Թանգարաններու Միջազգային Օրուան Առիթով Արցախի Մէջ Շարք Մը Ձեռնարկներ Պիտի Կազմակերպուին

Այլեւայլ, Հայաստան

Մայիս 18-ին եւ 20-ին «Թանգարաններու միջազգային օր» եւ «Թանգարաններու գիշեր» ծրագիրներուն ծիրէն ներս՝ Արցախի մէջ կը նախատեսուին շարք մը ձեռնարկներ։

Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ Թանգարաններու միջազգային օրուան ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Մայիս 18-ին, ժամը 12:00-ին,  Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ կը նախատեսուի «Արցախեան գորգերու առեղծուածը» խորագիրով ցուցահանդէս:

Մայիս 20-ին, ժամը 15:00-ին, կ՝իրականացուի կարպետագործութեան դասընթաց: Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ, Մայիս 18-ին, ժամը 16:00-ին տեղի կ՝ունենայ «Յիշողութեան պահապանները» խորագիրով ցուցադրութիւն, «Բացայայտենք արուեստը» թեմայով զարգացման խաղ: Նոյն օրը, ժամը 19:00-ին, Ստեփանակերտի մէջ կը կայանայ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նոր հաւաքածուին ցուցադրութիւնը: 

Քաշաթաղի շրջանի երկրագիտական թանգարանին կողմէ, Մայիս 18-ին, ժամը 11:00-ին, կը կազմակերպուի «Թանգարանային արժէքներու պահպանման խնդիրը աղէտներու ժամանակ» թեմայով դասախօսութիւն:

Մայիս 20-ին, ժամը 20:00-ին, Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած է Արցախի պետական երգչախումբին համերգը՝ «Երաժշտութեան գոյները» խորագիրով:

Ասկերանի պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ, Մայիս 18-ին, ժամը 15:00-ին, տեղի կ՝ունենայ «Ասկերանի պատմաճարտարապետական յուշարձանները» թեմայով դասախօսութիւն, իսկ Մայիս 20-ին՝ «Եղեռն՝ եղեռնէն ետք» թեմայով:

Մարտունիի պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ դասախօսութիւնը կ՝ըլլայ «Հայկական խաչքարերը որպէս մեր ինքնութեան վկաներ» թեմայով՝ Մայիս 18-ին,  ժամը 14:00-ին, իսկ Մայիս 20-ին, «Արցախեան ազգագրութիւն» թեմայով՝ ժամը 15:00-ին:

Բերդաշէնի պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ կը կայանայ «Բերդաշէնի հնավայրերը» թեմայով դասախօսութիւն, Մայիս 18-ին, ժամը 15:00-ին, իսկ Մայիս 20-ին՝ «Սահման դարձած իմ Բերդաշէն» թեմայով:

Նոյն օրը, Կոլխոզաշէնի պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ դասախօսութիւնը «Ամարասը հայ դպրութեան կեդրոն» թեմայով՝ ժամը 14:00-ին, իսկ Մայիս 20-ին՝ «Մեր գիւղի սրբավայրերը» թեմայով՝ ժամը 15:00-ին:

Մարտակերտի պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ «Մարտակերտի մարդակերպ կոթողները» խորագիրով ցուցադրութիւն եւ դասախօսութիւն, ժամը 14:00-ին, իսկ Մայիս 20-ին «Ազգային ուտեստ» թեմայով դասախօսութիւն-ձեռնարկ՝ ժամը 15:00-ին: