չաւուշօղլուն Կը Սպառնայ Նոր Միջոցներու Դիմել, Եթէ Երեւանի Մէջ «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանը Չկազմաքանդուի

Աշխարհ, Հայաստան

թրքական NTV-ի ուղիղ եթերով թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն մեկնաբանած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը կազմակերպած հայ վրիժառուներուն նուիրուած աղբիւր-յուշակոթողի տեղադրումը Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ խօսած ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն ու ներկայացուցած շարք մը անհիմն պնդումներ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Մենք մեր անկեղծութիւնը ցոյց տուինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով։ ազրպէյճանի հետ ալ խորհրդակցելով ու համակարգելով՝ որոշ քայլեր ըրինք․ օրինակ՝ մեր օդային սահմանը բացինք, սկսան ուղիղ թռիչքներ, մեկնարկեց բեռնափոխադրումային առեւտուրը, յառաջիկային սահմանի բացման հնարաւորութեան պատրաստ ըլլալուն համար սահմանին որոշ համատեղ կամ առանձին-աշխատանքներ կան։

Երբ այս յարաբերութիւնները, երկխօսութիւնը կը սկսէինք, ո՛չ Հայաստանը մեզի ըսաւ՝ ճանչցէք այսպես կոչուած ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ալ մենք ըսինք, որ միայն այդ պարագային պիտի յաջողի, եթէ անկէ հրաժարիք»,- ընդնգծած է չաւուշօղլուն:

Ներկայացնելով շարք մը անհիմն պնդումներ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին, չաւուշօղլուն նշած է, որ ի պատասխան Երեւանի այդ քայլին՝ թուրքիան Հայաստանի համար փակած է իր օդային տարածքը:

«Անշո՛ւշտ, ուղիղ թռիչներ կան։ Մեր Պեգասուսը, կարծեմ, կը թռչի այս պահուն։ Սակայն, մեր օդային տարածքով Եւրոպա կը թռչին, այլ վայրեր կը թռչին։ Միայն Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի այս հաւաքին համար թուրքիա պիտի գայ, ատիկա արտօնեցինք, քանի որ միջազգային հաւաք է, ատիկա բացառութիւն է, մինչդեռ, ատկէ զատ, VIP թռիչքները ներառեալ՝ թռիչքները այլեւս թոյլ պիտի չի տանք»։

Այնուհետեւ չաւուշօղլուն սպառնացած է, որ թուրքիան պիտի չի բաւարարուի միայն օդային տարածքի փակումով, պիտի շարունակէ յաւելեալ միջոցներ ձեռնարկել, եթէ չկազմաքանդուի «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողը։

«Անհնար է, որ մենք ընդունինք ատիկա։ Յստակ կերպով տեսանք, որ անոնք բարի մտադրութիւն չունին։ Ներողութիւն, բայց թող չըսեն, թէ ատիկա մեր լիազօրութիւնը չէ, թող չփորձեն խաբել մեզի»,- երզափակած է թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։