Արսէն Յարութիւնեան՝ Եւրոպայի Եռակի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արսէն Յարութիւնեան երրորդ անգամ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը: Խորուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրեպի մէջ աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան՝ 61 քկ քաշայիններու եզրափակիչին՝ Եւրոպայի գործող ախոյեանը մրցեցաւ Ալպանիոյ ներկայացուցիչ Զելիմխան Ապագարովի հետ եւ յաղթեց 5:2 հաշուով: Այս մասին կը հաղորդէ News.Sport.am-ը։

Եւրոպայի կրկնակի ախոյեանը պայքարը սկսած էր քառորդ եզրափակիչէն, ուր 7:0 հաշուով յաղթանակի հասած էր թուրք Էմրահ Օրմանօղլուի նկատմամբ: Կիսաեզրափակիչին՝ ժամանակէն առաջ՝ 9:0 հաշուով յաղթած էր Ֆրանսան ներկայացնող Արման Էլոյեանին: