«Արցախ. Վտանգված Ժառանգութիւն» Եռալեզու Պատկերագիրքին Շնորհանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 27-ին, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Արցախ. վտանգված ժառանգություն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհանդէսը։ Անիկա լոյս տեսած է Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ։ Պատկերագիրքը կազմած է ՀՃՈՒ հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:

Անիկա հրատարակուած է Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին հետ համագործակցութեամբ։ Գիրք-ալպոմի կազմելուն օժանդակած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը։

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան Համազգայինի ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսըր, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆէսըր Վահրամ Բալայեանը, կազմողը՝ Րաֆֆի Քորթոշեանը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, յուշարձանագէտ Սլաւա Սարգսեանը, Արցախի նախկին ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը։

Ներկաները կարեւոր համարեցին գիրքին գոյութիւնը իբրեւ թշնամիին կողմէ իրականացուող կեղծ քարոզչութեանը հակադարձող եւս մէկ միջոց։

«Մեզ թւում էր ապահովել ենք թէ՛ մեր ժողովրդի խաղաղ ապրուստը իր հայրենի հողում, թէ՛ նաեւ այդ ժողովրդի միջոցով յուշարձանների պահպանութիւնը։ Ցաւօ՛ք, այսօր այս իրավիճակում ենք»,- գիրքի շնորհանդէսին ընթացքին նշեց Րաֆֆի Քորթոշեան։

Ան ընդգծեց, որ ոչ միայն թուղթի վրայ, այլ թուղթի՝ գիրքի միջոցով պէտք է փորձենք պահել Արցախի յուշարձանները Արցախի մէջ:

Ըստ Արտաշէս Շահբազեանի՝ պայքարը պէտք է շարունակուի, հաւանաբար նոր սկիզբէն, հաւանաբար նոր հանգրուանէն, բայց այո՛, նաեւ այսպէս պէտք է պայքարը շարունակենք` մեր հայրենիքին վերատիրանալու եւ արդարութիւնը եւ մեր իրաւունքը վերահաստատելու համար։

Շնորհաւորելով գիրքի հրատարակման առիթով, Շահբազեան յոյս հայտնեց, որ անիկա պիտի յայտնուի դիւանագիտական սեղաններու վրայ։ Ընդգծեց, որ ընելիքներ դեռ շատ կան։

Ռուզան Առաքելեանի խօսքով՝ գիրքը փաստաթուղթ է մեր ձեռքին` եկող սերունդներուն փոխանցենք, որ ոչ թէ Արցախը իր պատմամշակութային տարածքով ընդամէնը յիշողութիւն դառնայ, այլ զգոն պահէ անոնց, որպէսզի մտապահեն Արցախ վերադարձնելու երազանքը։

«Տեսնելով՝ ինչ ենք թողել թշնամուն, մարդու ներաշխարհը տակնուվրայ է լինում։ Համոզուած եմ, որ այս գիրքը սերունդների է տեղից շարժելու։ Եթէ մենք այսօր ասենք, որ Արցախը կորցրել ենք՝ վաղակատարով, ուրեմն նշանակում է՝ որպէս ազգ արժանի չենք մեր նախորդներին, որոնք ահռելի ու հզօր քաղաքակրթութիւն ենք ստեղծել։ Եթէ մենք մէկ անգամ ապացուցեցինք, որ հնարաւոր է աշխարհը շուռ տալ եւ Արցախ ազատագրել, ուրեմն մենք այս գաղափարը կարող ենք փոխանցել մեր սերունդներին եւ մի օր արժանանալու ենք լիակատար ազատագրման։ Յորդորում եմ չվհատուե՛լ»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

«Հայ ժողովրդի արցախեան հատուածի ժառանգութիւնը միայն պարզապէս եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, յուշարձաններ չեն, այլ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն գրաւականը։ Այս պատկերագրքով փորձում ենք կանգնեցնել մոռացութեան տրուելու մարտահրաւէրը»,- իր հերթին ընդգծեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Ան յոյս յայտնեց՝ նշելով, որ մենք դեռ առիթ պիտի ունենանք կրկին Ստեփանակերտի, Հադրութի ու Շուշիի մէջ այլ շնորհանդէսներ կազմակերպելու։

Կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատկերագիրքի լոյս ընծայման առիթով իրենց հովանաւորութիւնը ցուցաբերած անձերուն՝ Նիւ Եորքի ՍԲ ԳՐ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանին, բժիշկ Անտրէ Էլիասեանին, ուսուցչուհի Մէկի Քաւարեանին։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ