու իր անկախութիւնը, իր ժողովրդավարութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»,- յայտարարեց Աթալ:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ռուսիա կը փափաքի պատժել Հայաստանը, որովհետեւ անիկա ընտրեց անպատժելիութեան դէմ պայքարի ուղին:

Աթալ այս առումով յիշեցուց Հայաստանի Միջազգային քրէական դատարանին միանալը եւ աւելցուց՝ «Հայաստան ընտրեց ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքի պետութիւն ըլլալու ճամբան»:

Աթալ նաեւ քննադատեց «Ռուսիոյ ինքնագոհ կեցուածք»-ը եւ շեշտեց, որ Մոսկուա չդատապարտեց ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մինչեւ նախորդ տարեվերջ մեծամասնութեամբ հայեր կը բնակէին՝ աւելցնելով, որ այսպէս կոչուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը թոյլ տուին, որ հոն մարդասիրական ճգնաժամ ըլլայ:

ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր այհան հաճիզատէ արձագանգեց Ֆրանսայի վարչապետին յայտարարութիւններուն՝ ըսելով. «ազրպէյճան կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի վարչապետին՝ վերջ տալու սադրիչ յայտարարութիւններուն»: Ան յատկապէս կ՛անդրադառնար Աթալի՝ Սեպտեմբեր 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ձեռնարկուած ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններուն:

«ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը համապատասխանէին միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այն բանաձեւերուն, որոնք ընդունուած էին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա այդ խորհուրդի մնայուն անդամ է»,- ըսաւ հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք Ֆրանսային՝ դասեր քաղելու իր իսկ պատմութենէն եւ չմիջամտելու ազրպէյճանի ներքին գործերուն»: