«Զմիւռնիան Կ՚արտասուէ, Հայաստանը Կը Յիշէ» Գիրքին Ներկայացումը Ֆիքսի Մէջ

Սփիւռք


­13 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ­­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «­­Թագ­ւոր եւ ­­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան կող­մէն կազ­մա­կեր­պո­ւած` վար­ժա­պետ տիկ. ­­Վա­սի­լի­քի ­­Փի­թու­լիի «Զ­միւռ­նիան կ­­՚ար­տա­սո­ւէ, ­­Հա­յաս­տա­նը կը յի­շէ» գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մը։ ­­Ներ­կայ էին միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հայ եւ ­յոյն գրա­սէր­ներ։

Այս շնոր­հան­դէսն ալ սկսաւ գու­ժի մը յայ­տա­րա­րու­թեամբ` ընկ. ­­Ռե­բե­կա ­­Պա­րա­զեա­նի կո­րուս­տին լու­րով։ ­­Սի­րե­լի ու հա­մեստ ըն­կե­րու­հին տա­րի­նե­րով ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Յա­կոբ ­­Փա­փա­զեան» Երգ­չա­խում­բի ան­դամ, քա­նի մը օր ա­ռաջ ստա­ցած էր «Ա­զատ Օր»-ին յու­շա­նո­ւէ­րը, սա­կայն չհա­սաւ վա­յե­լե­լ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի նա­խա­տե­սո­ւած պար­գե­ւատ­րու­մը։ ­­Յի­շա­տա­կը յար­գո­ւե­ցաւ մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ:

­Հա­մազ­գա­յի­նին կող­մէ, հա­մադ­րող ընկ. ­­Ժագ ­­Տա­մա­տեան իր հա­կիրճ բաց­ման խօս­քին մէջ նշեց, որ գիր­քը բա­ցա­ռիկ կեր­պով կը միա­ւո­րէ 1915-ի ու 1922-ի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը. յօ­րի­նո­ւածք մը` հիմ­նո­ւած ի­րա­կան դէպ­քե­րու վրայ։

Այս ներ­դաշ­նակ ձե­ւա­կեր­պու­մին անդրա­դար­ձաւ տիկ. ­­Սի­սի ­­Քափ­լա­նի, գրող, թարգ­մա­նիչ, հե­ռա­տե­սի­լի եւ ­ձայ­նաս­փիւ­ռի տնօ­րէն, ներ­կա­յաց­նե­լով գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ը­սաւ, որ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին ան­ծա­նօթ դրո­ւագ­ներ, խօսք ը­նե­լով Ե­րիտ­թուր­քե­րու ժո­ղո­վին հա­մար, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ 1908-ին ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ուր ­հա­յե­րը եւ ­յոյ­նե­րը կո­չո­ւե­ցան «քրիս­տո­նեայ մո­լա­խո­տեր»։

­Տա­րի­ներ ետք, 1965-ին, նոյն քա­ղա­քին մէջ, կը կա­տա­րո­ւի ­­Սուրբ Մկր­տու­թիւն մը։
­­Մէկ գեր­դաս­տա­նը` ­Քար­տա­շեան­նե­րը. ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կ­­՚ապ­րէին ­­Տիգրա­նա­կերտ եւ­ անց­նե­լով ա­նա­սե­լի տա­ռա­պանք­ներ փրկո­ւե­ցաւ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։
­­Միւսն ալ` Զ­միւռ­նա­ցի ­­Տի­միթ­րա­քո­փու­լոս ըն­տա­նի­քը, վե­րապ­րած 1922-ի ա­ղէ­տէն։

­Մէկ քոյ­րը մտած է ճա­փո­նա­կան «­­Թո­քէյ ­­Մա­րու» շո­քե­նա­ւը, ո­րու քա­ջա­սիրտ նա­ւա­տի­րոջ շնոր­հիւ փրկո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ հա­յեր եւ ­յոյ­ներ. միւ­սին հա­մար` կը կար­ծէին ին­կած էր Տ­րա­փե­ցո­նա­յի «­­Վուր­լա» կո­չո­ւած օ­րի­նա­ւոր պոռն­կա­տու­նը։

­­Բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, գաղ­թա­կան յոյն աղ­ջիկ մըն էր, որ կը կրէր ա­նոր անձ­նա­գի­րը։ ­­Քոյ­րը փրկո­ւած էր թրքա­կան ըն­տա­նի­քի մը կող­մէն եւ­ իս­լա­մա­ցած էր։

1921-ին յու­նաց ղե­կա­վա­րու­թեան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը` Փ­լաս­թի­րաս, Ս­թեր­ղիա­տիս եւ Զ­միւռ­նիոյ Ա­ռաջ­նորդ Խ­րի­սոս­թո­մոս կ­­՚ու­նե­նան ե­րե­ւա­կա­յա­կան զրոյց մը։ Ա­պա` բա­նա­խօ­սը անդ­րա­դար­ձաւ «­Հա­յոց ­­Նիւ­րեմ­պեր­կին»՝ «­­Նե­մե­սիս» յա­տուկ գոր­ծին։

«­­Ժո­ղո­վուրդ որ չի յի­շեր իր պատ­մու­թիւ­նը` ժո­ղո­վուրդ է ա­ռանց ա­պա­գա­յի», կար­գա­խօ­սով ամ­բող­ջա­ցուց իր խօս­քը։

­Յա­ջոր­դա­բար գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ պատ­շաճ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ ­Հա­յազ­գի հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սա­նոււ­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան իր ան­զու­գա­կան դե­րա­սա­նա­կան ո­ճով ար­տա­սա­նե­ց ­գիր­քի կտոր­ներ եւ ­մաեսթ­րօ Ս­տե­փան ­­Թէ­քի­րեան` իր գրա­ւիչ մե­ղե­դի­նե­րով, բա­ցա­ռիկ յու­զեր ներշն­չե­ց ­ներ­կա­նե­րուն։ ­­Սի­րո­ւած ե­րա­ժիշ­տը մեկ­նա­բա­նեց «­­Քե­լէ քե­լէ», «­­Բա­րի ա­րա­գիլ», «­­Սո­խակ», «Եար քո բա­րակ» եւ «­­Պին­կէօլ» եր­գե­րը։

Շ­նոր­հան­դէ­սը ա­ւար­տե­ցաւ գիր­քի հե­ղի­նա­կին ամ­փո­փու­մով ու շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով ուղ­ղո­ւած կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն ու ներ­կա­նե­րուն, յայտ­նե­լով իր սի­րոյ զգա­ցում­նե­րը հա­յե­րուն եւ հա­յոց լե­զո­ւին հան­դէպ։ Ն­շեց, որ լայ­նա­ծա­ւալ հե­տա­զօ­տութիւն­նե­րէ ետք զգաց «պա­տո­ւոյ պարտք» մը։ «­­Հայ­կա­կան ա­նուն­նե­րը, որ գոր­ծա­ծե­ցի գիր­քիս մէջ, կար­ծես թէ բա­նաս­տեղ­ծա­կան կը հնչէին, ի­րենց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներն ալ` տպա­ւո­րիչ»,- ը­սաւ ան։

«­­Մարդ­կու­թեան հա­մար` ան­տե­ղեա­կու­թիւ­նը թշնա­մի է. ­­Գիր­քը կրնայ ա­պա­քի­նել զայն», կար­գա­խօ­սով ամ­բող­ջա­ցաւ գար­նա­նա­յին ե­րե­կոյ­թը, ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, հա­մա­հունչ մշա­կու­թա­յին ո­գեշն­չու­մով ու գե­ղե­ցիկ զգա­ցում­նե­րով։

­­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

ԺԱԳ ­ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ­
Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից