Ռոպերթ Յովհաննիսեան Եւ Սուսաննա Գաբոյեան` Հայաստանի Ախոյեաններ

Այլեւայլ, Հայաստան

2010-էն ի վեր grandmaster Ռոպերթ Յովհաննիսեան շահեցաւ Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութիւնը:

Նախապէս 2011-ին Ռոպերթ Յովհաննիսեան շահած էր ախոյեանութիւնը: Իր վերջին մրցումին, ան Արթուր Դաւթեանը յաղթելէ ետք, դարձաւ 84-րդ ախոյեանութեան տիտղոսակիրը:

Աղջկանց ախոյեանութեան տիրացաւ միջազգային վարպետ Սուսաննա Գաբոյեան, որ 3-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը: Նախապէս 2015-ին եւ 2021-ին շահած Գաբոյեան 79-րդ աղջկանց ախոյեանութեան տիրացաւ, երբ սեւ քարերով կրցաւ յաղթել Մելինէ Յարութիւնեանին: