Դաւիթ Սիմոնեանը՝ Բռնցքամարտի Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Բռնցքամարտիկ Դաւիթ Սիմոնեանը ոսկի մետալ նուաճած է Երեւանի մէջ ընթացող երիտասարդներու Եւրոպայի առաջնութեան:

Armsport-ի տեղեկութիւններով՝ 86 քկ քաշայիններու եզրափակիչին Սիմոնեանը մենամարտած է Իտալիոյ ներկայացուցիչ Ճոնաթան Բիսանոյի հետ եւ վստահ յաղթանակ տարած մրցավարներու որոշումով:

Սիմոնեանը առաջին անգամ դարձած է երիտասարդներու ԵԱ-ի ոսկէ մետալակիր:

Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ, 80 քկ քաշային Աղուան Ալեքսանեանը նուաճած է արծաթէ մետալ՝ եզրափակիչ մենամարտին զիջելով Չեռնոգորիայի ներկայացուցիչ Միրգօ Սարչեւիչին 1:3 հաշուով:

Այսպիսով, Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ հայ երիտասարդ բռնցքամարտիկները նուաճած են 1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալ՝ Եւրոպայի առաջնութեան: