«Ա­զատ Օ­ր»-ի Հար­ցազ­րոյ­ցը Փրոֆ․ Ար­մէն ­Մա­րու­քեա­նի Հետ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վեր­ջերս, Ա­թէնք այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միոյ ­Պատ­մու­թեան ինս­թի­թու­թի հայ­կա­կան հար­ցի եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ փրոֆ. տոքթ. Ար­մէն ­Մա­րու­քեան: Ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­թէն­քի ­Հին ­Խորհր­դա­րա­նի շէն­քին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կա­րե­ւոր հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կը կրէր «­Թուր­քիոյ մշտա­կան կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Փոքր Ա­սիոյ, ­Մի­ջա­գետ­քի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ» խո­րա­գի­րը: Այս ա­ռի­թով «Ա­զատ Օր» տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­նոր հետ, ստո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք հար­ցազ­րոյ­ցին հիմ­նա­կան կէ­տե­րը:

— Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով թէ վեր­ջերս Ա.Մ.Ն.-ի ­Ծե­րա­կոյ­տը ո­րո­շում յատ­կա­ցուց, ո­րով կ­՚ու­զէ ստի­պո­ղա­կան դարձ­նել ա­մե­րի­կեան զէն­քե­րու ար­գի­լու­մը Ատր­պէյ­ճա­նին, ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք այս քայ­լը եւ որ­քա­նո՞վ այդ մէ­կը ստի­պո­ղա­կան կրնայ դառ­նալ ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար։

1990-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի մէջ հայ լո­պիս­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, ա­ռա­ջին հեր­թին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի ըն­դու­նո­ւե­ցաւ 907 բա­նա­ձե­ւը՝ ա­զա­տու­թեան ակ­տի սահ­մա­նա­փակ­ման մա­սին, ո­րով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը կը հրա­ժա­րէին ռազ­մա­կան եւ ֆի­նան­սա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նին, քա­նի որ Ատր­պէյ­ճա­նը յար­ձա­կո­ղա­կան կե­ցո­ւածք ու­նէր Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ, եւ կար այդ մտա­հո­գու­թիւ­նը թէ այդ զէն­քը եւ այդ դրա­մը պի­տի գոր­ծա­ծո­ւի Ար­ցա­խի հայ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ։ ­Մին­չեւ 1990-ա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը, ­Գոնկ­րէ­սի մէջ կար մե­ծա­մաս­նու­թիւն, որ կը պա­հէր այս դիր­քո­րո­շու­մը։
Ան­կէ ետք գու­մա­րի ֆի­նան­սա­ւոր­ման ար­գել­քը հա­նո­ւե­ցաւ եւ մնաց զէն­քի ար­գի­լու­մը։ Ետ­քը առ­կա­խո­ւե­ցաւ նաեւ 907-ի ո­րո­շու­մը։

­Հի­մա, Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կէն ետք, Ա­մե­րի­կեան ­Ծե­րա­կոյ­տը դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ հար­ցին եւ կար­ծես թէ դար­ձեալ կը վե­րա­գոր­ծար­կո­ւի այս ար­գել­քը։ Որ­պէս­զի մտնէ ու­ժի մէջ ան­շուշտ, պէտք է Ս­տո­րին ­Պա­լատն ալ հաս­տա­տէ եւ նա­խա­գահն ալ իր կար­գին ստո­րագ­րէ։ Ան­կէ ետք նոր ար­գելք կը դրուի որ­պէս­զի Ա.Մ.Ն.-ի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս չի կա­րո­ղա­նան զէնք հայ­թայ­թել Ատր­պէյ­ճա­նին։
­Պէտք է հասկ­նալ նաեւ թէ Ա­մե­րի­կեան զէն­քի ո՞ր մասն է, ո՞ր տո­կոսն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կը գոր­ծա­ծէ։ ­Շատ փոքր մասն է։ ­Բա­ցի այս, Ատր­պէյ­ճա­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի այս ար­գել­քը շրջան­ցե­լու ­Թուր­քիոյ մի­ջո­ցաւ։

­Գի­տենք, որ ­Թուր­քիան ՆԱԹՕ-ի եր­կիր է եւ բա­ւա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն ստա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յէն։ ­Նոյ­նիսկ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, մենք տե­սանք Ա­մե­րի­կեան սպա­ռա­զի­նու­թեան գոր­ծա­ծում, ո­րը ստա­ցո­ւած էր ­Թուր­քիա­յէն, ռազ­մա­փոր­ձե­րէ ետք, եւ մնա­ցած էր Ատր­պէյ­ճա­նին։ ­Չենք կրնար ը­սել, որ շատ ար­դիա­կան ու ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թիւն է, բայց նոյ­նիսկ ե­թէ ­Թուր­քիան այ­լեւս չի գոր­ծա­ծեր, այդ Ա­մե­րի­կեան, ՆԱԹՕ-յա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ իր կրտսեր եղ­բօր։

Ան­շուշտ, քա­ղա­քա­կան են­թա­հող ու­նի այս ո­րո­շու­մը, Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ, բայց կար­ծեմ թէ ա­ւե­լի շօ­շա­փե­լի, ա­ւե­լի մի­ջոց կրնար ըլ­լար ե­թէ ­Սե­նա­տը ո­րո­շէր սա­ռեց­նել ­ալիեւ­նե­րու գու­մար­նե­րը, որ կան Ա­մե­րի­կեան դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ։ Եւ այս ա­ւե­լի մեծ ազ­դե­ցու­թիւն կրնար ու­նե­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ, քան այս ո­րո­շու­մը նա­խա­ձեռ­նո­ւած է։

­Յա­մե­նայն­դէպս, սա Ո­ւա­շինկ­թը­նի կե­ցո­ւած­քի լուրջ փո­փո­խու­թիւն է, ո­րով­հե­տեւ հա­ւաս­տիա­ցում­ներ տրո­ւած էին ­Պա­քո­ւի կող­մէ Ա­րեւ­մուտ­քին եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նին, որ նոր ռազ­մա­կան յար­ձա­կում պի­տի չըլ­լայ Ար­ցա­խի դէմ։ ­Բայց ինչ­պէս տե­սանք դրժո­ւե­ցաւ այդ խոս­տու­մը եւ 2023-ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­սոր վառ ա­պա­ցոյցն են։ Ա.Մ.Ն. սկսած է ինչ որ պատ­ժե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, հիմ­նո­ւե­լով այդ դրժո­ւած խոս­տու­մին վրայ։ ­Հի­մա, պէտք է յու­սանք որ այս պա­տիժ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լան եւ բո­վան­դա­կա­լից։

— Այս ո­րո­շու­մին դի­մաց կայ Ատր­պէյ­ճա­նի մեր­ժու­մը՝ չմաս­նակ­ցե­լու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մին։ ­Կա՞յ մեկ­նա­բա­նու­թիւն ա­սոր վե­րա­բե­րեալ։

Ընդ­հան­րա­պէս, վեր­ջին շրջա­նին Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ Ա­րեւմ­տեան հար­թակ­նե­րուն վրայ ցոյց տալ ­Հա­յաս­տա­նի հետ կար­գա­ւոր­ման հար­ցե­րու մա­սին խու­սա­փո­ղա­կան կե­ցո­ւածք։ ­Յի­շեցնեմ նաեւ Ղ­րա­նա­տա­յի հան­դի­պու­մը, որ ա­մէն ինչ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էր, բայց վեր­ջին պա­հուն մեր­ժե­ցին հան­դի­պու­մը, պնդե­լով ի­րենց նա­խա­պայ­մա­նին վրայ, թէ ­Թուր­քիան ալ պէտք է մաս­նակ­ցէր։ Ա­լիեւ ինք­զինք ա­ւե­լի վստահ կը զգայ, իր ա­ւագ եղ­բօր՝ Էր­տո­ղա­նի ներ­կա­յու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու։ ­Վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք, ­Թուր­քիոյ ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ուղ­ղա­կիօ­րէն շեշ­տո­ւածռ է։
­Յի­շեց­նեմ, այդ տխրահռ­չակ զօ­րա­հան­դէ­սը, որ ­Պա­քո­ւի մէջ կազ­մա­կեր­պեց Ա­լիե­ւը, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Էր­տո­ղա­նը, որ ա­նընդ­հատ կը յի­շեց­նէր, թէ ա­ռանց ­Թուր­քիոյ մեծ ա­ջակ­ցու­թեան այդ յա­ջո­ղու­թիւ­նը կրնար թե­րեւս ե­ղած չըլ­լար։ Այ­սինքն, այդ մեծ ռազ­մա­թեք­նի­քա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, Իտ­լի­պէն ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն տե­ղա­փո­խե­լը, թուրք սպա­յա­կոյ­տի տե­ղա­փո­խու­մը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­մը՝ ա­սոնք փաս­տեր էին, որ ա­պա­հո­վե­ցին նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Եւ ա­նընդ­հատ այս մէ­կը ի­րենց կը յի­շե­ցո­ւի։
Ե՛ւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ե՛ւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը յի­շեց­նեն Ա­լիե­ւին այդ խոս­տում­նե­րու դրժու­մը, եւ Ար­ցա­խի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան մա­հակ, որ կը սկսին Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ը­նել։ Այս պատ­ճա­ռով Ա­լիե­ւը գի­տակ­ցա­բար կը խու­սա­փի այս հար­թակ­նե­րէն, ը­սե­լով նաեւ թէ ոչ Ա.Մ.Ն., ո՛չ Ֆ­րան­սան, ազ­նիւ միջ­նորդ­ներ չեն, ան­կողմ­նա­կալ չեն, այլ բռնած են ­Հա­յաս­տա­նի կող­մը։
­Հի­մա, այս ո­րո­շու­մը թե­րեւս կա­պակ­ցո­ւած է նաեւ Ա.Մ.Ն.-ի ­Ծե­րա­կոյ­տի ո­րո­շու­մին, ը­սե­լով որ դուք ար­դէն ձե­ւա­ւո­րած էք պատ­ժա­մի­ջոց­ներ մեր դէմ, ու­րեմն մենք գործ չու­նինք եւ ա­ւե­լի կը նա­խընտ­րո­ւին ­Մոս­կո­վեան հար­թա­կը, ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հի հո­վա­նիին տակ ինչ որ հան­դի­պում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ուր ե­րե­ւի ա­ւե­լի վստահ կը զգայ։
Եւ հա­կա­ռա­կը կը տես­նենք ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, որ կը խու­սա­փի այդ հար­թակ­նե­րէն, կար­ծե­լով որ ­Ռու­սաս­տա­նը ա­ւե­լի հա­կո­ւած է Ատրպէյ­ճա­նի շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու։
Ան­շուշտ, կայ նաեւ ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ կր մր­ցին թէ ո՛վ իր ձեռ­քը պի­տի վերց­նէ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ ­Հե­ղի­նա­կու­թեան խնդիր կայ եւ այս մրցակ­ցու­թիւ­նը իր բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նայ հար­ցի կար­գա­ւոր­ման վրայ։

— Կը տես­նէք, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մեր­ժու­մը Ա­րեւ­մուտք-­Ռու­սիա հա­կա­մար­տու­թեան խո­րա­պատ­կե­րին ալ կա­պո­ւա՞ծ է։

Ան­շուշտ։ Այդ խո­րա­պատ­կե­րին մէջ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի դիր­քե­րու ամ­րապնդ­ման պայ­քար տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ։ Ինչ­պէս կը տես­նէք, Ուք­րա­նիոյ մէջ ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի այս դի­մա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Ռու­սաս­տա­նի դիր­քե­րը բա­ւա­կան թու­լա­ցած են, եւ ­Ռու­սաս­տա­նը կը զի­ջի իր դիր­քե­րը ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին մէջ։ Այդ տե­ղը, շեշ­տա­կիօ­րէն ու շատ ուժ­գին կը փոր­ձէ զբա­ղեց­նել ­Թուր­քիան ա­ռա­ջին հեր­թին։ Օ­րի­նակ մը տամ ­Թուր­քիա­յին ե­ղած զի­ջում­նե­րուն մա­սին պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ։ 2020 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բե­րի 9-ի յայ­տա­րա­րու­թեան 5-րդ ­կէ­տի հա­մա­ձայն՝ պէտք է մո­նի­թո­րին­կա­յին կեդ­րոն ստեղ­ծո­ւէր, հրա­դա­դա­րի ռե­ժի­մի պահ­պա­նու­մը հսկե­լու հա­մար։ Այդ կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լար բա­ցա­ռա­պէս ռու­սա­կան, բայց այս թուղ­թի ստո­րագ­րու­մէն յե­տոյ՝ ­Թուր­քիան բա­ւա­կան աշ­խու­ժա­ցաւ եւ սկսաւ շան­թաժ բա­նեց­նել ռու­սե­րուն վրայ, Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջո­ցաւ նաեւ, որ մենք կ­՚ու­զենք ան­պայ­ման մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ։ Եւ ­Ռու­սիան գնաց զիջ­ման, ու մո­նի­թո­րին­կի կեդ­րո­նը դար­ձաւ ռուս-թրքա­կան։ ­Բան մը որ դար­ձեալ խախ­տում է այս թուղ­թին, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ պի­տի փո­խո­ւէր կեդ­րո­նի կար­գա­վի­ճա­կը, այս փո­փո­խու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­ձայ­նո­ւէր բո­լոր կող­մե­րուն հետ։ ­Պարզ է, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կողմ էր, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիոյ եւ թրքա­կան զօր­քի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­կակ­շիռ պի­տի ըլ­լար ռու­սե­րուն, բայց ­Հա­յաս­տա­նի հետ ոե­ւէ մէ­կը չէր հա­մա­ձայ­նած այդ հար­ցին մա­սին։ Այս­պէս, ռուս-թուրք եր­կու նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ յու­շա­գիր ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ եւ թուր­քե­րը մտան Ակ­նա­յի մո­նի­թո­րին­կա­յին կեդ­րո­նին մէջ։ Այս պարզ օ­րի­նա­կով կ­՚ու­զեմ ցոյց տալ, թէ ինչ­պէ՛ս ­Ռու­սաս­տա­նը աս­տի­ճա­նա­բար իր դիր­քե­րը կը զի­ջի ­Թուր­քիա­յին։
Օ­րի­նակ մը եւս։ Ե­ռա­կողմ յայ­տա­րա­րու­թեան ստո­րագր­ման պա­հուն Ա­լիեւ ա­ռա­ջին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Էր­տո­ղա­նին, յե­տոյ՝ նոր միայն ­Փու­թի­նին, պա­տե­րազ­մի ծա­նօթ ել­քին հա­մար։ Ա­սոնք յստակ ու­ղերձ­ներ էին, որ Ատր­պէյ­ճան ցոյց կու­տար յստա­կօ­րէն, թէ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր է ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ալ չը­սեմ ­Շու­շիի հռչա­կագ­րին հա­մար, որ մեր Ար­ցա­խի զար­դը հան­դի­սա­ցող եւ ան­կոտ­րում բեր­դա­քա­ղա­քին մէջ էր, որ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ այդ կ­՚են­թադ­րէ խոր հա­մար­կում եր­կու թրքա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մի­ջեւ՝ մշա­կոյթ, գի­տու­թիւն, կրթու­թիւն¬ռազ­մա­կան եւ ա­նոր սուր ան­կիւ­նը ուղ­ղո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի դէմ։ ­Փանթր­քա­կան ծրա­գի­րի շատ ակ­տիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն, ո­րու դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը այս­պէս կո­չո­ւած ­Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի պա­հանջքն է, որ կը տես­նենք ա­մէն օր, երբ Ա­լիեւն ու Էր­տո­ղա­նը ­Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ կը դնեն օր ու գի­շեր, որ­պէս խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րի հետ կա­պո­ւած կէտ, այդ­պէս յղում ը­նե­լով ե­ռա­կողմ յայ­տա­րա­րու­թեան 9-րդ ­յօ­դո­ւա­ծին վրայ, ուր ը­սո­ւած չէ, թէ ո­րե­ւէ նման մի­ջանցք պի­տի ըլ­լայ։ Այլ՝ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի փո­խադ­րու­թեան ու­ղիի , որ պի­տի վե­րահս­կո­ւի ­Ռու­սաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան սպա­սար­կու­թեան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րուն կող­մէ։ Որ­քան ալ տա­րօ­րի­նակ թո­ւի, այս կէ­տին մէջ եւս կը տես­նենք, որ ­Ռու­սաս­տան կը պաշտ­պա­նէ այս հար­ցը, կանգ­նե­լով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին։ ­Կը թո­ւի, թե սա փանթր­քա­կան ծրա­գի­րի մաս է, ան ի վեր­ջոյ ուղ­ղո­ւած է նաեւ ­Ռու­սիոյ դէմ, հա­շո­ւի առ­նե­լով թրքա­խօս բնակ­չու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը ­Ռու­սիոյ տա­րած­քին մէջ. ­Հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի, Ու­րա­լոի, ­Թա­թարս­տա­նի, եւ այլն, եւ կ­՚են­թադ­րո­ւի, որ վեր­ջէն ա­սոնք կրնան միա­նալ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին։ ­Սա­կայն, ո­րոշ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կար­ծի­քով, թուրք-ռու­սա­կան շա­հե­րու այս հա­մընկ­նու­մը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադր­ման հար­ցով եւ այս ճա­նա­պար­հը ­Ռու­սաս­տա­նը կը դի­տէ, որ­պէս ար­գի­լում­նե­րու շրջան­ցում։ ­Թուր­քիոյ մի­ջո­ցով՝ ­Նա­խի­ջե­ւան եւ ­Մեղ­րիի մի­ջանցք ը­սո­ւա­ծով, որ իր կող­մէ պէտք է վե­րահս­կո­ւի, Ատր­պէյ­ճա­նի վրա­յով ապ­րանք­նե­րը ­Ռու­սաս­տան տեղ հասց­նե­լու հար­ցով։ ­Ռու­սաս­տա­նը, ե­րե­ւի թէ կը գի­տակ­ցի փանթր­քա­կան այս վտանգ­նե­րուն մա­սին, բայց այս պա­հուն, այդ ճա­նա­պարհ­նե­րու մի­ջո­ցով, ար­գի­լում­նե­րու շրջան­ցու­մը ա­ռաջ­նա­հերթ է ի­րեն հա­մար։ Այս ա­ռու­մով, ­Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի բաց­ման մա­սին կը խօ­սին նաեւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ։

 — Ուք­րա­նիոյ դէմ պա­տե­րազ­մը ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան վրայ։ 

2022 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րի 22-ին, այ­սինքն Ուք­րա­նիոյ մէջ -ինչ­պէս ռու­սե­րը կ­՚ը­սեն յա­տուկ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան- բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն եր­կու օր ա­ռաջ Ա­լիեւ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա եւ հռչա­կա­գիր մը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ռուս-ատր­պէյ­ճա­նա­կան դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան, ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան։ Եւ ե­թէ 1997 թո­ւա­կա­նին ­Ռու­սաս­տա­նը ստո­րագ­րած էր ­Հա­յաս­տա­նին հետ մեծ պայ­մա­նա­գիր, ճիշդ այս նոյն բո­վան­դա­կու­թեամբ՝ ռազ­մա­կան փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան հա­մար, նոյն այս կէ­տե­րը շա­րադ­րո­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հռչա­կա­գի­րին մէջ։ Եւ ին­չո՞ւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ այս։ Ո­րով­հե­տեւ ­Ռու­սաս­տա­նը միշտ ու­նէր մտա­վա­խու­թիւն, որ ­Թուր­քիան ու Ատր­պէյ­ճա­նը ո­րե­ւէ պա­հու կրնան երկ­րորդ ճա­կատ բա­նալ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ, ինչ­պի­սին է ա­մե­րի­կեան իս­րա­յէ­լա­կան կե­ցո­ւած­քը Ի­րա­նի դէմ, նոյ­նը կրնայ պա­տա­հիլ նաեւ ­Ռու­սիոյ դէմ։ Եւ ­Ռու­սաս­տա­նը այս ձե­ւով կը փոր­ձէ որ­պէս դաշ­նա­կից պա­հել ­Թուր­քիան։
­Կը կար­ծեմ, որ այս մտայ­նու­թիւ­նը, որ ­Ռու­սիոյ վեր­նա­խա­ւի մէջ կայ, երկ­րորդ ճա­կատ բա­ցո­ւե­լէն ա­մէն գնով խու­սա­փե­լու, սա կոր­ծա­նա­րար է ­Ռու­սաս­տա­նի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ իր դիր­քե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ թու­լա­ցած են, եւ այդ դիր­քե­րը կը զբա­ղեց­նէ ­Թուր­քիան, եւ ըստ էու­թեան ռու­սե­րը են­թար­կո­ւե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շան­դա­ժին, սկսան կա­տա­րել զի­ջում­ներ, գե­րա­զան­ցա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ի­րա­ւունք­նե­րու հա­շի­ւին։ ­Ճիշդ նոյն վի­ճակն է, ինչ­պէս 100 տա­րի ա­ռաջ, ­Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի հետ բոլ­շե­ւիկ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, որ ­Հա­յաս­տա­նի ի վնաս կա­տա­րո­ւե­ցաւ, թուր­քե­րուն յանձ­նո­ւե­ցան ­Կար­սը, Ար­տա­հա­նը, ­Սուր­մա­լուի գա­ւա­ռը, իսկ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը՝ Ատր­պէյ­ճա­նին … պատ­մու­թիւ­նը կար­ծես կը կրկնո­ւի։ Այս պա­հուն կա­րե­ւոր է նկա­տել, թէ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­ւա­նա­կան նոր ռազ­մա­կան բա­խու­մի պա­րա­գա­յին, ի՛նչ կե­ցո­ւածք պի­տի ու­նե­նայ ­Ռու­սաս­տա­նը։ Ո­րով­հե­տեւ 22 ­Փետ­րո­ւա­րէն ետք, ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ ինք այ­լեւս չու­նի մէկ ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից, այլ ու­նի եր­կու, յստակ ար­ձա­նագ­րո­ւած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ պայ­մա­նա­գի­րով ամ­րագ­րո­ւած։
Որ­պէս­զի ա­ւե­լի յստակ ըլ­լայ, թէ ին­չի մա­սին է խօս­քը, այս թուղ­թի ստո­րագ­րու­մէն յե­տոյ, երբ որ Ատր­պէյ­ճա­նը սկսաւ կտոր կտոր Ար­ցա­խէն տա­րածք­ներ կտրել, խօս­քը ­Բա­րուխ գիւ­ղի, ­Գա­րագ­լուխ բարձ­րուն­քի մա­սին է, ­Ռու­սաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հաս­ցէա­կան մե­ղադ­րանք հնչե­ցուց, որ հրա­դա­դա­րի խախ­տու­մը խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու կար­ծի­քով կա­տա­րո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նին կող­մէ։ Եւ Ատր­պէյ­ճան ան­մի­ջա­պէս այս թուղ­թը ցոյց տո­ւաւ ռու­սե­րուն, ը­սե­լով, որ դուք այ­լեւս մեր դաշ­նա­կիցն էք եւ ­Ռու­սաս­տա­նը պար­տա­ւոր է յար­գել մեր տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ներ­քին գոր­ծե­րուն չմի­ջամ­տել, եւ այլն, հասկց­նել տա­լով, որ դուք մեր շա­հը պար­տա­ւոր էք պաշտ­պա­նել, ո՛չ թէ «սե­փա­րա­թիստ­նե­րու», այն­պէս ինչ­պէս կը դի­տէին Ար­ցախ­ցի­նե­րուն։ Ա­նընդ­հատ, այս թուղ­թը Ատր­պէյ­ճան որ­պէս յաղ­թա­թուղթ կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ եւ այդ­պի­սի աս­տի­ճան սան­ձար­ձակ դար­ձած է, որ Ուք­րա­նիոյ ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ, ե՛ւ ֆի­նան­սա­կան ե՛ւ ռազ­մա­թեք­նի­քա­կան։ ­Զե­լենս­քին քա­նի մը ան­գամ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է։
Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան խախ­տու­մը ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին մէջ կրկին մենք կը տես­նենք, որ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած չէ այն­քան ­Հա­յաս­տա­նի ո­րոշ քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, հա­կա­ռակ որ ա­նոնք ալ ի­րենց բա­ցա­սա­կան դե­րը ու­նին, բայց ա­ռա­ւե­լա­բար՝ մենք կը տես­նենք փո­փո­խու­թիւն­ներ ­Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ Այս պա­հուն ­Ռու­սաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը Ուք­րա­նիան է, ուր ան պէտք է պա­հէ իր տե­ղե­րը, ­Տոն­պա­սը, ­Լու­կանս­քը, ­Զա­փո­րի­ժիան, այդ տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք մտած են այ­լեւս ­Ռու­սաս­տա­նի կազ­մին մէջ, եւ ­Սու­րիան։ Այ­լեւս կը տես­նենք, որ ի­րենք յստակ ո­րո­շած են ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նին հա­մար։

 — Սա պա­հուն կայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը, յատ­կա­պէս Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ, որ կը խօ­սի Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած վե­րա­դար­ձի մա­սին։ Որ­քա­նո՞վ կը  կար­ծէք որ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի տե­սա­կէտ­նե­րը կը հա­մընկ­նին հոս։ ­Կա՞յ են­թա­հող, կամ ընդ­հա­նուր բաղ­ձանք­ներ են։

Այս վեր­ջին յար­ձակ­ման պա­րա­գա­յին, շա­տե­րու հա­մար ա­նակն­կալ ե­ղաւ, որ Ար­ցա­խի հայ բնակ­չու­թիւ­նը միա­կամ ո­րո­շում կա­յա­ցուց հայ­րե­նի­քը լքե­լու, սե­փա­կան օ­ճախ­նե­րը լքե­լու այդ շատ դա­ժան ո­րո­շու­մին հաս­նի, բայց ես սա կը դի­տեմ որ­պէս հան­րա­քո­ւէ մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­մարկ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ հան­րա­քո­ւէ մըն է այս կե­ցո­ւած­քը։ Ար­ցախ­ցի­նե­րը հա­ւա­քա­կան ա­ռու­մով «Ոչ» ը­սին, բա­ցա­յայ­տե­լով թէ, «մենք Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ չենք կրնար դառ­նալ» եւ նոյ­նիսկ մեր օ­ճախ­նե­րը լքե­լու գնով, «ՈՉ» կ­՚ը­սենք։ ­Շա­տեր յոյս ու­նէին, որ կա­րե­լի է Ար­ցախ­ցի­նե­րու ո­րոշ մաս մը դուրս գալ, բայց ու­րիշ­ներ ալ պի­տի մնա­յին, հա­զա­րա­մեակ­նե­րով հոն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ ­Բայց լիո­վին լքե­լու Ար­ցա­խի փաս­տը ա­նակն­կա­լի բե­րաւ շա­տե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճա­նին, որ յոյս ու­նէր, թէ Ար­ցախ­ցի­նե­րը պի­տի հպա­տա­կէին, ե՛ւ ռուս­նե­րուն, որ այդ­պէս պի­տի ար­դա­րաց­նէին Ար­ցա­խի մէջ ի­րենց խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու հե­տա­գայ մնա­լը։
­Նո­յեմ­բեր 9-ի փաս­տա­թուղ­թը դար­ձած է պար­զա­պէս թուղ­թի կտոր, ո­րով­հե­տեւ երբ այդ պայ­մա­նա­գի­րի պայ­ման­նե­րը ար­մա­տա­պէս կը փո­խո­ւին, ալ ին­չի մա­սին խօսք կրնայ ըլ­լալ։ ­Ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան բա­ժի­նը ա­նի­մաստ կը դառ­նայ, ո­րոնք ա­նոնք հոն կը գտնո­ւէին խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան հսկե­լու հա­մար, այ­լեւս ա­ռանց բնակ­չու­թեան ո՛չ ալ գործ պի­տի ու­նե­նան հոն։ Եւ Ատրպէյ­ճան ո­րե­ւէ պա­հու այդ ուղ­ղու­թեամբ պի­տի խօ­սի։ ­Նոյ­նը Ա­րեւ­մուտ­քի պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը հոն հզօր լծակ էր Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու, եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան մեկ­նու­մով ի­րենք կը զրկո­ւին այդ լծա­կէն։ ­Բայց բո­լո­րը կը հասկ­նան, թէ այդ բո­լո­րը կա­տա­րո­ւած է մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու կո­պիտ խախ­տու­մով։ ­Խօս­քը պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին է, ե­րե­խա­նե­րու գլուխ­ներ կտրե­լը, խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը հրթի­ռա­կո­ծե­լը, ար­գի­լո­ւած զէն­քեր գոր­ծա­ծե­լը, Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ լա­ւա­պէս գի­տեն եւ բա­ւա­կան խիստ ձե­ւով Ատր­պէյ­ճա­նին կը մե­ղադ­րեն այս բո­լո­րին հա­մար։ ­Վեր­ջերս, մենք տե­սանք, որ Մ.Ա.Կ.-ի դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը ա­պա­հով վե­րա­դար­ձի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը նշէր։ ­Հոս խնդի­րը այն է, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի վե­րա­դառ­նան մար­դիկ, որ նոյ­նիսկ մշա­կու­թա­յին ինք­նա­վա­րու­թեան հար­ցը չ­՚ըն­դու­նիր Ատր­պէյ­ճա­նը։ ­Բո­լորս կրնանք հասկ­նալ, որ սա ձուլ­ման, ստրկաց­ման, նո­ւաս­տաց­ման ծրա­գիր է, եւ Ար­ցախ­ցի­նե­րը չեն կրնար հա­մա­ձայ­նիլ նման պա­րա­գա­յի։ Ե­թէ ոչ՝ հոն տե­ղեն դուրս ալ չպի­տի գա­յին։
Ե­թէ իս­կա­պէս ազ­նիւ են մղում­նե­րը ռու­սե­րու եւ Ա­րեւ­մուտ­քի, ա­պա կրկին պէտք է վե­րար­ծար­ծուի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը։ Եւ ա­ռաջ գայ ինք­նա­վա­րու­թեան հար­ցը, որ­պէս­զի ար­ցա­խա­հա­յե­րը անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ ու­նե­նան։

 — Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ընդ­հա­նուր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ձեռն­տո՞ւ է հայ­կա­կան կող­մին հա­մար, նկա­տի ու­նե­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ դրո­ւած պայ­ման­նե­րը։

­Շատ լուրջ հարց է այս։ ­Նախ պէտք է ը­սել, որ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, հայ­կա­կան կող­մը կարգ մը ան­տե­ղի զի­ջում­ներ ը­րաւ Ատր­պէյ­ճա­նին, ի­րենց դիր­քե­րը ա­ւե­լի ու­ժե­ղաց­նե­լով եւ տկա­րաց­նե­լով մե­րը։ ­Քա­նի մը օ­րի­նակ­ներ տամ։ Երբ կը խօ­սո­ւէր Ալ­մա-Ա­թա­յի հռչա­կա­գի­րով սահ­ման­նե­րու փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման մա­սին, յստակ վե­րա­պա­հու­թիւն մը կար ­Հա­յաս­տա­նին կող­մէ։ Ա­նոնց­մէ 10-րդը կը վե­րա­բե­րէր այն կէ­տին, որ կ­՚ը­սէր, թէ Ա.Պ.Հ.-ին կրնա­յին մաս­նակ­ցիլ ո՛չ միայն հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ ինք­նա­վար կազ­մա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք ու­նե­ցած են պե­տա­կա­նու­թեան կար­գա­վի­ճակ եւ հան­րա­քո­ւէով, օ­րի­նա­կան ձե­ւով դուրս ե­կեր են Խ.Ս.Հ.Մ. կազ­մէն։ Այս ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը ճիշդ ու ճիշդ կը հա­մընկ­նին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար մար­զին։ ­Հի­մա, երբ ­Հա­յաս­տա­նը կ­՚ը­սէ, որ մենք կը ճանչ­նանք տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պէտք էր մէջ­տեղ բե­րո­ւէր նաեւ այս կա­րե­ւոր վե­րա­պա­հու­թիւ­նը։ ­Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, կը նշա­նա­կէ որ կը հրա­ժա­րիս Ար­ցա­խէն։
Երկ­րորդ կո­պիտ սխա­լը ե­ղաւ, երբ քա­նի մը հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան կող­մը թի­ւե­րով նշեց տա­րածք­նե­րը, նշե­լով թէ կը ճանչ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի 86.600 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րը։ ­Սա կո­պիտ սխալ էր։ Կր­նար կա­տա­րո­ւէր միայն ե­թէ Ատր­պէյ­ճան իր կար­գին թի­ւե­րով ճանչ­նար ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը, ինչ որ չէ կա­տա­րած։ Ին­չու՞ Ա­լիեւ չ­՚ը­սեր 29.800 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր. ո­րով­հե­տեւ եր­կու յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով՝ ա­ռա­ջի­նը 2021-ի ­Մա­յի­սի 12-ին՝ ­Վե­րին ­Շոր­ժա, ­Կուտ, ­Գե­ղար­քու­նի մարզ եւ ­Սեւ լիճ, երկ­րոր­դը 2022 ­Սեպ­տեմ­բե­րի 13-ին ­Ջեր­մու­կի ուղ­ղու­թեամբ, ներ­խու­ժում­ներ ե­ղան մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րածք այս պա­հուն գրա­ւո­ւած է, ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քէն։ Ար­դեօ՞ք Ատր­պէյ­ճան պատ­րաստ է ետ քա­շե­լու իր զօր­քե­րը, երբ հոն ար­դէն սկսած են ամ­րա­շի­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րել, դիր­քեր տե­ղադրել եւ բա­ւա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան կէ­տեր կը վե­րահսկեն՝ ճամ­բա­նե­րը, բարձ­րունք­նե­րը։ Ար­դեօ՞ք ­Հա­յաս­տան որ­պէս նա­խա­պայ­ման պի­տի դնէ այս հար­ցը խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րին մէջ։
Ատր­պէյ­ճա­նի թի­ւե­րը նշե­լով ­Հա­յաս­տան դուրս կը ձգէ ոչ միայն Ար­ցա­խը, այլ նաեւ 7 տխրահռչակ անք­լաւ­նե­րը, գիւ­ղեր ­Տա­ւու­շի եւ Ա­րա­րա­տի մար­զե­րու, ո­րոնք ռազ­մա­վա­րա­կան խիստ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։ Իսկ հի­մա կը տես­նենք, որ Ատրպէյ­ճա­նի ա­խոր­ժա­կը սրած ըլ­լա­լով, ուղ­ղա­կի կը խօ­սի այդ անք­լաւ­նե­րու մա­սին։ ­Մենք եր­բեք այդ­պի­սի զի­ջում­ներ պէտք չէ կա­տա­րենք, ո­րով­հե­տեւ այդ կը դառ­նայ անվ­տան­գա­յին շատ լուրջ խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Ա­խոր­ժա­կը բա­ցուեր է Ատր­պէյ­ճա­նին, որ ար­դէն կը խօ­սի հա­րիւր հա­զար ա­զե­րի­նե­րու վե­րա­դար­ձին մա­սին, ո­րոնք իբ­րեւ թէ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած են այդ շրջան­նե­րէն։ ­Լուրջ սպառ­նա­լիք­ներ են ա­սոնք մեր պե­տա­կա­նու­թեան հա­մար։ Ալ չեմ նշեր Ա­լիե­ւի խօս­քե­րը, որ երբ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագրի մա­սին կը խօ­սի, զու­գա­հե­ռա­բար ա­ռաջ կը քշէ Ա­րեւմ­տեան Ատր­պէյ­ճան ա­նո­ւա­նու­մը։ Ի­րենց պարզ մտադ­րու­թիւ­նը ցոյց կու­տան այս բո­լո­րը։ Ս­խալ­նե­րը՝ որ շա­րու­նա­կա­բար կա­տա­րո­ւած են մեր կող­մէ, շատ լուրջ անվ­տան­գա­յին խնդիր­ներ կրնան դառ­նալ մեր ա­պա­գա­յի հա­մար։
Ինչ­պէս ը­սի սկզբնա­ւո­րու­թեան, մրցակ­ցու­թիւն կայ թէ ո՞վ պի­տի վե­րահս­կէ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն՝ Ա­րեւ­մուտ­քը, ­Ռու­սաս­տա­նը, Պ­րիւք­սէ­լը, Ո­ւա­շինկ­թը­նը կամ ­Մոս­կո­ւան, կը նշա­նա­կէ թէ ընդ­հա­նուր ըմբռ­նում կայ, բայց կայ նաեւ զօ­րա­ւոր մրցակ­ցու­թիւն, թէ ո­րու անձ­րե­ւա­նո­ցին տակ պի­տի ըլ­լայ գոր­ծըն­թա­ցը։ Ով որ այդ կրցաւ ը­նել, իր դիր­քե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս ուղ­ղա­կի ընդ­հան­րա­ցած պի­տի տես­նէ։ Ու­րեմն հասկ­նա­լի է, թէ սա պարզ պայ­մա­նա­գիր չէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ, այլ այդ պայ­ման­նե­րը պի­տի թե­լադ­րո­ւին վե­րեւ նշո­ւած ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րուն կող­մէ։

— Ի՞նչ կ­՚ակն­կա­լէք ­Յու­նաս­տա­նէն որ­պէս բա­րե­կամ եւ դաշ­նա­կից եր­կիր։

­Մենք կը տես­նենք թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մի յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, գիտ­նա­լով որ ծրագ­րի կեդ­րո­նը Ան­գա­րան է։  ­Կը տես­նենք, թէ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ։ ­Թէ՛ ­Պալ­քան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ, թէ Ա­րա­բա­կան թե­րակղ­զիի վրայ, եւ այդ պա­տա­հա­կան չէ, ո­րով­հե­տեւ Էր­տո­ղան նո­րօս­մա­նեան մտայ­նու­թիւ­նը յա­ռաջ կը քշէ։ ­Պարզ է, որ այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սպառ­նա­լիք է դրա­ցի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար. ոչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի, ոչ միայն ­Կիպ­րո­սի, ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, ­Լի­պիոյ հա­մար։ Այս կե­ցուած­քը պէտք է թե­լադ­րէ այս եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, որ ի­րենք հար­կադ­րո­ւած են միա­ւո­րո­ւե­լու հա­կաթր­քա­կան կամ հա­կա­փանթրքա­կան դա­շինք մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Կը կար­ծեմ, որ ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով գէթ, այս­պի­սի քայ­լեր կ­՚առ­նո­ւին։ ­Կը տես­նենք միա­ցեալ ռազ­մա­փոր­ձե­րը, որ շատ ող­ջու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն է եւ դրա­կան յոյս կու­տայ։
­Կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում մը։ ­Թուր­քիան մշտա­պէս Ա­լիե­ւին կը պար­տադ­րէր, որ ճանչ­նայ իր կող­մէ գրա­ւո­ւած ­Կիպ­րո­սի բա­ժի­նը։ Իսկ Ա­լիեւ կը հա­կա­դար­ձէր, որ ե­թէ ճա­նա­չու­մի յա­ռա­ջա­նայ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հիմ­քով, Ար­ցա­խի պա­րա­գան կրնայ ի­րենց դէմ դառ­նալ։ Իսկ հի­մա, երբ Ար­ցա­խը պար­տո­ւած է վեր­ջին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով, կրկին աշ­խու­ժա­ցած է այս թե­ման, եւ ար­դէն հան­դի­պում կա­յա­ցած է գրա­ւուած ­Կիպ­րո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ, խոս­տում­ներ տրո­ւած են եւ պայ­մա­նագ­րի նա­խա­գիծ մը կը պատ­րաս­տո­ւի։ Ա­լիե­ւը պի­տի չկա­րո­ղա­նայ ընդ­դի­մա­նալ Էր­տո­ղա­նի պար­տադրան­քին եւ օր մը կրնայ եր­թալ այդ քայ­լին։ ­Հոս հար­ցա­կա­նը յստակ է։ Ե­թէ այդ­պի­սի քայլ մը կա­տա­րէ Ա­լիեւ, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րը պի­տի եր­թա՞ն հա­մա­կար­գո­ւած նշա­նա­կու­թեամբ քայլ առ­նե­լու, օ­րի­նա­կի հա­մար ճանչ­նալ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ հոն ար­ցա­խա­հա­յե­րու վե­րա­դառ­նա­լու ի­րա­ւուն­քը։ Այս շատ կա­րե­ւոր եւ ա­ռանձ­քա­յին խնդիր է, կը կար­ծեմ, որ պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան խո­ղո­վակ­նե­րով մեր բա­րե­կամ­նե­րուն հետ աշ­խա­տանք­ներ պէտք է տա­րո­ւին այս ուղ­ղու­թեամբ։
Ան­շուշտ՝ ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մէջ այս պե­տու­թիւն­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ շատ ար­դիւ­նա­բեր ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը կը բխի բո­լոր այս պե­տու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հե­րէն։

— Շ­նոր­հա­կալ ենք։