Եշիլգիւղի Եկեղեցապատկան Տարածքի Վերջին Գիշերաբոյսերու Վերացման Համար Դատական Գործընթաց Կը Սպասուի

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եռուզեռ ստեղծուած էր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ մինչ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ թաղի վարժարանին ի նպաստ հանգանակութեան։ Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ համախմբուեցան Եշիլգիւղի մէջ եւ իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձուցին թաղին դպրոցը։

Հարկ է նշել, որ Եշիլգիւղի պարագային համայնքային շրջանակներէն ներս դրական եւ յուսադրիչ սպասում մը խնդրոյ առարկայ է։ Երէկուան արարողութիւնները առիթ դարձան, որ թաղային խորհուրդը հերթական անգամ համայնքային շրջանակները լուսաբանէ՝ եկեղեցւոյ յարակից ազգապատկան կալուածի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատումէն վերջ, ներկայիս եկեղեցւոյ յարակից ընդարձակ տարածքին վրայ աստիճանաբար մաքրագործման աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։ Այժմ մնացած են վերջին չորս գիշերաբոյսերը։ Անոնց վերացման համար կը սպասուի դատական իշխանութիւններու որոշման։ Այդ գիշերաբոյսերու հարցի լուծումէն վերջ կը նախատեսուի ընդարձակ կրթական համալիրի մը շինարարութիւնը։ Թաղային խորհուրդը այս փուլին համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուցած է, որ 600 աշակերտի տարողութեամբ նոր կրթական համալիրի մը կառուցումը կը ծրագրուի։

Այս ակնկալութիւնները պայմանաւորեցին երէկուան արարողութիւններուն մթնոլորտը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց աշխարհիկ հանդիսութեան եւս՝ իր կողքին ունենալով հոգեւոր հայրերը։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, համայնքային վարիչներ, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Անի Քալայլըի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, որ ընդհանուր բացատրութիւններ տուաւ Եշիլգիւղի ընտանիքի կացութեան եւ դիմագրաւած պիւտճէի դժուարութիւններուն շուրջ։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները արժանացան ծափահարութիւններու։

Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ 9 միլիոն լիրա պիւտճէի բաց մը յայտարարուած էր եւ այս գումարին միայն 6 միլիոնը կարելի եղաւ հանգանակել երէկուան նուիրահաւաքի արդիւնքով։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքով եւ միասնական աղօթքով։