Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցին Ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Կը Կազմակերպէ Ամենամեայ Ջահերով Երթը

Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը կըկազմակերպէ ամենամեայ ջահերով երթը։

Ջահերով երթը այս տարի պիտի սկսի Հանարապետութեան հրապարակէն՝ Ապրիլ 23-ին, ժամը 19։15-ին։

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, բոլորը կը հրաւիրէ մասնակցելու ջահերով երթին՝ աշխարհին համազգային միասնականութիւն եւ պայքարը շարունակելու կամք ցոյց տալու համար։

Այս տարի բոլոր ցանկացողները Ջահերով երթին կրնան ըլլալ ջահակիր եւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ տանիլ պայքարի կամք խորհրդանշող ջահը։ Երթին իբրեւ ջահակիր մասնակցելու համար պարզապէս հարկաւոր է լրացնել հետեւեալ առցանց յայտադիմումը։

Միացի՛ր ջահերով երթին, ցոյց տուր աշխարհին, որ հաշտ չես պատմութեան ուրացման եւ թշնամիին ինքնակամ յանձնուելու քաղաքականութեան հետ։

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

17․04․2023 թ