Սլաք. Յաղթանակը Մե՛րն Է․ Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շաբաթ յետմիջօրէին, գործէն տուն վերադառնալէս ետք, ազատ ժամանակէս օգտուելով, Ամանորի աւանդութեան համաձայն, որոշեցի ձեռնարկել տօնածառ շտկելու ինծի համար հաճելի եւ հոգեշահ աշխատանքին:

Երեկոյեան գոհունակ սրտով աշխատանքս աւարտին հասցուցի եւ հոգեկան բաւարարութեամբ մը տօնածառը եւ Ամանորը դիմաւորելու հաճոյքը պիտի ըմբոշխնէի, երբ տան դուռը զարնուեցաւ եւ մտաւ Կարէնը:

ՀՄԸՄ¬ի ակումբէն վերադառնալով` գեղեցկօրէն զարդարուած տօնածառը տեսնելէ եւ ջանասիրութիւնս ու յոգնութիւնս դրականօրէն գնահատելէ ետք ան ըսաւ.

– Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները տուն-տեղ կորսնցուցին, գաղթական դարձան, որքա՜ն դժուարին պայմաններու տակ կ՛ապրին, իսկ մենք հոս տօնածառ կը շտկենք ու Նոր տարուան ուրախութիւնը դիմաւորելու մասին կը մտածենք:

Մանչուկիս խօսքերը ցնցեցին էութիւնս, եւ աչքիս առջեւ պատկերուեցան այն երանելի օրերը, երբ առաջին (եւ գուցէ վերջի՞ն) անգամ Արցախ այցելեցի եւ վայելեցի մեր աննման լեռնաշխարհին չքնաղ բնութիւնը եւ անոր արիասիրտ ժողովուրդին ջերմ ու տոհմիկ հիւրասիրութիւնը:

Կարէնին խօսքերուն առաջին պատասխանս, նոյնիսկ առանց մտածելու, եղաւ.

– Այո՛, արցախցիք տեղահան եղան, տուն-տեղ, պարտէզ, այգի, ամէն ինչ կորսնցուցին: Բայց աւելի՛ն. նիւթական կորուստները կը փոխարինուին, կը մոռցուին, իսկ հայրենիքի կորո՞ւստը… Դրախտանման Արցախը գնա՜ց, պարպուեցաւ իր բնիկ ժողովուրդէն…

* * *

… 2016 թուականն էր: Տաթեւ, Գորիս եւ Խնձորեսկ այցելելէ ետք, Բերձորի ճանապարհով մտանք Արցախ: Հասանք Շուշի: Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին իր գեղեցկութեամբ, վեհութեամբ եւ սրբութեամբ համակեց էութիւնս: Մոմ մը վառեցի եւ Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ծնրադիր աղօթեցի ազգիս եւ հայրենիքիս եւ ի մասնաւորի Արցախի խաղաղութեան, բարօրութեան, բարգաւաճման եւ հոգեւոր, մտաւոր, բարոյական, ինչպէս նաեւ տնտեսական վերելքին համար:

Ստեփանակերտէն անցնելով` այցելեցինք Ծաղկաշատ` Նիկոլ Դումանի եւ Խանասորայ Վարդանի ծննդավայր գիւղը: Մտայ քաջարի հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը:

Յեղափոխական աւանդներով սնանած, Նոր Ատանա թաղի «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ իբրեւ պատանի եւ ԼԵՄ¬կան կազմաւորուած` ամբողջ էութեամբս ըմբռնեցի մեր քաջ ֆետայապետին եւ զինուորական տեսաբանին մտքին եւ հոգիի, հայրենիքին ու ազգին նուիրուածութեան բացառիկ կերպարը:

Ճանապարհը շարունակեցինք դէպի Գանձասար: Հոգեւոր եւ նուիրական այս մեծ սրբավայրին մէջ պահուած է Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը: Աղուանից կաթողիկոսութեան աթոռանիստ եւ հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր օճախ, վեհօրէն թառած անտառախիտ լեռներու բարձունքին, հնադարեան վանքը անբացատրելի զգացումներ արթնցուց  մէջս: Մշուշով պատած լուռ մենութեան մէջ զայն տեսայ այնպէս, ինչպէս որ պատկերացուցած էի մտքիս մէջ:

Գանձասարէն Ստեփանակերտ վերադառնալէ ետք այցելեցինք Ամարաս, եւ խունկ ու մոմ վառեցինք մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռ եւ Արցախ աշխարհի ու Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածող Ս. Գրիգորիսի աճիւններուն առջեւ:

* * *

Այս բոլորը մտաբերելով եւ այսօրուան դառն իրականութիւնը պատկերացնելով, որ այս բոլոր սրբութիւնները, անգին աւանդները այսօր պղծուած են թշնամիին կողմէ, էութիւնս լեցուեցաւ անհուն տրտմութեամբ:

Եւ ես ինծի հարց կու տամ. այսօր ի՞նչ կ՛ընենք մենք մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն վիշտը ամոքելու ու անոնց դառնութիւնը կիսելու համար:

Հայրս ունէր խօսք մը, զոր յաճախ կը կրկնէր. «Ամէն ժողովուրդ իր խաչը ունի, մեր խաչը մերինն է: Պէտք է տոկանք, յարատեւենք, քաջաբար կրենք մեր խաչը»:

Խաչի ճանապարհը երկար է, փշոտ եւ տատասկոտ, բայց հայ քրիստոնեայի մեր նկարագիրին անյարիր է յուսահատութիւնը: Պէտք է մտածենք տոկալու, գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու մասին:

Յաղթանակը մե՛րն է: