Դադիվանքը Խաղաղապահներու Վերահսկողութեան Տակ է․ Կը Դատապարտենք ազրպէյճանի Յայտարարութիւնները. ԱՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Խստիւ կը դատապարտենք ազրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի նախագահին կողմէ Մայիս 2-ին եղած յայտարարութիւնը, թէ հայ վանականները պէտք է լքեն Դադիվանքը, քանի որ անիկա իբր կը պատկանի Կովկասեան Ալպանիային եւ վաղ թէ ուշ պիտի կառավարուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ: Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ՝ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման ուղղուած ազրպէյճանի քաղաքականութեան մասին:

«ազրպէյճանի պետական մարմնի ղեկավարի այդ յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշման կոպիտ խախտում եւ հերթական անգամ կ՝ապացուցէ, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնները ծրագրուած գործողութիւններով քայլ առ քայլ կ՝իրականացնեն Արցախի հայաթափման, հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման հետեւողական քաղաքականութիւն։

Այս ծիրէն ներս հարկ կը համարենք յիշեցնելու, որ 2020 թ. Նոյեմբերէն Դադիվանքը կը գտնուի ՌԴ խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, որոնք կոչուած են ապահովելու քաղաքացիներու անխափան եւ անվտանգ մուտքը սրբավայր։ Աւելին, UNESCO-ն, իբրեւ համաշխարհային առաջնակարգ մասնագիտացուած կազմակերպութիւն, բազմիցս ընդգծած է, որ պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ քաղաքական նպատակներու գործիք դառնայ, եւ կոչ ըրած է բոլոր անդամ պետութիւններուն յարգելու այս սկզբունքը ամբողջ աշխարհի մէջ։

2020 թ․ պատերազմի եւ Արցախի տարածքներու բռնագրաւման իբրեւ արդիւնք՝ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են շուրջ 1.5 հազար հայկական պատպամշակութային եւ կրօնական յուշարձաններ, որոնց մէջ՝ վանքեր, եկեղեցիներ, խաչքարեր, հնագիտական վայրեր, բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլն: Յարձակման 44 օրերուն ընթացքին ազրպէյճանի զինուած ուժերը դիտաւորեալ թիրախ դարձուցած, ոչնչացուցած կամ պղծած են բազմաթիւ յուշարձաններ եւ սրբավայրեր, իսկ պատերազմէն անմիջապէս ետք՝ ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը նախաձեռնած է հայկական պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան «ալպանիզացման» քաղաքականութիւն՝ փորձելով ջնջել Արցախի մէջ հայկական հազարամեայ ներկայութեան բոլոր հետքերը եւ ներկայացնելով կեղծ պատմական թեզեր՝ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումն ու այլափոխումը արդարացնելու նպատակով։ Մասնաւորապէս, 2021 թ․ Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղ այցելութեան ժամանակ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւը, մատնացոյց ընելով Ծաղկավանքի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ (XII դ․) հայերէն գրութիւնները, նշած է, թէ անոնք կեղծ են, եկեղեցին ալպանական է եւ անձամբ հրամայած է ջնջել այդ գրութիւնները: Աւելի ուշ ազրպէյճանի մէջ նոյնիսկ ստեղծուած է «ալպանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներ»-ու աշխատանքային խումբ, որուն նպատակն էր այսպէս կոչուած «ալպանական տաճարներ»-էն հեռացնել «հայերուն ձգած կեղծ հետքերը»։ ազրպէյճանական վանտալութեան վառ օրինակներէն են նաեւ պատերազմի ժամանակ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, իսկ այնուհետեւ վերանորոգման քողի տակ իրականացուող այլափոխումը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (Կանաչ ժամ) ոչնչացումը, Մեխակաւանի հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ ամբողջական աւերումը եւ այլն։

Վանտալութեան այս բոլոր դէպքերը, ինչպէս նաեւ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային վայրերու եւ յուշարձաններու վիճակի գնահատման եւ անոնց պահպանութեան նպատակով UNESCO-ի առաքելութեան մուտքը մերժելու ազրպէյճանի հետեւողական քաղաքականութիւնը կը վկայեն, որ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական կոթողները վտանգուած են. անոնք կամ կ՝այլափոխուին, կամ կ՝ոչնչացուին ազրպէյճանի վարած հայատեաց պետական քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք:

Այսպիսով, ազրպէյճանը, փորձելով ամէն կերպով դուրս մղել արցախցիները իրենց պատմական հայրենիքէն, Արցախի դէմ կը վարէ ոչ միայն ցեղական զտման, այլ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն։

Կրկին կը դիմենք ողջ միջազգային հանրութեան, համապատասխան բոլոր միջազգային կառոյցներուն, եւ առաջին հերթին՝ UNESCO-ին, յորդորելով ձեռնարկել հրատապ եւ արդիւնաւէտ քայլեր՝ ապահովելու միջազգային առաքելութիւններուն եւ համապատասխան փորձագէտներուն մուտքը Արցախի գրաւեալ տարածքներ՝ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային վայրերու եւ յուշարձաններու վիճակը գնահատելու եւ միջազգային պաշտպանութեան տակ առնելու նպատակով»։