ՄԱԿ-ի Զեկուցողը պաքուին Իր Մտահոգութիւնը Փոխանցած Է Արցախի Մէջ Հայկական Ժառանգութեան Ոչնչացման Առնչութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաստատած է, որ Մշակութային իրաւունքներու ոլորտէն ներս ՄԱԿ յատուկ զեկուցողը հաղորդագրութիւն-հարցում ուղարկած է ազրպէյճանին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման մասին:

«Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ ժողովուրդի, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու թիրախաւորման, միջազգային մարդկային իրաւունքի խախտումներուն մասին: Հաղորդագրութիւնը կ’անդրադառնայ ՄԱԿ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 7 Դեկտեմբեր 2021-ի վճիռին, կը ներկայացուի սրբավայրերու, գերեզմանատուներու ոչնչացման, «աղուանացման» զեղծարարութեան, հակագիտական մօտեցումներու, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի եզրոյթով տարածուող կեղծ օրակարգի, հայերուն նկատմամբ ատելութեան խօսքի, 19 Սեպտեմբերի յարձակումին եւ ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցերու մասին տեղեկատուութեան», փոխանցած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան իր մեկնաբանութեան, որ հրապարակուած է գերատեսչութեան կայքին մէջ:

«Յատկանշական է, որ ՄԱԿ յատուկ զեկուցողները բազմիցս անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէն ԼՂ ժողովուրդի իրավունքներուն՝ մշակութային իրաւունքներու խախտումներուն, հայկական ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղաթիւրման դէպքերուն:

Ցաւօք, նոյնիսկ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի վերոնշեալ՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը չէ կեցուցած հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: Այո, այն զուգորդուած է նաեւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումներով, ՀՀ տարածքի եւ ԼՂ պատմութեան մասին հակագիտական զեղծարարութեամբ»,- ընդգծած է Պատալեան:

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Երեւան կարեւոր կը համարէ միջազգային հանրութեան կողմէ այս իրողութիւններու փաստագրումը, «Որ առաջնային նշանակութիւն ունի նմանօրինակ ոճրագործութիւններ կանխելու և տարածաշրջանի մէջ երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատութեան համար»: