Այսօր Սկսաւ Առաջաւորաց Պահքը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Առաջաւորաց պահքը կամ Առաջաւորքը Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաջին պահքն է, ուստի անիկա յատուկ է միայն հայ եկեղեցիին: Անիկա 11 շաբաթապահքերէն մէկն է եւ կը տեւէ հինգ օր՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ ներառեալ, կը պահուի Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ: Հայ եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, այս շաբաթապահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ: Ինչպէս կ՝աւանդէ մեզի պատմութիւնը, Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը նախքան քրիստոնէութեան դարձի եկած hայոց Տրդատ արքան, hայոց աւագանին ու ողջ ժողովուրդը մկրտելը, 65 օր շարունակ Քրիստոսի հաւատքը կը քարոզէր եւ այդ օրերէն 5-ին ընթացքին ալ կը պատուիրէր պահեցողութեամբ եւ ապաշխարութեամբ պատրաստուիլ մկրտութեան: Պէտք է նշել, որ հին ժամանակները պահք ըսելով կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն ընդհանրապէս ոչինչ կ՝ուտէին, կամ կ՝ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն, բայց յետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ այլ կերակուրներ ու մեղր, եւ տարբերակում մտաւ պահքի եւ ծոմի միջեւ. ծոմը պահքի աւելի խիստ տեսակն է: 

Այսօր Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը` ծոմ, թէ սովորական պահք, կը ձգուի հաւատացեալի կամքին: Անիկա մէկն է մեր Եկեղեցւոյ շաբաթապահքերէն, որոնք այդպէս կը կոչուին մօտ մէկշաբաթեայ տեւողութիւն ունենալուն պատճառով: Առաջաւորքին յաջորդող Շաբաթ օրը կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնը (այս տօնին պատճառով Առաջաւորաց պահքը յաճախ կը կոչեն Սուրբ Սարգիսի պահք, սակայն նախընտրելի է գործածել պահքի բուն անունը): Իսկ ինչո՞ւ հինգ օր կը պահենք պահք: Եկեղեցւոյ հայրերը ասոր կու տան քանի մը բացատրութիւն. ինչպէս արդէն նշուեցաւ, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն ու ողջ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան պահքի մէջ եղան 5 օր:

Նաեւ՝ քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի` տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք (ձեռքեր), որոնցով մարդը կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ անոնցմով կատարած իր մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չկատարել:

Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհը եւ այնտեղ եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան ընթացքին: Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր բոլոր տեսակի կենդանիները, տուաւ անոնց աճելու ու բազմանալու հրամանը, սակայն ուտելու հրաման դեռ չէր տուած: Այդ հրամանը մարդուն եւ ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն` 5 օր ետք: Ուրեմն, աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ոչ ոք ոչինչ կ՝ուտէր:

Իրականութեան մէջ, եկեղեցական պահքի մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ առաջին հերթին ոչ թէ որեւէ ուտելիքէ հրաժարիլը, այլ յատկապէս վատ սովորոյթներէն, մեղքէն հրաժարիլը եւ այս ճանապարհով Աստուծոյ առաջ ապաշխարիլը։

qahana.am