ԱՄՆ-ն ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայկական Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Ոչնչացնելու Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ պետական բաժանմունքը հրապարակած է ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) 2022 թուականի կրօնական ազատութեան վերաբերեալ զեկոյցը, ըստ որուն, ազրպէյճանը ներառուած է յատուկ հսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու ցանկին վրայ:

Ըստ զեկոյցին՝ 2022 թուականին ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան վիճակը ունեցած է բացասական շարժ։

Զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, ազրպէյճանի կողմէ հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման մասին:

«Միջազգային մարմիններն ու այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն կասկածի տակ դնել ազրպէյճանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Փետրուարին, նախկին մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը յայտարարած էր աշխատանքային խումբի ստեղծման մասին, որուն նպատակն էր եկեղեցիներէն հեռացնել Հայ Առաքելական արձանագրութիւնները, որոնք ան անուանած էր «անիրական»: Ըստ ամենայնի, կառավարութիւնը հրաժարած է այդ ծրագիրէն՝ միջազգային հանրութեան վրդովմունքէն ետք, իսկ Մարտին, Եւրոխորհրդարանը դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու եւ ժխտելու ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

USCIRF-ը խորհուրդ կու տայ ԱՄՆ կառավարութեան «ֆինանսաւորում տրամադրելու ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ այլ կրօնական կամ մշակութային վայրերու վերականգնման, պահպանման եւ պաշտպանութեան համար»: