Տիարպեքիրի Մէջ Յարգած են Դանիէլ Վարուժանի Յիշատակը

Աշխարհ, Էրկիր

Մարդու իրաւունքներու միութեան՝ Տիարպեքիրի (Ամիտ) մասնաճիւղը կազմակերպած է յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին յարգած են նաեւ Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը։ Ըստ Akunq.net-ի՝ այս մասին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։

Մասնակիցները հաւաքուած են Տիարպեքիր նահանգի Ռեզան (Պաղլար) գաւառին մէջ գտնուող Քոշույոլու այգիին՝ կեանքի իրաւունքը խորհրդանշող յուշակոթողին մօտ եւ բարձրացուցած Թուրքիոյ մէջ անհետ կորսուած անձերու, ինչպէս՝ արեւմտահայ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ճակատագրին հարցը։ Անոնց կողմէ ցուցադրուած լուսանկարներու շարքին տեղ գտած է նաեւ 1915 թ․ Դանիէլ Վարուժանի պատկերը։

Մարդու իրաւունքներու միութեան՝ Տիարպեքիրի մասնաճիւղի Անհետ կորսուածներու հարցով յանձնաժողովի անդամ Ֆըրաթ Աքտենիզը, «Չենք մոռցած, պիտի չի մոռնանք» շեշտելով, ներկայացուցած է Դանիէլ Վարուժանի պատմութիւնը։ Ան մասնաւորապէս յայտնած է, որ Վարուժանը գտնուած է 1915 թ․ ձերբակալուածներուն մէջ, Վարուժանը նախ տարած են մօտակայ ոստիկանական տեղամաս, ապա՝ փոխադրած կեդրոնական կալանատուն։

Աքտենիզը նաեւ նշած է․ «1915 թ․ Ապրիլ 25-ին առանց ձերբակալուածներուն որեւէ տեղեկութիւն տալու՝ Հայտարփաշա կայարանէն անոնց յատուկ շոգեկառքով ուղարկած են Անգարա։ 158 հոգինոց խումբը տարուած է Չանքըրը, իսկ 92 հոգինոցը՝ Այաշ։ Կալանաւորուած այդ անձերէն 174-ը ներկայիս գերեզմանաքար անգամ չունի»։

Աքտենիզը նաեւ աւելցուցած է, որ Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած այդ դէմքերէն մէկն ալ եղած է «չքաւորութեան, ճակատի քրտինքի, աշխատանքի, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան երգիչ» Դանիէլ Վարուժանը։ Ելոյթի աւարտին բանախօսը հակիրճ ներկայացուցած է Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութիւնը։

https://www.birgun.net/haber/kayip-yakinlari-kaybettirilen-sair-tanile-varujanin-akibetini-sordu-430977

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը