Մայրենիի Յիշատակումներ Ամենուրէք․ Բագրատ Էսդուգեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱԿՕՍ»

Ոեւէ կեն­­դա­­­նի լե­­զուի դէմ պայ­­քա­­­րը միան­­շա­­­նակ պայ­­քար է նաեւ ուղղուած մշա­­կոյ­­թի։ Այլ խօս­­քով մարդկա­­յին ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու հան­­դէպ դի­­մադ­­րութիւն մը, որ կը ծա­­գի ատե­­լու­­թե­­­նէ եւ կը նպա­­տակադ­­րէ ոչնչաց­­նել։ Իր այս բնոյ­­թով ալ բար­­բա­­­րոսու­­թեան ապա­­ցոյցնե­­րէն մէկն է այս կամ այն լե­­զուի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան ար­­գի­­­լու­­մը։

ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ ճիշդ ալ այս հաս­­տա­­­տու­­մը ընդգծե­­լով է որ 21 Փետ­­րո­­­ւար թո­­ւակա­­նը ճշդած է իբ­­րեւ «Մայ­­րե­­­նի լե­­զուի հա­­մաշ­­խարհա­­յին օր»։ Բա­­ցի այս հաս­­տա­­­տու­­մէն, միացեալ ազ­­գե­­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (ՄԱԿ)-ի մշա­­կու­­թա­­­յին բա­­ժինը հրա­­պարա­­կեց նաեւ յա­­րատե­­ւու­­թիւնը վտան­­գո­­­ւած լե­­զու­­նե­­­րու ցանկ մը։ Այդ ցան­­կի մէջ նշո­­ւած էին Թուրքիոյ մէջ խօ­­սուած եւ կորստեան վտան­­գի են­­թա­­­կայ լե­­զու­­նե­­­րը, որոնց շար­­քին է նաեւ արեւմտա­­հայե­­րէնը։

Թե­­րեւս ալ այս հան­­գա­­­ման­­քի բե­­րու­­մով, 21 Փետ­­րո­­­ւար թո­­ւակա­­նը յա­­տուկ ու­­շադրու­­թեան կ’ար­­ժա­­­նանայ երկրի հայ հա­­մայնքի մօտ։ Ար­­դա­­­րեւ այս տա­­րի ալ մեր կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րէ ներս մայ­­րե­­­նիի օրը յի­­շատա­­կուե­­ցաւ զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով։ Պար­­տինք նշե­­լու թէ հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մայ­­րե­­­նիի օրո­­ւայ հետ առնչո­­ւած մի այլ յա­­տուկ օր է 19 Փետ­­րո­­­ւարը, որ ամե­­նայն հա­­յոց բա­­նաս­­տեղծ մեծն Թու­­մա­­­նեանի ծննդեան օրէ բա­­ցի, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ հա­­յաշ­­խարհի մէջ ըն­­դունո­­ւած է նաեւ «Գիրք նո­­ւիրե­­լու օր»։

Գա­­րակէօզեան վար­­ժա­­­րանի ծնո­­ղաց միու­­թիւնը 22 Փետ­­րո­­­ւարին այս զոյգ յի­­շատա­­կումնե­­րը նշեց բա­­նախօ­­սու­­թիւնով մը։ Օրո­­ւայ ատե­­նախօսն էր վար­­ժա­­­րանի ծնող­­նե­­­րէն Մա­­հիր Էօզ­­քան, որ աւե­­լի քան հա­­րիւր ունկնդիր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող լսա­­րանին պատ­­մեց համ­­շէ­­­նահա­­յոց ծա­­գումնա­­բանու­­թեան, աշ­­խարհագ­­րութեան, բնակ­­չութեան եւ լե­­զուա­­կան առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րու վե­­րաբե­­րող զա­­նազան գի­­տելիք­­ներ։ Լսա­­րանի լա­­րուած ու­­շադրու­­թիւնը ապա­­ցոյցն էր փո­­խան­­ցո­­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու մա­­սին սուր հե­­տաքրքրու­­թեան։ Ար­­դա­­­րեւ շուրջ մէկ ժամ տե­­ւող բա­­նախօ­­սու­­թեան յա­­ջոր­­դեց նախ հար­­ցում- պա­­տաս­­խա­­­նի ըն­­թացք մը, որու աւար­­տին ունկնդիր­­ներ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան տա­­ղաւա­­րէն գնե­­ցին հե­­ղինա­­կի գիր­­քե­­­րը, օգ­­տո­­­ւելով նաեւ հե­­ղինա­­կի կող­­մէ մա­­կագ­­րե­­­լու առի­­թէն։

Նա­­խոր­­դող օր, 21 Փետ­­րո­­­ւարին Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թեան Իս­­թանպու­­լի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի կազ­­մա­­­կեր­­պած մի­­ջոցառ­­ման մաս­­նակցե­­ցաւ Բագ­­րատ Էս­­դուգեան։

Նոյն օր Կրթու­­թեան արհմիու­­թեան (էղի­­թիմ Սէն) Վա­­նի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի, նոյն քա­­ղաքի փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու կա­­ճառի, Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան, լե­­զուի, մշա­­կոյ­­թի, գե­­ղարո­­ւես­­տի հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու միու­­թեան հա­­մատեղ կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ կա­­յացող մի­­ջոցառ­­ման մաս­­նակցե­­ցաւ թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակից Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու։ Ան իր ելոյ­­թով անդրա­­դար­­ձաւ Վա­­նի մէջ հայ մա­­մու­­լի պատ­­մութեան, որ ներ­­կա­­­ներու հա­­մար նոր յայտնա­­բերում մը կը դառ­­նար։ Այստեղ եւս կը տի­­րէր լա­­րուած ու­­շադրու­­թիւն, ատե­­նախօ­­սի ելոյ­­թին հան­­դէպ, որ ալ աւե­­լի կը ճո­­խանար ցու­­ցադրո­­ւած տե­­սանիւ­­թե­­­րով։

Յատ­­կա­­­պէս ու­­շագրաւ էր Վա­­նի եւ շրջա­­կայ­­քի մէջ հա­­յատառ քրտե­­րէնի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան եւ այդ եղա­­նակով կա­­տարուած հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու մա­­սին փո­­խան­­ցո­­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը։ Կա­­րելի է ըսել թէ Միլ­­տա­­­նօղ­­լու քրտաբ­­նակ քա­­ղաքի տե­­ղացի ժո­­ղովուրդին կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր այնպի­­սի գի­­տելիք­­ներ, որոնք էական նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­նալով հան­­դերձ չէին ար­­ժա­­­նացած պատ­­շաճ ծա­­նօթու­­թեան։

Նոյն օր Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի սա­­ները իրենց վար­­ժա­­­րանի եր­­թի­­­քին տակ հիւ­­րընկա­­լեցին ակա­­դեմա­­կան Մեհ­­մետ Ֆա­­թիհ Ուսլուն, որ ծա­­նօթ է յատ­­կա­­­պէս Զա­­պել Եսա­­յեանի գոր­­ծե­­­րէն կա­­տարած թարգմա­­նու­­թիւննե­­րով։ Ան հա­­յերէն լե­­զուի կը տի­­րապե­­տէ շնոր­­հիւ Գե­­րապայ­­ծառ Լե­­ւոն Զէ­­քիեանի Վե­­նետի­­կեան դա­­սըն­­թացնե­­րուն հե­­տեւե­­լով։ Ուսլո­­ւի հա­­յերէ­­նի իմա­­ցու­­թեան ար­­գա­­­սիքը եղաւ Զա­­պել Եսա­­յեանի գրա­­կանու­­թեան թրքե­­րէնի թարգմա­­նու­­թիւնը։ Ար­­դա­­­րեւ ատե­­նախօ­­սը Դպրե­­վան­­քի իր ելոյ­­թով անդրա­­դար­­ձաւ անո­­ւանի գրո­­ղի Սկիւ­­տար թա­­ղի հետ առնչո­­ւած պա­­տումնե­­րուն, յի­­շելով նաեւ անոր թա­­ղի Սուրբ Խաչ նա­­խակրթա­­րանի աշա­­կեր­­տութեան մա­­սին հա­­կիրճ տե­­ղեկու­­թիւններ։

21 Փետ­­րո­­­ւար մայ­­րե­­­նիի օրո­­ւայ առ­­թիւ Եշիլ­­գիւղի վար­­ժա­­­րանէ ներս մե­­ծարուեցաւ հա­­յերէ­­նի վաս­­տա­­­կաւոր ու­­սուցչու­­հի Լեռ­­նա Գա­­րաքիւ­­թիւք։ Գա­­րաքիւ­­թիւք նաեւ հե­­ղինակն է ման­­կա­­­կան եւ պա­­տանե­­կան զա­­նազան գիր­­քե­­­րու եւ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հա­­ւաքա­­ծոնե­­րու։ Քա­­նի որ մի­­ջոցա­­ռու­­մը ու­­նէր մե­­ծարան­­քի բնոյթ, աշա­­կերտներ ար­­տա­­­սանե­­ցին բա­­նաս­­տեղծու­­հիի ոտա­­նաւոր­­նե­­­րէն նմոյշներ եւ ներ­­կա­­­յացու­­ցին անոր գիր­­քե­­­րէն քա­­ղուած պատ­­մութիւններ։

Պա­­քըր­­գիւղի Տա­­տեան եւ Գա­­տըգիւ­­ղի Արա­­մեան- Ունճեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը եւս յի­­շատա­­կեցին մայ­­րե­­­նիի օրը, հա­­յերէն լե­­զուի ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն պատ­­րաստած եւ աշա­­կեր­­տութեան կող­­մէ մա­­տու­­ցո­­­ւած զա­­նազան ծրա­­գիր­ներով։

pakrates@yahoo.com

Լուսանկարը՝ Պերճ Արապեան