ԼՂՀ Անկախութեան Օգտին Քուէարկած է Ընտրողներուն 99,89 Տոկոսը. Արցախի Մէջ Ռուսական Համայնքի Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մէջ ռուսական համայնքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի.

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակուած է 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ ազրպէյճանական ԽՍՀ ժողովրդական պատգամաւորներու Շահումեանի շրջանային խորհուրդներուն համատեղ նիստին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) եւ շրջակայ ազրպէյճանական ԽՍՀ Շահումեանի շրջանի սահմաններով։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէն իրականացուած է 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին։

Հանրաքուէն հարցուց.

«Համաձա՞յն էք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ըլլայ անկախ պետութիւն՝ ինքնուրոյն որոշող այլ պետութիւններու եւ համայնքներու հետ համագործակցութեան ձեւերով»։

ԼՂՀ անկախութեան օգտին քուէարկած է ընտրողներուն 99,89 տոկոսը»։