Ձմրան Ընթացքին Չհիւանդանալու Համար Արժէ Հրաժարիլ Հետեւեալ 9 Սովորութիւններէն

Այլեւայլ

Ձմրան կնթացքին, որպէսզի լաւ ինքնազգացողութիւնը չլքէ ձեզ, բաւական է ընդամէնը հրաժարիլ կարգ մը սովորութիւններէ, որոնք ձեզ մրսածութեան կը դատապարտեն:

1.Տունէն ելլելէն առաջ՝ քիթի կաթիլներ օգտագործելէն։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ ցուրտ եղանակին անօթները կը նեղնան: Եթէ մենք «օգնենք» անոնց կաթիլներու շնորհիւ՝ լորձաթաղանթը չի հասցներ պաշտպանել մեզ մանրէներէն եւ տաքցնել օդը, որ մենք ներս կը քաշենք: Աւելի լաւ է ուղղակի մաքրել քիթը դուրս գալէն առաջ:
2.Դուրս եղած ընթացքին բերանով շնչելէն։ Երբ դուք բերանով կը շնչէք, օդը չի հասցներ խոնաւնալ եւ տաքնալ, որուն պատճառով կակորդը հիւանդացնելու հաւանականութիւնը կը մեծնայ: Անկէ խուսափելու համար աւելի լաւ է շնչել քիթով՝ դանդաղ եւ ոչ խորունկ:
3.Քիթը եւ բերանը շալով փաթթելէն։ Ցուրտին կտորի մէջ արտաշնչող գոլորշին սառոյց կը դառնայ: Ուստի, օդը, որ կ՝անցնի անոր մէջէն աւելի կը սառի: Ատիկա կրնայ յանգեցնել կոկորդի ցաւի, շնչուղիի բորբոքման կամ կրնայ գրգռել մաշկը:
4.Դողալու պարագային անմիջապէս տուն վազելէն։ Մսելու առաջին նշաններուն ժամանակ աւելի լաւ է մէկ անգամէն մտնել որեւէ տեղ՝ կարճ ժամանակով եւ հանգստանալ, օրինակ, խանութ կամ սրճարան, իսկ յետոյ շարունակել ճանապարհը ու դուք չէք սառիր:
5.Նեղ կօշիկ եւ հագուստ կրելէն։ Ինչպէս նեղ հագուստը, այնպէս ալ նեղ կօշիկը կ՝երաշխաւորեն շուտ սառեցում: Եթէ ընտրէք աւելի ազատ հագուստ, անոր եւ մարմնի միջեւ օդը կը պահէ տաքութիւնը:

  1. Տունէն դուրս գալէն կէս ժամ առաջ տաք խմիչք ընդունելէն։ Տաք թէյը կը զօրացնէ արեան շրջանառութիւնը եւ կը բարձրացնէ մարմնի պաշտպանիչ ուժերը: Սակայն, միաժամանկ կը լայնցնէ անօթները, որ կը նշանակէ, թէ ցուրտին դուրս գալով` մենք անմիջապէս կը կորսնցնենք սեփական
    տաքութիւնը: Եթէ շատ կը փափաքիք խմել, աւելի լաւ է սահմանափակուիլ ջուրով կամ սիրելի խմիչքով մը, որ գաղջ ըլլայ։
  2. Անօթի մնալէն։ Տաքութիւն արտադրելու համար մարմնին հարկաւոր է ուժ, այլապէս մենք աւելի շուտ կը սառինք: Այդ պատճառով, երբ անօթի կը զգաք, պէտք է անմիջապէս ուտէք կամ տաք բան մը խմէք:
    8.Դուրս գալէն անմիջապէս առաջ քրէմ քսելէն։ Քրէմներ քսելէ ետք՝ առաջին 30-40 վայրկեաններուն անոր ջուրը կը գոլորշիանայ: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ ցուրտին, ուստի պիտի յանգեցնէ ցրտահարման եւ մաշկի վնասման: Այդ պատճառով աւելի լաւ է քրէմը քսել դուրս գալէն առնուազն կէս ժամ առաջ:
  3. Փողոցը ալքոհոլի օգնութեամբ տաքնալէն։ Ասիկա լաւ կրնայ ըլլայ միայն առաջին մէկ ժամը: Այնուհետեւ մարմինը կը սկսի արագօրէն սառիլ, իսկ ուղեղը չի կրնար համարժէք արձագանգել կամ նշան տալ: Այդ պատճառով աւելի լաւ է արքոհոլը խմել փակ տարածքի մէջ: