Մեզի Համար Առաւել Ցաւալի է Մեր Անզօր Վիճակը, Որ Չենք Կրնար Արձագանգել Կամ Կանխել Վանդալութեան Դէպքերը․ Արցախի Թեմ

Աշխարհ, Հայաստան

«Հերթական անգամ ցաւով ականատես եղանք ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի մեր սրբավայրերէն մէկուն պղծման ողորմելի դէպքին, երբ դիմակաւոր անձը հեգնական կեցուածքով նստած էր Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ խորանին տեղադրուած գահին վրայ»,- նշուած է Արցախի թեմի պաշտօնական կայք-ին մէջ։

«Անկեղծ ըսած մեզի համար նորութիւն չէ եւ սպասելի էր նման վերաբերմունք, որովհետեւ անոնք երբեք ալ չեն թաքցուցած իրենց ատելութիւնը մեր սրբավայրերուն, հոգեւոր-մշակութային կոթողներուն հանդէպ եւ յարմար առիթի պարագային յագեցում տուած են իրենց մէջ խնամքով պահուող քոչուոր-թալանչիի էութեան:

Մեզի համար առաւել ցաւալի է այդ ամէնուն հանդէպ մեր անզօր վիճակը, երբ բացի խօսքային մակարդակի վրայ մեր զայրոյթը պարպելէ, որեւէ այլ տարբերակով չենք կրնար արձագանգել կամ կանխել նման վանդալութեան դէպքերը: Այս ամէնը վիրաւորական է մեր Եկեղեցւոյ համար, ամէն մէկ հայու համար, եւ ի պաշտօնէ հայու արժանապատուութեան երաշխաւորի՝ մեր պետութեան համար:

Յոյսով ենք, որ պատկան մարմիններուն կողմէ պիտի ըլլան համապատասխան հետեւութիւններ եւ անհրաժեշտ քայլեր՝ Արցախի հին ու նոր սրբավայրերու, մշակութային ժառանգութեան պատշաճ պահպանութեան համար: Եթէ մենք չենք հասկնար մեր իրական արժէքը, ոչ մէկը կը հասկնայ ու կը յարգէ մեզ:

ազրպէյճանը կը շարունակէ իր աւերիչ քաղաքականութիւնը` վանդալութեան ենթարկելով գրաւուած Արցախի վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը, շէնք ու շինութիւնները»,- կը նշեն Արցախի թեմէն։

  • Տապալած են Ստեփանակերտի  մերձակայքը` Դաշուշէն գիւղի մօտակայքը գտնուող բլուրներէն մէկուն վրայ կանգնեցուած 50 մեթր լուսատու խաչը
  • Քարվաճառի շրջանի Ծար գիւղի Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու տարածքին վրայ կ՝իրականացնեն պարսպապատման եւ վերանորոգման աշխատանքներ. հանուած են Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խաչը, արձանագիր քարերէն մէկը, եկեղեցւոյ տարածքէն կը բացակային նաեւ խաչքարերու բեկորները
  • Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կ՝օգտագործեն իբրեւ պահեստ` տարբեր իրեր, յատկապէս փլասթիկ շիշեր պահելու համար
  • Աւերած են Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս բնակավայրի Թթու ջուր կոչուող տարածքին վրայ գտնուող խաչքար-յուշաղբիւրը, որ կանգնեցուած է Օմարի լեռնանցքին վրայ զոհուած Տիգրան Աբրահամեանի եւ ընկերներու յիշատակին