«Միւզիքըլ Արմինիա»-ի Համերգը՝ Մարտ 3-ին

Սփիւռք

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգաշարի տարեկան 39-րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 3-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։00ին, Նիւ Եորքի«Քառնըկի» սրահի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։

Այս տարի պիտի ներկայանան երկու երիտասարդ ու խոստմնալից արուեստագէտներ՝ 20-ամեայ երգահան եւ դաշնակահար Գրիգորի Բալասանեան, որ մենանուագով եւ լարային քառեակի ընկերակցութեամբ իր սեփական գործերը պիտի մեկնաբանէ, եւ մրցանանակիր դաշնակահար, 21-ամեայ Տիգրան Մարդանեան։

Գրիգորի Բալասանեանի հեղինակային ոճը կը միախառնէ հայկականն ու ժամանակակիցը։ Անոր առաջին ձայնագրութիւնը կատարուած է 2019-ին, երբ հեղինակը 15 տարեկան էր, եւ առաջին անգամ ներկայացուած 2021-ին Երեւանի մէջ։ Գրիգորի Բալասանեան յաղթած է բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու մէջ եւ հրապարակած՝ երկու ձայնագրութիւններ։ Ներկայիս Պոսթընի երաժշտանոցի ուսանող է՝ յօրինումի ճիւղին մէջ։

Տիգրան Մարդանեան, որ նոյնպէս Պոսթընի երաժշտանոցի ուսանող է, քանի մը միջազգային մրցոյթներու յաղթած է Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Համերգին տոմսակներուն արժէքը 25 տոլար է։ Ապահովելու համար, կրնաք այցելել https://www.carnegiehall.org, հեռաձայնել CarnegieCharge 212-247-7800 թիւին կամ Ազգային Առաջնորդարանին 212-689-7810 թիւին։