Վազգէն Թեւանեանը Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Վազգէն Թեւանեանը ոսկի մետալ նուաճեց Զակրեպի մէջ իրականացուող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ News.Sport.am-ը։

Մ23 աշխարհի ախոյեանը 65 քկ քաշայիններու եզրափակիչին մրցեցաւ Մ23 աշխարհի փոխ ախոյեան, երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան, Պուլկարիան ներկայացնող Միքա Սալիմ Նայիմի հետ եւ 12:1 հաշուով տարաւ տպաւորիչ յաղթանակ։

Ասիկա Թեւանեանի առաջին ոսկի մետալն է Եւրոպայի առաջնութիւններուն:

Աշխարհի բաժակի անհատական խաղարկութեան ոսկի մետալակիրը պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէն, ուր 10:0 հաշուով յաղթած էր Իսրայէլի ներկայացուցիչ Ճոշուա Սդիուըրտ Ֆինեսիլվէին: Քառորդ եզրափակիչին Թեւանեանը 4:1 հաշուով առաւելութեան հասած էր ազրպէյճանցի Ալի Ռատիմզատայի նկատմամբ: Կիսաեզրափակիչին Թեւանեանը 12:4 հաշուով տպաւորիչ յաղթանակ տարած է Ուքրանիան ներկայացնող Էրիկ Առուշանեանի նկատմամբ: