Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւնները Ցեղասպանութիւն Պիտի Իրականացնեն Բառիս Բոլոր Իմաստներով. Բագրատ Սրբազան (տեսանիւթ)

Հայաստան, Տեսադարան

Այն ինչ տեղի կ՝ունենայ, կրնայ դառնալ մեր պատմութեան բեկումնային կէտը, բայց կրնայ նպաստել նաեւ մեր պետութեան ամբողջական վերականգնման ու հզօրացման։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, ըսած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ, եպիսկոպոս Բագրատ Գալստեան։

Ան անընդունելի կ՝անուանէ հայկական հողերուն, ներառեալ՝ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող հողերուն զիջումը։ Անոր խօսքով` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ցեղասպանութիւն պիտի իրականացնեն բառիս բոլոր իմաստներով. «Մեզի ներշնչած են անելանելիութեան գաղափարը եւ այդ թոյնը աստիճանաբար կը թափանցէ ամէն տեղ, բայց մենք պէտք է պայքարինք մեր արժանապատուութիւնը վերականգնելու համար։ Վտանգուած է գոյութեան իրաւունքը, մեր ինքնութիւնը, մեր արժէքները, մենք կանգնած ենք ապրել-չապրելու երկընտրանքին առջեւ»,- ընդգծած է առաջնորդը։