Պեռլինի Մէջ «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Կը Չեղարկուի՝ ազրպէյճանի Դեսպանատան Ճնշումին Պատճառով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փրոֆ. դոկտ. Անտրէաս Միւլլեր
1-ին հազարամեակի եկեղեցւոյ եւ կրօնքի պատմութեան փրոֆեսըր
քրիստոնէական Ալբրեխթի համալսարան, Քիլ

Գերմանիոյ մէջ ազրպէյճանի դեսպանատան զանգուածային ճնշումին պատճառով եւ փողոցային բողոքներ մեկնարկելու յայտարարութենէ եւ
արտօնութիւն ստանալէ ետք, 6 Մարտ 2024-ին նախատեսուած «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը չեղարկուած է, որ
տեղի պիտի ունենար Պեռլինի՝ Արտաքին յարաբերութիւններու գերմանական խորհուրդի վայրին մէջ։ Այս առթիւ անհրաժեշտ կը դառնայ շնորհահանդէսին առցանց մասնակցութեան իրականացումը։

Անտանելի է տեսնել, որ բռնատիրական վարչակարգ մը քիչ թէ շատ կը յաջողի Գերմանիոյ մէջ արգիլել հանրութեան կողմէ ազատ կարծիք դրսեւորելու եւ գիտական ​քննարկում ունենալու հնարաւորութիւնը: