«­Միջկրօ­նա­կան Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան Ու­ղի­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի Մէջ»

Սփիւռք

Եր­կու­շաբ­թի, 4 ­Մարտ 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան «Ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու եւ հո­գեւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան (PAR.TE.S. — Participatory approaches to protecting places of worship)» ծրա­գի­րին եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Քա­ղա­քա­ցիի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան (Υπουργείο Προστασίας του Πολίτη) հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Ա­պա­հո­վա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն»ի (Κέντρο Μελετών Ασφαλείας – KΕ.ME.A.) հրա­ւէ­րին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Նէոս ­Գոզ­մոս շրջա­նի հո­գեւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի, ներ­կայ գտնուե­ցան կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Միջկրօ­նա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ» նիւ­թով, ա­ռա­ջին փակ հան­դի­պու­մին, հաս­տա­տու­թեան կեդ­րո­նէն ներս:

­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան եւ կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եոր­ղոս ­Քա­լան­ծիս, ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան՝ ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու պաշ­պա­նու­թեան ոս­տի­կա­նա­կան գրա­սե­նեա­կի մաս­նա­գէտ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­թէն­քի ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի միջ կրօ­նա­կան գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն վար­դա­պե­տը, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ­Լա­տին ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­թէն­քի ար­քե­պի­կո­պո­սը, ­Յոյն Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ նա­խա­գահ վե­րա­պա­տո­ւե­լին, Ա­թէն­քի իս­լամ հա­մայն­քի նա­խա­գահ ի­մա­մը, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի գաղ­թա­կան­նե­րու գրա­սե­նեա­կին գոր­ծա­կա­տա­րը, Ա­թէն­քի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն եւ դա­սա­խօս վար­դա­պե­տը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տո­տե­լեան հա­մալ­սա­րա­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան եւ իս­լա­մա­գի­տու­թեան բա­ժա­մուն­քի ե­րեք դա­սա­խօս­ներ:

­Հան­դի­պու­մը սկսաւ կազ­մա­կեր­պիչ կե­րո­նին տնօ­րէ­նի բաց­ման խօս­քով եւ յա­ջոր­դա­բար գոր­ծադ­րո­ւե­ցան հե­տեւեալ օա­րա­կար­գե­րը.-

Ա.- PAR.TE.S. -(Partticipatory approaches to protecting places of worship)- Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան տա­րած­քին ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու եւ հո­գեւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու դեմ գոր­ծադ­րո­ւող ծայ­րա­հե­ղա­կան յար­ձա­կում­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու ա­պա­հո­վա­կան ծրագ­րի­նե­րու ներ­կա­յա­ցում, կեդ­րո­նին գի­տաշ­խա­տող տիկ. Անդ­րիա­նի ­Ռե­չե­պիի կող­մէ:

Բ.- «­Միջ կրօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ» նիւ­թով զե­կոյց­ներ.-
1.- «­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան եւ կրօ­նի նա­խա­րա­րու­թեան», ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար պրն. Եոր­ղոս ­Գա­լան­ծի­սի կող­մէ:

2.- ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Մի­ջուղ­ղա­փառ ­Կեդ­րո­նի(A.K.E.E.) գի­տա­կան գոր­ծըն­կեր եւ (PAR.TE.S.) միջ կրօ­նա­կան փոր­ձա­գէտ­նե­րու յաձ­նա­խում­բի ան­դամ պրն. ­Սեր­կիոս ­Վու­լա­սի կող­մէ:

3.- ­Ներ­կա­յա­ցում «Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ մահ­մե­տա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը».- ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մալ­սա­րա­նի «­Կա­նո­նա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւունք» բա­ժա­մուն­քի դա­սա­խօս պրն. ­Նի­քոս ­Մա­կիո­րո­սի, «Աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թիւն» բա­ժան­մուն­քի դա­սա­խօս տիկ. Ան­կե­լի­քի ­Զիա­քաի եւ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ մահ­մե­տա­կան կրօ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ եւ ու­սու­ցիչ՝ պրն. ­Ռահ­մի ­Բա­սիաի կող­մէ:

Գ.- «­Յու­նաս­տա­նի մէջ միջ-կրօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան խթա­նում եւ պաշ­տա­մուն­քի վայ­րե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն» Եւ­րո­պա­կան (SPIRIT) ծրագ­րի ներ­կա­յա­ցում՝ ծրագրի ղե­կա­վար եւ (KE.ME.A.)-ի գի­տա­կան գոր­ծըն­կեր պրն. ­Նի­կո­լաոս ­Լա­լա­զի­սի­սի կող­մէ:

Դ.- ­Հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցող­նե­րուն կող­մէ քննար­կում­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ.-

— Ինչ­պէ՞ս գնա­հա­տել ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հան­դէպ ե­ղած սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ զա­նոնք գրան­ցելն ու պատ­կան մար­մին­նե­րուն տե­ղե­կաց­նել:
— Ո­րո՞նք են կա­րիք­նե­րը կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քի վայ­րե­րուն եւ հո­գեւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­նոնց ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար:
— Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տո­ւի կրօն­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­ղոր­դակց­ման ու­ղի­նե­րը:
— ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րը, լրա­ցու­ցիչ ի՞նչ մի­ջոց­ներ կրնան ձեռ­նար­կել, երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու եւ խթա­նե­լու հա­մար:

­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը խօսք առ­նե­լով անդ­րա­դար­ձան վե­րոն­շեալ հար­ցե­րուն կա­պո­ւած հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րուն եւ տագ­նապ­նե­րուն եւ կա­տա­րե­ցին հա­մա­պա­տասխան ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ:
Այս առ­թիւ, թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն հրա­ւե­րին հա­մար, շեշ­տե­լով թէ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ բնա­կող հա­յու­թիւ­նը, որ­պէս լիար­ժէք քա­ղա­քա­ցի­ներ կը վա­յե­լէն երկ­րիս սահ­մա­նադ­րու­թեամբ հաս­տաո­ւած խիղ­ճի եւ հա­ւատ­քի ա­զա­տու­թեան բո­լոր բա­րիք­նե­րը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Նարեկ Քհնյ․ Շահինեան