Մենք Պիտի Չի Հանդուրժենք Հայ Ազգին Շահերը Ոտնահարող Պարտադրուող Համաձայնութիւնները․ ՀՅԴ Բիւրօ

Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութիւն

Մայիս 22, 2023-ի մամլոյ ասուլիսով ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող անձը անթաքոյց յայտարարեց Արցախը եւ Տաւուշի ու Արարատի մարզերու նախկին անկլաւները ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու մասին, որ ՀՀ վարչախումբին կողմէ հետեւողական կերպով իրականացուող հակապետական եւ հակազգային քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է։

Թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի հետ ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը ծրագրուած կերպով կը փորձէ կոտրել մեր ժողովուրդին դիմադրութեան ոգին՝ անխուսափելի կործանման տանելով երկիրը։

Պարտութիւններու, կորուստներու, նուաստացումներու ընթացքը կը թեւակոխէ նոր փուլ։ Այս իշխանութեան պաշտօնավարման ամէն մէկ օրն ու ժամը այլեւս գոյութենական սպառնալիք է։

Սակայն, ամէն ինչ դեռ կորսուած չէ, վիճակը հնարաւոր է շտկել, մենք ունինք այդ ներուժը։ Ազգային ուժերու ջանքերուն մէկտեղմամբ անհրաժեշտ է օր առաջ վերականգնել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ բեկում մտցնել վիճակին մէջ։ Ուժեղ, արդար, արժանապատիւ Հայաստանն է գրաւականը մեր անվտանգութեան ու ապագայ յաջողութիւններուն։ Բայց նախ պէտք է կանխել կենսական զիջումներ պարտադրող անձնատուական (կապիտուլացիոն) նոր պայմանագրերու ընդունումը՝ բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում։

Հայաստանի որեւէ իշխանութեան որեւէ գործողութիւն, որ կասկածի տակ կը դնէ Արցախի մէջ իրականացուած հանրաքուէներուն արդիւնքները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու անոր անքակտելի մասը կազմող անկախութեան հռչակագիրը, ի սկզբանէ առ ոչինչ է։

Մենք պիտի չի հանդուրժենք հայ ազգին շահերը ոտնահարող պարտադրուող համաձայնութիւնները։ Արժանապատիւ ու հայրենատէր բոլոր հայերը այս առումով ընելիք ունին։ Մենք կը հաւատանք՝ միասին կրնանք բեկել պատմութեան ընթացքը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
23 Մայիս, 2023