Ստեփանակերտի Մէջ Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան 120-ամեակին Նուիրուած Յոբելենական Երեկոյ Կազմակերպուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Ապրիլ 19-ին, Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, կազմակերպուած է յոբելենական երեկոյ՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգահան, խմբավար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ձեռնարկին սկիզբը ներկայացուած է Ա. Խաչատրեանի կենսագրութիւնն ու ստեղծագործական ուղին։

Нет описания.

Երեկոյին ընթացքին հնչած են մեծանուն երգահանի տարբեր տարիներու  ստեղծագործութիւններ։

Нет описания.
Нет описания.

«Դպրոցի աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուած են այս ձեռնարկին, քանի որ անոնց համար ասիկա ունի նաեւ ուսուցողական նշանակութիւն՝ յատկապէս, որ ծրագիրով կ՝անցնինք Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները։ Նման ձեռնարկները այսօր, առաւել քան երբեւէ,  ոգեւորիչ ու կարեւոր են, որովհետեւ կը նպաստեն մեր մշակոյթին ու արցախեան բարձր ոգիի պահպանման»,- ըսած է երաժշտական դպրոցի տեսութեան բաժնի դասատու Զարինէ Թարանեան։

Нет описания.

Ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը։

Нет описания.