Ակնարկ. Արցախի Ազգային Ժողովի Շէնքի Կազմաքանդումի Ետին․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքի կազմաքանդումի փաստը անմիջականօրէն չարժանացաւ միջազգային արձագանգի: Մինչ հոգեւոր մշակութային կոթողներու, խաչքարերու քանդման կամ եկեղեցիներու կառուցափոխման կամ մզկիթի վերածման գործողութիւններու դիմաց միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններէ մեղադրական կամ կանխազգուշացման առումով  համեմատաբար հակազդեցութիւններ կը գրանցուին:

Նախ պէտք է արձանագրել, որ Ազգային ժողովի շէնքի պարագան պէտք չէ դիտարկել հոգեւոր- մշակութային կոթողներու քանդումի շարքին մէջ: Այս պարագային պետական հաստատութիւններու ամէնէն խորհրդանշային իմաստ ունեցող այս կառոյցի կազմաքանդումը այլ նպատակներ կը հետապնդէ:

Արցախի ամբողջական հայաթափումով, բռնագրաւումով եւ հոգեւոր մշակութային հետքերու բնաջնջումով չ՛աւարտիր Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւն ունեցած ըլլալու ամէն առարկայական փաստ թիրախ է Պաքուի իշխանութիւններուն: Պետական համապատասխան շէնքային կառոյցներ ուրեմն, եւ առաջին հերթին` Ազգային ժողովը, պէտք է վերանան, որպէսզի նոյնիսկ անցեալ կատարեալի իմաստով չյիշատակուին անոնք: Հաւաքական յիշողութեան ջնջումի համապատասխան քաղաքականութիւն կը կիրարկէ Պաքուն. նորացուած ժխտողականութիւն:

Այս գործողութիւնները պիտի շարունակուին: Յայտնաբար միջազգային հանրութեան եւ անոր քաղաքակրթական ժառանգութեան պահպանման համապատասխան կազմակերպութիւններուն հանդիսատեսութեամբ:

Դատապարտանքներ կրնան հնչել նաեւ այս առումով: Սակայն անոնք չեն կրնար որեւէ ազդեցութիւն ունենալ Պաքուի որոշած քաղաքականութեան վրայ: Այս ժխտողականութիւնը փաստօրէն հայաթափման, ցեղային զտման, հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան վերացման եւ ցեղասպանական նման գործողութիւնները կը համալրէ` հաւաքական յիշողութեան չէզոքացման նպատակով:

Պետական հաստատութիւններու առաջնային թիրախ յայտնուելու այս իրականութիւնը կը մատնէ որոշ քաղաքականութիւն: Խնդիրը չի սահմանափակուիր հաւաքական յիշողութեան  ջնջումով կամ հանրապետութիւն գոյութիւն ունեցած ըլլալու ժխտումով:

Պաքուն այս ձեւով ուղերձ կը յղէ Արցախի վտարանդի դարձած պետութեան` իր գործառոյթներու շարունակումը կասեցնելու: Ուղերձը նաեւ Երեւանին է, որ արդէն իսկ այս առումով ոչ միայն աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, այլ նաեւ պարզ կը դարձնէ, որ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակումը սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան:

Պաքուն կը գիտակցի, որ շէնքերու քանդումը չի կրնար կասեցնել Արցախի Հանրապետութեան տեղահանուած աւագանիին եւ անոնց ղեկավարած կառոյցներուն գործունէութիւնը: Շէնքերու քանդումին պիտի հետեւի ուրեմն այդ կառոյցներու գործունէութեան արգելակումի պահանջը: Ամենայն հաւանականութեամբ նախապայմանային քաղաքականութեան նոր կէտը:

Ասիկա կանխարգիլումն է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացման: Անվտանգութեան նոր երաշխաւորակազմով պայմանաւորուած հաւաքական վերադարձի պարագային, գործընթացը հիմնականին մէջ պիտի ղեկավարեն իրենց գործունէութիւնը շարունակող Արցախի գերատեսչութիւնները:

Եւ եթէ միջազգային ընտանիքը պիտի առաջադրէ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի յարգումը, տեղահանուած ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ պիտի վարէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ: Բռնատեղահանուածները ունին ընտրուած ներկայացուցիչներ. առաջին հերթին Ազգային ժողովի կազմը:

Այս հաշուարկները Պաքուի համար անհանգստացնող են: Ալիեւի վարչակարգը կը գիտակցի, որ միջազգային տարբեր շրջանակներու դէմ առաջ կը մղուի Ազրպէյճանի դէմ լայնածաւալ  արշաւ: Ալիեւի հաստատումով` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ետք եւրոպական  շարք մը  կառոյցներ լայնածաւալ արշաւ սկսած են Պաքուի դէմ… Այս քարոզարշաւը կը տարուի նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, ինչ որ անընդունելի է»:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ այն, որ Ազրպէյճանի դէմ այդ արշաւը յայտարարողական եւ բանաձեւային հարթութեան վրայ կը սահմանափակուի: Մինչ, բոլոր ուղղութիւններով բնաջնջումի քաղաքականութիւնը կ՛իրականանայ նոյն այդ կառոյցներու սոսկ դատապարտման արձագանգներուն դիմաց: