ԵՄ-ն Կը Զգուշացնէ ազրպէյճանը Ծանր Հետեւանքներու Մասին՝ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտման Պարագային

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական Միութիւնը յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ ազրպէյճանին, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ։ Այս մասին, ըստ ABCmedia.am-ի, ըսած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փիթըր Սդանոն՝ անդրադառնալով ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի՝ Հայաստանի հանդէպ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ ընդգրկող վերջին յայտարարութիւններուն։

«Մենք սերտ կապի մէջ եղած ենք Հայաստանի եւ ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ առանց յոգնելու կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հիմնախնդիրները բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելուն։ Մեր հաղորդակցութեան ուղիները կը մնան բաց։

ԵՄ-ն կ՝օգտագործէ բոլոր հնարաւորութիւնները ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ։

Մենք կը մնանք հաստատուն այս դիրքորոշման մէջ։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը, Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլը եւ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Դոյւօ Գլաարը կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար»,- ըսած է Սդանոն։