Ո՞ւր Կ՛երթանք – (Գ)․ Վարուժան Արքեպիսկոպոս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Բնութեան տարրական օրէնքները մեզի կը սորվեցնեն, թէ երեխան, որ կը ծնի, սնունդ կ՛ուզէ, խնամք կ՛ուզէ, ուղղութիւն կ՛ուզէ: Ոեւէ մայր, որ երեխայ կը ծնի, զայն խանձարուրի մէջ փաթթած` գզրոցի մէջ չի պահեր, մինչեւ այդ երեխան հասուննայ եւ ինքնաբաւ դառնայ: Նոյնն է պտղատու ծառերու պարագային: Պարտիզպանը ծառին տունկը հողին մէջ կը դնէ ու մէկդի չի ձգեր: Ընդհակառակը, զայն տարին ինը ամիս կը խնամէ եւ այդպէս` մինչեւ վերջ: Ծառին պտղաբերելէն ետք ալ նոյն խնամքը կը տանի, որ ծառը միշտ առողջ ու պտղաբեր ըլլայ: Այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ անցնող տարիներուն, ինչպէս նախապէս ակնարկեցի, ճիգեր եղան, նախաձեռնութիւններ կատարուեցան, բայց իրենց սաղմին մէջ մնացին: Գրեթէ բոլոր համագումարներուն, համաժողովներուն հաղորդագրութիւնները չհետապնդուեցան եւ քայլեր չառնուեցան դէպի յառաջընթաց: Հետապնդումներ չեղան, որովհետեւ գործը չէր բաշխուած բանիմացներու միջեւ, այլ կը մնար նախաձեռնողին եսակեդրոն ձեռքերուն մէջ:

Յանձնախումբեր գոյացան, բայց իրագործումներ չյայտնաբերուեցան:

Համագումարներէն ետք բնորոշուած ախտերը բուժելու քայլեր պէտք էր առնուէին, եւ գործը յառաջ տարուէր մինչեւ բուժում: Այդպէս չեղաւ, գործը սառեցաւ հաղորդագրութիւններու մէջ, կամ ամէնէն շատը` գիրքերու մէջ ամփոփուեցաւ: Բանիմաց անձեր գործի չլծուեցան, որպէսզի սկսուած նախաձեռնութիւնը իր աւարտին հասնի, կամ պտղաւորուի: Ասկէ մեկնելով` կ՛ըսեմ. հովիւը իր համախմբուած հօտին մէջէն պիտի ընտրէ գիտակիցը, գործունեան եւ զայն առաջադրուած գործին համաձայն պէտք է հետապնդէ եւ վարձատրէ: Հօտին մէջ եղած բարիքները օգտագործէ նոյնինքն հօտը բարելաւելու համար: Պէտք չէ բաւարարուիլ պարարտ եզներով, այլ` աշխատիլ, որ բոլոր եզները ըլլան պարարտ, պիտանի եւ օգտակար: Այսինքն ղեկավարը կամ առաջնորդը իշխող եւ երեւելի խմբակի մը շուրջ պէտք չէ դառնայ, այլ, ի պաշտօնէ, իր գերագոյն նպատակը պիտի ըլլայ ջանալ ամբողջ հօտը գտնել եւ իւրաքանչիւրը անդամը արժեւորել: Աւետարանի օրինակը խօսուն է այս ուղղութեամբ: Փնտռել կորսուած ոչխարը, գտնել, խնամել եւ օգտագործել:

Հոս կը սկսի ամէնէն դժուար գործը, քանի ուշացած ենք: Թեմերուն մէջ` ցանկագրել եւ ցուցակարգել ծխականները: Հարց մը, որուն շուրջ խօսած ու գրած ենք քառասնամեակներ շարունակ: Յատկապէս ընդարձակ եւ հետզհետէ ծաւալող թեմերուն մէջ հարցը կնճռոտ է, բայց` հրամայական: Յիշեցի կորսուած ոչխարին օրինակը: Այս գործը կ՛ենթադրէ այժմէական եւ մասնագիտական աշխատանք: Ընկերային նոր հնարաւորութիւնները կարելիութին ստեղծած են, որ վարպետ եւ հմուտ երիտասարդներ գործի մղուին: Գործը կրնայ երկար տեւել, սակայն ուշադիր կերպով պէտք է հետապնդել նիւթական յատուկ ներդրումներով: Այս աշխատանքը անյետաձգելի է` տրուած ըլլալով, որ արդէն շատ ուշ ենք: Մարդուժը, որ կը շեշտուի վեհափառ հայրապետի հռչակագրին մէջ, այսպէս է, գոնէ մասամբ կը յստականայ:

Մենք գոհացած ենք ինքնաբերաբար մեր շուրջ համախմբուած ծխականներով, որոնց թիւը, սակայն, համեմատած` թեմին մէջ գոյացած ժողովուրդի թիւին, հարիւրէն հինգը կը կազմէ կամ ոչ: Ընդունելի է, որ ապրուստի մտահոգութեամբ ծխականներ ծայրամասեր հաստատուած են եւ զանոնք ֆիզիքապէս համախմբելը դժուար պիտի ըլլայ, բայց յարաբերաբար մօտիկ սահմաններու մէջ ապրողներուն` մեծամասնութիւնը կարելի է մօտեցնել եւ կապել ազգային կառոյցներուն: Հեռաւորներուն հետ կապն ալ ստեղծել արդի հնարաւորութիւններով: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է փնտռել եւ իմանալ պատճառները, որոնք մղած են այդ ազգայինները իրենք զիրենք մեկուսացնելու: Մեր կառոյցներու` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, կեցուածքէն ու վարմունքէ՞ն դժգոհ են, նիւթական դժուարութիւննե՞ր ունին, որեւէ ձեւով վիրաւորուա՞ծ են, անտեսուած կամ արժեզրկուա՞ծ են, թէ՞ պարզ անտարբերութիւնն է, որ զիրենք պաղեցուցած է ազգային կառոյցներէն: Պէտք է գտնել եւ մտիկ ընել զանոնք եւ հարկ եղած պարագային` մեր կողմէ բացթողումները սրբագրել, նոր կեցուածք որդեգրել, լուսաբանել եւ լուսաբանուիլ, նոյնիսկ պատասխանատուները, հոգեւորական թէ աշխարհական մեկուսացնել:

Ցանկագրութիւնը մանրամասն կատարելէ ետք յայտնի կ՛ըլլայ, թէ ի՛նչ մակարդակի եւ ի՛նչ գետիններու վրայ մարդուժ ունինք: Կը մնայ համախմբել այդ ուժերը, հարկ եղած պարագային բաժանումներ կատարել եւ ըստ այնմ գործի մղել զանոնք: Արժեւորել ու համատեղել` մտաւորականը, գիւտարարը, արուեստագէտը, գրողը:  Նոր հասնող մտաւորականներուն զօրավիգ կանգնիլ բարոյական թէ նիւթական առումով: Արժեւորել նախաձեռնող գործարարը, վաճառականը, արհեստաւորը, շինարարը, մէկ խօսքով` ազգին բոլոր միաւորները:

Դիւրին չէ անշուշտ նման նուրբ եւ ծաւալուն աշխատանքը, երբ պետական կամ պետականանման կռնակ մը չունինք: Հոս կը ծագի նոր հարց մը: Աւանդական սփիւռքի համար (նուրբ հարց է այսօր Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներու ներկայութիւնը սփիւռքի մէջ) պետականանման մարմին մը ստեղծելը, քանի հայրենիքի պետականութիւնը, ըստ երեւելի տուալներու, Հայաստանի ներկայ սահմանները պիտի ունենայ իրեն գործադաշտ, իսկ ցեղասպանուած ու Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն արտաքսուած բեկորները դուրս են այդ սահմաններէն: Հոն կ՛առաջնոդէ զիս հայոց պատմութիւնը ներկայ Հայաստանի քարտէսին մէջ ամփոփելու, Հայաստանի պատմութիւն որդեգրելու ներկայ իշխանաւորներու ճիգը, անշուշտ` դուրսէն թելադրուած:

Սփիւռքի առջեւ ցցուած այս տագնապալի վիճակէն դուրս գալու համար եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ սրահներու մէջ քանի մը տասնեակ կամ քանի մը հարիւր ներկաներուն տրուած քարոզները, ճառերը, կամ պատգամները, որքան ալ ազդեցիկ ըլլան, բաւարար չեն եւ սպասուած արդիւնքը չեն տար: Ո՛չ ալ քանի մը հարիւր տպաքանակով տրուած խմբագրականներով ու կոչերով կրնանք տեղ հասնիլ: Անոնք լայնատարած օդին մէջ քանի մը կաթիլ անուշահոտ սրսկելու կը նմանին: Արագ կը բուրեն ու արագ կ՛անհետանան: Մինչդեռ մենք արագ գործի, հաստատ ու մնայուն գործի կարիքը ունինք: Պատմական սփիւռքը, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, միայնակ մնացած էր եւ նոյնիսկ` հետապնդումի առարկայ: Միայնակ է այսօր եւս` անկախութենէն ետք եւ նոյնքան հալածական: Այդ ուղղութեամբ վերապրող Հայաստանը ատենին չկրցաւ բարերար դեր կատարել եւ այսօր ալ այս ղեկավարներով պիտի չկարենայ յուսադրիչ երեւոյթներ ստեղծել, քանի սփիւռքը, այսինքն` միւս կողմի հայերը, լիիրաւօրէն ծանօթ չէին եւ ծանօթ չեն այս կողմի հայերուն: Իսկ այսօրուան վախազդեցիկ մօտեցումները կը յուշեն, որ սփիւռքը դուրս պիտի մնայ Հայաստանի առօրեայէն, անշուշտ` դուրսի, նոր բարեկամներու դրդումով: Բայց, իմ կարծիքով, մենք պէտք է կեդրոնանանք սփիւռքի վրայ:

Անշուշտ բնական է, որ սփիւռքի մէջ յաջողութիւններ խանդավառութիւն ստեղծեն, երբ մանաւանդ մենք մեզի ենք, դժուարութիւններու մէջ: Բայց խանդավառութեանց մէջ խեղդուելու վտանգները մեծ են, եւ յաճախ այդ վտանգներուն կ՛ենթարկենք մենք զմեզ սփիւռքի մէջ: Ձեռք ձգած յաջողութիւն մը կը յղփացնէ մեզ եւ ջլատումի կ՛ենթարկէ: Յաջողութիւններու առթած խանդավառութիւնը պէտք է խթան հանդիսանայ աւելի մեծ յաջողութիւններու եւ ոչ թէ տանի անհոգութեան, եսակեդրոն ու եսամոլ դրսեւորումներու: Աւելի պէտք է սերտացնէ մեր ներքին կապը: Մղէ մեզ զիրար առաւել արժեւորելու, իրարու կողքին մնալու, ուրիշին չնախանձելու եւ աւելիին ձգտելու հաւաքականօրէն: Մղէ մեզ, մեր ուժն ու ձեռքբերումները օգտագործել մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար եւ ո՛չ միայն օտարներու կամ եսերու:

Տեղին է կրկնել, եօթնիցս կրկնել, որ պատմական սփիւռքը` Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկեայէն արտահանուած եւ սփիւռքացած հայութիւնը, որ ատենին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ թառեցաւ օտար երդիքներու տակ, պէտք է համախմբուի`, իր արմատներէն միանգամընդմիշտ կտրելով եկեղեցական, յարանուանական, կուսակցական, հայրենակցական, միութենական կամ անձնական բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները եւ ամբողջական ուժերով եւ բոլոր տեսակի կառոյցներով համերաշխ ու ներդաշնակ աշխատանքով ստեղծէ պետականանման մարմին մը` իր ստորաբաժանումներով ինքզինքին վստահած, ինքզինք խնամարկելու, պահելու, ամրապնդելու եւ հայրենքին զօրակցելու նախանձախնդրութեամբ:

Թէ՛ արիւնով եւ թէ՛ նոյն աւազանին մէջ մկրտութեամբ քոյր-եղբայր ենք:

Առանց ցուցադրութեան կամ ցուցամոլութեան, որ վարակիչ է այս օրերուն, առանց որեւէ նկատումի կամ անձնական շահի, որ հեռուէն կ՛երեւի այսօր, մէկ ընտանիքի պէս իրարու շուրջ համախմբուինք, իրարմով զօրանանք երկար կեանք շնորհելու համար պարտադրուած սփիւռքին եւ հայրենիքին:

Այս քանի մը էջերը, որ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ, զուտ անձնական բնոյթ կը կրեն եւ հայրական ու եղբայրական մաղթանք եւ թելադրանք են:

2024 Փետրուար  

(Վերջ)