Ռուանտայի Ցեղասպանութեան Թանգարանէն Վերցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Նիւթերը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ գտնուող եւ թուցիներու ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանէն «անհետացած են» Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարող բոլոր նշումները։ Լուրը, ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ին, կը հաղորդէ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթը, իսկ գրութեան հեղինակն է հայերուն յայտնի, անխոնջ, անաչառ լրագրող Կիյոմ Փերիէ, որ Թուրքիոյ վերաբերող նիւթերու մասնագէտ է եւ կը հանդիսանայ այդ երկրին մէջ երկար տարիներ ֆրանսական մամուլի զանազան անուններու թղթակիցը։ Ան, առանց վարանելու կը նշէ, թէ Ռուանտայի իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են թրքական ճնշումներու տակ։

Թրքական մամուլին մօտէն հետեւողներս կրնանք հաստատել, թէ ճի՛շդ է՝ որոշ ժամանակէ ի վեր, յատկապէս Ռուանտայի իշխանամէտ մամուլին մէջ, յաճախ գովքը կը հիւսուի Թուրքիոյ մերօրեայ դիւանագիտութեան ափրիկեան ծալքերուն, այն շեշտադրութեամբ, որ այդ ցամաքամասին վրայ պատմականօրէն իշխած արեւմտեան պետութիւնները (խօսքը յատկապէս ուղղելով Ֆրանսային, որ Անգարայի կողմէ կը համարուի թշնամական կեցուածքի տէր պետութիւն մը… ծանօթ պատճառներով) «մէկ-մէկ կը վռնտուին» այնտեղէն, իրենց տեղը զիջելով «մեծ եղբայր Թուրքիոյ»։ Այս եւ նման բաներ կարդալով՝ կը մտածէինք, թէ իշխանութեան ընտրողներուն ուղղուած քարոզչութեան սահմանը չեն անցնիր այս յայտարարութիւնները։ Մինչդեռ հիմա ականատեսը կ՛ըլլանք հակառակ փաստին։