Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինը Կը Դատապարտէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հայ Համայնքի Հանդէպ Իրականացուած Բռնութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին պատկանող «Կովերու պարտէզ» կալուածքին շուրջ շարունակուող սադրիչ գործողութիւններուն մասին։ Դեկտեմբեր 28-ին երեք տասնեակէ աւելի զինուած անձեր ներխուժած են «Կովերու պարտէզ»-ի տարածք, իրականացուցած բռնի գործողութիւններ, որուն հետեւանքով մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են Պատրիարքութեան  եկեղեցականներ եւ տեղի հայ համայնքի անդամներ։

Ակնյայտ է, որ սադրիչները հերթական անգամ կը փորձեն ահաբեկութեան, սպառնալիքներու եւ բռնի գործողութիւններու միջոցով հասնիլ «Կովերու պարտէզ» կալուածքի իւրացման՝ ոտնահարելով օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերը։

Խստօրէն դատապարտելով կատարուածը՝ յոյս կը յայտնենք, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները իրաւաչափօրէն պիտի արձագանգեն Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքի հանդէպ դրսեւորուած յանցաւոր գործողութիւններուն, պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին մեղաւորները եւ պիտի բացառուի նմանօրինակ դէպքերուն կրկնութիւնը։

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան եւ հայ համայնքին՝ հայցելով Տիրոջ օգնութիւնը։