Նշմար.- Աշխարհը Կառավարող «Իմաստուններ»… Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ աղէտալի զարգացումներուն հետեւողը, եթէ պահ մը «շունչ մը քաշէ» եւ բանականութիւնը գործածելով՝ կշռադատէ եղած-չեղածը, դժուարութիւն չ’ունենար եզրակացնելու, որ աշխարհը ներկայիս (խորքին մէջ երկար ատենէ ի վեր) կը ղեկավարուի «իմաստուններով», որոնք տխմարութիւններ դուրս տալու, տագնապները դարմանելու փոխարէն՝ կրակին վրայ քարիւղ թափելու «քաղաքականութեան» կը հետեւին: Ու եթէ ներկայ փուլի ամէնէն տաք գօտիները կը հանդիսանան Ուքրայինան ու Կազան, դժուար չէ տեսնել, որ երեւութապէս մեղմացած գօտիներ կը մնան նոյնքան վտանգաւոր կրակի վրայ:

Վերցնենք քանի մը օրինակ, որոնցմէ կարելի է հետեւութիւններ հանել այլ շրջաններու, անոնց նկատմամբ նո՛յն «իմաստուններուն» դիրքորոշումներուն մասին:

  • ՈՒՔՐԱՅԻՆԱ. Ֆրանսայի նախագահը քանի մը օր առաջ հրապարակ եկաւ չնաշխարհիկ մտածումով մը. ըսաւ, թէ պէտք է արեւմտեան երկիրներէ՝ այսինքն՝ ՆԱԹՕ-էն զինուորներ ղրկել մարտադաշտ, Զելենսքիի իշխանութիւնը պաշտպանելու եւ ռուսերը հեռացնելու համար (անմիջապէս արձանագրենք, որ ռուսերը ասկէ-անկէ վանելու դիտաւորութիւնը փորձառական դաշտ ընտրած է նաեւ Հայաստանը): ՆԱԹՕ-ի միւս անդամները անմիջապէս հակազդեցին, թէ՝ Մաքրոն իր կօշիկէն վեր ելած է, պէտք չէ ելլէ (այլ հարց, թէ իրենք – կամ զիրենք կառավարողները – իսկապէս ի՞նչ կը մտածեն նման առաջադրանքի իրականացման մասին): Ռուսիոյ հակազդեցութիւնը եղաւ աւելի՛ սպառնական, ու Փութին անգամ մը եւս խօսեցաւ կորիզային զէնքերը դէպի Արեւմուտք լարելու մասին: (Կ’ընէ՞, չ’ը՞ներ, բոլորովին այլ հարց եւ… արհաւրիքի նախանշան): Եւ շուտով տարածուեցան մեկնաբանութիւններ, թէ՝ Մաքրոնի այս մտածումը քիչ մը «անհատական» նկարագիր ունի, որովհետեւ ռուսերը ճիգ ըրին եւ ֆրանսացիները դուրս շպրտեցին արեւմտեան Ափրիկէի կարգ մը «գաղութներէ»: Կամ այն՝ որ ֆրանսացիներուն ախորժակն ալ բացուած է, կ’ուզեն մասնակից դառնալ Ուքրայինայի շուրջ ուռճացող զէնքի շուկային, անկախ անկէ, թէ նման մրցավազք, որ արդէն կտրած է երկրորդ տարուան սահմանը, ինչպիսի՜ ահաւոր հետեւանքներ կ’ունենայ Ուքրանիոյ վրայ, այսինքն՝ քանդում, զոհեր, վիրաւորները, գաղթականներ, տնտեսութեան կործանում…
  • ԿԱԶԱ. Կազացիք այս օրերուն եօթներորդ ամսուան մոմը պիտի տնկեն արիւնաշաղախ կարկանդակին վրայ. վեց ամսուան մէջ, արձանագրուած են աւելի քան 30 հազար զոհ, վիրաւորներու եւ քանդումի հաշիւը եւս շա՛տ ծանր է: Աշխարհի՝ ինքզինք քաղաքակիրթ ու մարդու կեանքի արժէքը բարձր բռնող աշխարհի աչքերուն առջեւ, «Համասը պիտի ոչնչացնենք»ի դրօշը պարզած իսրայէլեան իշխանութիւններուն ոճիրները կը շարունակուին ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ: Զինադուլի կոչերը, որոնք կը հասնին Իսրայէլի ամէնէն սերտ գործակիցներէ՛ն անգամ, գործնական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ’ունենան: Ինչո՞ւ. որովհետեւ «զինադուլը անյետաձգելի է» ըսողներ գործնական ո՛չ մէկ զսպիչ քայլ կ’առնեն, իսկ «գլխաւոր բարեկամ»ը՝ Միացեալ Նահանգներ, մէկը միւսին ետեւէ կը խափանէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին հասնող՝ մինչեւ իսկ սոսկական զինադուլի մը հաստատման միտող բանաձեւերը, հազար ու մէկ դատարկաբանութիւն մէջտեղ նետելով: Այլ խօսքով, Պայտըն, իր փոխ նախագան ու նախարարներ, բանբերներու ամբողջ երգչախումբը, դաշնակիցներու հետ միասին, բացայայտ դարձուցած են, որ Նեթանիահու պէտք չունի անսալու իրենց կոչերուն, այլ անոր կը թելարեն շարունակել ջարդն ու քանդումը: Կարմիր ծովուն մէջ տեղի ունեցող վտանգաւոր զարգացումները եւս բարիք չեն խոստանար, որովհետեւ այդ գօտիին մէջ եւս, աշխարհի «իմաստունները», մթնոլորտ մեղմացնելու եւ դարմաններ գտնելու փոխարէն, կը բարձրացնեն սպառնալիքներու, ռազմական գործողութիւնները աւելի՛ եւս ընդարձակելու մարտակոչերուն տեսիպէլները (ի հաճութիւն, օրինակի համար, զէնքի արտադրիչներուն եւ «պատերազմի ճարտարարուեստը» դէպի շահու նոր բարձունքներ տանողներուն):
  • ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Գերագոյն ատեանը, չես գիտեր ինչո՛ւ՝ ընտրութիւններու առաջին փուլի նախօրեակին, բեկանեց դատական բոլոր այն վճիռները, որոնք կրնային արգելք ըլլալ նախագահական ընտրապայքարին Թրամփի մասնակցութեան: Իմաստո՜ւն դատաւորները փաստօրէն կ’ըսեն, թէ պէտք է մոռնալ ո՛չ միայն նախկին նախագահին ձախաւերութիւնները, այլ նաեւ այն, որ անոր խրախուսանքով, ամբոխը յարձակում գործեց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ եղող՝ խորհրդարանին վրայ, մարդիկ սպաննուեցան, վիրաւորուեցան, քանդում-վնասներ արձանագրուեցան օր ցերեկով: Այլ խօսքով, Գերագոյն ատեանին այս վճիռը կրնանք ընդունիլ իբրեւ այնպիսին, որ անհատ մը, հոգ չէ թէ նախագահի պաշտօն վարած ըլլայ, կրնայ ամէն տեսակի օրինազանցութիւն ընել եւ… վեր մնալ օրէնքէն, մինչդեռ հասարակ մահկանացուներ կրնան երկար տարիներ բանտ նետուիլ, մինչեւ իսկ մահապատիժի ենթարկուիլ շատ աւելի պարզ ոճիրներու համար (բնականաբար մոռցուած են այլ օրինազանցութիւններ, ինչպէս՝ պետական գաղտնիքներ բովանդակող թղթածրարներ՝ սեփական բնակարանի մը բաղնիքին մէջ մթերումը կամ այլ գայթակղութիւններ, որոնք, յամենայնդէպս, յառաջադէմ աշխարհին մէջ կրնան դիտուիլ իբրեւ… տղամարդու հերոսութիւն):

***

Նման իմաստութիւններու ցանկը կրնանք շարունակել երկար, յիշատակել Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Արժանթինն ու այլ երկիրներու դրածոյ ղեկավարները: Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, անցնելով Ափրիկէէն եւ այլ գօտիներէ, աշխարհը դարձած է բառացիօրէն իմաստակներով ղեկավարուող վայր մը: Բնականաբար վարագոյրներուն ետին կը պահուըտին իսկական խաղացողները, որոնց համար նիւթական շահերը Ալֆա եւ Օմեղա են, իսկ մարդոց կեանքն ու երկիրներու բարօրութիւնը՝ մսխուելու արժանի մանրադրամ:

Կրկնենք. աշխարհի ղեկը մնացած է այնպիսիներու ձեռքը, որոնք իմաստութիւն եւ բանականութիւն կոչուած արժէքներն ու արժանիքները կը սպառեն նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի հետ (ոմանք կը գերակատարեն եւ գիշերներն ալ կ’արթննան՝ բան մը աւելի՛ ուտելու համար), մի՛շտ հաւատարիմ կամակատարները մնալով իրենց գեր-պոսերուն, որոնք կը լափեն կարկանդակն ու անոր քրէմը, փշրանքներ ձգելով… կամակատարներուն: Իսկ զանգուա՞ծը: Աստուած լուսաւորէ՜ Ֆրանսայի Մարի Անթուանէթ թագուհիին հոգին…

Քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ աշխարհի այս «արժանիքներուն» ի տես, ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը կ’ընէ նոյնը՝ որպէսզի ետ չ’իյնայ «յառաջդիմութենէն»: Եւ որո՞ւ հոգը, եթէ մեր պարագային՝ երկիր, պետականութիւն, նոյնինքն հայրենիքը դրուած են խաղասեղանին վրայ, որուն դիմաց, իշխանութիւնը կը սիրէ մնալ… կամակատար հանդիսական, որպէսզի յիշեալ փշրանքներէն չզրկուի: