Մարդիկ Չեն Փոխուիր, Անոնք Պարզապէս Կը Հանեն Դիմակները

Այլեւայլ

Իւրաքանչիւրը ունի իր կեանքն ու ընտրութիւնը։ Այդ ընտրութիւնը կատարելով ձեր առջեւ օրինակներ մի դնէք։ Եթէ կասկածներ ունիք, մի ընէք, եթէ կը հասկնաք, որ ձերը չէ, հեռացէք։ Իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի իր ուղին ունենալու եւ ատոր ճանապարհին իր սխալները կատարելու։ Այդպէս ալ կը կառուցուի մեր
անկրկնելի կեանքը։

Եւ այսպէս, մէկընդմիշտ յիշեցէք՝

  1. Ձեզի երբեք չեն ըսեր, որ ամուսնութիւնը չի փրկեր խնդիրներէն, ունայնութենէն, կամ միայնութենէն։
    Ուրիշ մարդ չի կոծկեր ու չի փոխհատուցեր ձեր սեփական թերութիւնները, ընդհակառակը, այդ մարդը կրնայ մերկացնել այդ թերութիւնները, որմէ ետք միայն դուք պէտք է գլուխ հանէք։
  2. Ձեզի անկեղծօրէն չեն ըսեր, որ աւելի ազնիւ ու ճիշդ պիտի ըլլայ մինակ մնալ, քան յաջորդ տարբերակը չունենալու վախէն կախուիլ ցանկացած տարբերակէ։
  3. Երեխաները միայն երջանկութիւն չեն։ Երեխաներ ունենալ կը նշանակէ անքնութիւն, սեփական ժամանակի, իսկ երբեմն ալ՝ անձնական կեանքի կատարեալ բացակայութիւն։ Եթէ դուք ատիկա կը գիտակցիք, հիանալի է, սակայն, եթէ դուք պատրանքներ ունիք, որ երեխայի ծնունդով ձեր կեանքը միայն հաճոյքներու փունջ պիտի ըլլայ, մտածեցէք, արժէ՞ արդեօք երեխայ ունենալ ընդհանրապէս։
  4. Յարաբերութիւնները փոխադարձ պատասխանատւութիւն կ՝ենթադրեն, եւ եթէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու ըլլայ ինքն իր համար, այլ ոչ՝ զուգընկերոջ, ուստի բոլորի համար աւելի լաւ ու յարմարաւէտ պիտի ըլլայ։
  5. Այն ընտանիքներուն մէջ, որոնք դուք կատարեալ կը համարէք, կան իրենց խնդիրներն ու իրենց մութ ընդյատակը։ Կատարեալ ընտանիքներ չկան։
  6. Սէրը միշտ նոյն ուժը չ՝ունենար։ Եթէ դուք չէք սորված խօսիլ, յարգել ու հոգ տանիլ իրարու, ուստի ձեզի համար իմաստ չունէր յարաբերութիւններու մէջ մտնելը։ Ուրեմն դուք դեռ այդքան չէք հասունցած։
  7. Զոյգերուն մեծ մասը իրարու կը խաբէ սեռական յարաբերութեան վերաբերող հարցերու մէջ։ Սորվեցէք անկեղծօրէն իրարու հետ խօսիլ ձեր ցանկութիւններուն մասին, սորվեցէք խօսիլ ընդհանրապէս ամէն ինչի
    մասին։
  8. Եթէ ամենասկիզբէն դուք ձեր զուգընկերոջ հետ որեւէ ընդհանուր բան չունիք, ուստի դժուար թէ ատիկա երբեւէ յայտնուի։ Այդ պատճառով ալ, որոշ ժամանակ անց, չարժէ բողոքել, քանի որ ի սկզբանէ տեսած էք, թէ ով կ՝ընտրէք։
  9. Սորվեցէք ընդունիլ ձեր սխալները։ Եթէ գիտակցած էք, որ սխալած էք ընտրութիւն կատարելու մէջ, ու ձեր կողքին ձեր մարդը չէ, միանգամայն հեռացէք։ Մի խաբէք ե՛ւ ձեզ, եւ՝ ուրիշները։
  10. Մարդիկ չեն փոխուիր։ Անոնք պարզապէս աւելի շատ կը բացուին ու կը հանեն դիմակները։ Դուք ձեր սիրով ոեւէ մէկը երբեք չէք փոխեր։ Եթէ մարդը ինք որոշէ, որ դուք արժէք էք, որուն համար կարելի է փոխել սեփական կեանքը, ատիկա անոր ընտրութիւնն է։
  11. Ոչ մէկ տեսական փորձ կը փրկէ իրական խնդիրներէն։ Այն, որ դուք դադրած էք զանոնք տեսնել, դեռ չի նշանակեր, որ անոնք անհետացած են։ Ատոր համար ալ ճիշդ կերպով իրական աշխարհի խնդիրները լուծեցէք այդ իրականութեան մէջ ու յստակ գործողութիւններով։
  12. Մի ապրիք այլոց խորհուրդներով ու մի ձգէք, որ ձեր ներաշխարհ ու ձեր ընտանիքի աշխարհ մտնեն ոչ մասնագէտ մարդիկ։ Խոհանոցային հոգեբանութիւնը հաւանաբար լարուածութիւնը մեղմացնելու լաւ
    եղանակ է, սակայն շատ վատ է՝ իբրեւ գործուն խորհուրդներու համակարգ դիտարկելով։ Սովորաբար ամէն ինչ կ՝աւարտի ուղեղային գզվռտոցով ու մտքերու սովորական, բայց ոչինչ չտուող փոխանակութեամբ։
  13. Տղամարդոց հետ դիւրին է։ Անոնց պէտք է աջակցիլ, լսել, կերակրել, տալ եւ անոնցմէ չխլել տան մէջ ունեցած իրենց տեղը։ Կանանց հետ նոյնպէս դիւրին է։ Անոնց հետ պէտք է խօսիլ ու տալ պաշտպանուածութիւն ու սիրոյ զգացողութիւն։ Բոլորի հետ դիւրին է, եթէ անկեղծ ըլլան ու չուզեն որեւէ
    եղանակով կոտրել զուգընկերը։
  14. Ընտանիք ստեղծելուն ու երեխաներու ծնունդին պէտք է մօտենալ այն ժամանակ, երբ գիտէք, թէ ինչու անոնք պէտք են ձեզի։ Ուրիշի կարծիքներն ու հասարակութեան կարգաւորումները այստեղ չեն աշխատիր։
  15. Եթէ դուք սխալած էք, ներեցէք դուք ձեզի ու անցէք առաջ։ Կեանքը չափազանց հետաքրքրական ու հիասքանչ է, որպէսզի սեփական ձեռքերով զայն դժոխքի վերածէք։