Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած են պաքուի Բանտերուն Մէջ Պահուող Հայերուն

Աշխարհ, Հայաստան

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Յունուարի վերջաւորութենէն մինչեւ Փետրուարի սկիզբը այցելած են պաքուի բանտերուն մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներուն։

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունիի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գերիներու պայմաններուն, առողջական վիճակի գնահատման հետ մէկտեղ կարելիութիւն տրուած է բոլորին կապ հաստատելու իրենց ընտանքիներուն հետ:

պաքուի բանտերուն մէջ պահուած են 23 հայեր, որոնց 8-ը Արցախի նախկին ղեկավարներն են, 6-ը՝ քաղաքացիական անձեր , 9-ը՝ ռազմագերիներ։