Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պելճիքայի Մէջ

Սփիւռք

Պրիւքսէլի, Ապրիլ 24, 2023 –

Պելճիքայի հայութիւնը յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։ Յիշատակման ձեռնարկները սկիզբ առին Պրիւքսէլի հայ առաքելական Սուրբ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ՝ յարգանքի տուրքով, որմէ ետք ներկաները քայլերթով հասան Իքսէլ համայնքի Հենրի Միշօ հրապարակին վրայ տեղակայուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ։ Պելճիքայի հայերու կոմիտէին նախաձեռնութեամբ իրականացած յիշատակման արարողութեան ներկայ էին Պելճիքայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանը, Հիւսիս-Աթլանթեան դաշինքին մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեանը, Պելճիքայի քաղաքական վերնախաւէն ներկայացուցիչներ, փոքրամասնութիւններու համայնքային կառոյցներէն անդամներ։

Պելճիքայի հայերու կոմիտէի նախագահ Ռոպերթ Ունուսեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց, որ համայնքային կառոյցները պատրաստ են համագործակցելու ներկայ քաղաքական գործիչներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցրիչներէն իւրաքանչիւրին հետ՝ մշակելու եւ իրականացնելու գործողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են պաշտպանելու մարդկային հիմնարար իրաւունքները, որոնցմէ արդէն 134 օր է զրկուած է արցախահայութիւնը:

ՀՀ դեսպան Աննա Աղաջանեան իր ելոյթին մէջ յիշեցուց, որ Արցախահայութիւնը արդէն հինգ ամիս է շրջափակման մէջ է եւ արձանագրեց, որ միջազգային հանրութեան համար ատիկա սովորական դարձած է։ Դեսպանին խօսքով ազրպէյճանի նախագահին ելոյթները, որ համահունչ են անցեալի ցեղասպան ղեկավարներու ելոյթներուն, լուրջ հակադարձ չեն ստանար եւ չեն դատապարտուիր, որուն իբրեւ արդիւնք այսօր ալ մէկ դար անց հայութեան կը սպառնայ գոյամաբանական վտանգը։

Իքսէլի համայնքապետ Քրիստոս Տուլգերիտիսը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Իքսէլի համայնքապետարանին համար պատիւ եւ միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն է յիշատակման այս արարողութեան իրենց ամբողջ գործիքակազմով աջակցիլը, քանի որ յիշատակելով կը սորվինք մեր պատմութիւնը ու դասեր կը քաղենք անցեալէն։

Ներկայացուցիչներու պալատին անունով ելոյթ ունեցող Միշէլ տը Մակտը շեշտադրեց՝ լռութիւնը եւ լռողները օր մը կրնան յանցակից դառնալ՝ «Յաջորդ տարի Պելճիքան պիտի նախագահէ Եւրոմիութեան խորհուրդը։ Ասիկա պիտի ըլլայ լծակ, որ մենք պէտք է գործենք՝ Հայաստանի մէջ իրավիճակը միջազգային ասպարէզի մէջ առաջին կէտ մղելու համար»։

Վալոնիա-Պրիւքսէլ ֆեդերասիոնի նախարար-նախագահ Փիեռ-Իւ Ժեհոլէն եւս իր ելոյթին մէջ ընդգծեց յիշողութեան կարեւորութիւնը եւ աւելցուց, որ մարդկութեան հանդէպ իրականացուած այս ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ լռութիւնը մտահոգիչ է։ Երկար ժամանակ աշխարհաքաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական պատճառներով ճշմարտութիւնը ստուէրի մէջ մնացած է եւ այդ լռութիւնն է, որ ճանապարհ հարթած է նոր ոճիրներու համար։

Ապրիլ քսանչորսեան յիշատակման ձեռնարկը աւարտեցաւ Պելճիքայի մէջ Հայոց հոգեւոր հովիւ՝ վարդապետ Զատիկ Աւետիքեանի աղօթք ուղերձով։

Արարողութեան աւարտին, պելճիքայի հայութիւնը բողոքի քայլերթ իրականացուց դէպի Թուրքիոյ դեսպանութիւն։

Օրուան աւարտին, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյթ՝ հայ երաժիշտներու մասնակցութեամբ։

Պելճիքայի հայերու կոմիտէ