Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի ­Թե­մա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վին

Սփիւռք

Ս­փիւռ­քին պար­զած գո­յա­վի­ճակն ու դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յա­ջոր­դա­բար՝ 2022-ն­ եւ 2023-ը, հռչա­կած էր «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի»՝ լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու հա­մար աշ­խար­հաց­րիւ հայ գա­ղութ­նե­րուն մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու տագ­նապ­նե­րը: Անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին շեշ­տո­ւե­ցաւ սփիւռ­քեան հայ կեան­քի ինք­նաքն­նու­թիւ­նը։ Իսկ այս տա­րո­ւան հայ­րա­պե­տա­կան հռչա­կագ­րով, ­Վե­հա­փա­ռը կը նշէ, թէ քննար­կում­նե­րէն ան­դին՝ պէտք է քննար­կել գոր­ծադ­րու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն եւ մի­ջոց­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս թե­մե­րու շրջագ­ծէն ներս:

Այս ծի­րէն ներս, օգ­տո­ւե­լով Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի հո­սո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թե­նէն ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին, ­Կի­րա­կի, 12 ­Մարտ 2023-ի յետ­մի­ջօ­րէին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ, գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Թե­մա­կան Ե­րես­թո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի յա­տուկ նիստ՝ քննար­կե­լու հա­մար վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թաց­քը: ­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին Ազգ. ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

­Ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց թե­մա­կան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան: Սր­բա­զան հայ­րը նախ ըն­թեր­ցեց ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին 2022-ի սկիզ­բը հրա­պա­րա­կած «Ս­փիւռ­քի ­Տա­րի» հռչա­կա­գի­րէն Ս­փիւռ­քի ներ­կայ վի­ճա­կը բնո­րո­շող, դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նող եւ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ըն­թաց­քին գոր­ծուն ու ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տանք կա­տա­րել թե­լադ­րող հա­տո­ւած­նե­րը: Ա­պա, լայն շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուց ներ­կայ տա­րո­ւան հռչա­կա­գի­րը:

­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, ող­ջու­նե­լով թե­մին մէջ գոր­ծող մար­մին­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝ ը­սաւ, թէ հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է մեր թե­մե­րուն դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը լսել եւ վե­րա­նո­րոգման գոր­ծըն­թացք միաս­նա­բար ծրագ­րել: ­Հայ­րա­պե­տը խօ­սե­լով Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մա­սին, յայտ­նեց, թէ վե­րա­կազ­մա­կեր­պում ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ վե­րա­նո­րո­գում, վե­րա­կեն­սա­ւո­րում ու վե­րաշ­խու­ժա­ցում: Ան ընդգ­ծեց, թէ թե­մե­րը հայ գա­ղութ­նե­րուն ա­ռանցքն են: Իւ­րա­քան­չիւր թեմ, տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով, իւ­րա­յա­տուկ մտա­ծե­լա­կերպ ու գոր­ծե­լա­կերպ ու­նի:

­Կա­րե­լի չէ միա­տե­սակ լու­ծում որ­դեգ­րել, այլ հարկ է իւ­րա­քան­չիւր թեմ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ու վե­րա­նո­րոգ­ման գոր­ծըն­թաց­քը ի՛նք ծրագ­րէ: ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նա­կան դե­րին անդ­րա­դառ­նա­լով ը­սաւ, թէ երբ թեմ կ­՚ը­սենք՝ կը հասկ­նանք ե­կե­ղե­ցի: ­Հայ ե­կե­ղե­ցին հայ կեան­քին մէջ կեդ­րո­նա­կան տեղ գրա­ւած է: 1915-ին, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը ուր որ ալ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ՝ նախ ե­կե­ղե­ցի կա­ռու­ցեց եւ ա­նոր շուրջ հա­ւա­քո­ւե­ցաւ: ­Հե­տե­ւա­բար, կա­րե­լի չէ զայն ձգել իր ներ­կայ վի­ճա­կին մէջ, այլ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը նկա­տենք ե­կե­ղե­ցին ներ­կայ պայ­ման­նե­րու հա­մա­հունչ դարձ­նել: Եւ այս պատ­ճա­ռով, Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսինք թե­մե­րէն, ը­սաւ ­Վե­հա­փա­ռը։

­Հայ­րա­պե­տը յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց, թէ Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը մե­ծա­պէս պի­տի նպաս­տէ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման: Ո՛չ Ս­փիւռ­քը, ո՛չ ­Հա­յաս­տա­նը եւ ո՛չ ալ Ար­ցա­խը ինք­նա­կեդ­րոն ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ են, այլ ի­րենց տար­բե­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, մէկ ամ­բող­ջու­թիւն են: ­Մեր տար­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ տար­բեր դե­րե­րով ու տար­բեր շեշ­տա­ւո­րում­նե­րով ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ միա­սին պէտք է գոր­ծեն մէկ կա­մա­րի տակ: ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մշա­կած շրջա­նա­յին թէ մի­ջազ­գա­յին սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի օգ­նեն ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին:

­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու ինք­նու­թեան հար­ցին, ը­սե­լով՝ «Այ­սօր պայ­ման­նե­րը փո­խո­ւած են: ­Կա­րե­լի չէ հին մտայ­նու­թեան հե­տե­ւե­լով հա­յու ինք­նու­թիւ­նը ո­րո­շել: Ս­փիւռ­քի մէջ հայ ըլ­լա­լը ընտ­րու­թեան հարց է: ­Մենք հայ մնա­լու հա­մար կը տագ­նա­պինք ու կը պայ­քա­րինք: Ուս­տի, մենք մեր ինք­նու­թիւ­նը բնո­րո­շե­լու հա­մար ա­ւե­լի լայն չա­փա­նիշ­նե­րու պէտք ու­նինք»:

­Վե­հա­փա­ռը իր խօս­քը ա­ւար­տեց ը­սե­լով, թէ ար­ծար­ծո­ւած բո­լոր հար­ցե­րը, ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն առն­չո­ւած են հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան: ­Հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն է: ­Փաս­տօ­րէն ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ մեզ­մէ, ա­մէն տեղ:

­Վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րուն ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­ցինք, սա­կայն այ­սօր պայ­ման­նե­րը տար­բեր են. մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը փո­խո­ւած են: Ուս­տի, մեր կա­ռոյց­նե­րը պէտք է գրա­ւիչ դարձ­նել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար: ­Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ այ­սօր մեր ժո­ղո­վէն կը պակ­սին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը. «մեր փա­փաքն է, որ յա­ռա­ջի­կայ ժո­ղով­նե­րուն ներ­կայ ըլ­լան ա­նոնք, ի­րենց սպա­սում­նե­րը ար­տա­յայ­տեն գա­ղու­թի ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն»,- շեշ­տեց ­Հայ­րա­պե­տը:

­Վե­հա­փա­ռի խօս­քէն ետք, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը խօսք ա­ռին եւ քննար­կում­նե­րու ոււ ա­ռա­ջարկ­նե­րու ճամ­բով ներ­կա­յա­ցու­ցին գա­ղու­թին մէջ կա­տա­րո­ւե­լիք վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տան­քին գծով ի­րենց ու­նե­ցած պատ­կե­րա­ցում­նե­րը:

­Վե­հա­փա­ռը ամ­փո­փե­լով լսո­ւած մտա­ծում­նե­րը յայտ­նեց, թէ վե­րա­կազ­մակրպ­ման գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կա­կան է եւ կ­՚անց­նի զցա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րէ։

Ժո­ղո­վին մէջ լսո­ւած տե­սա­կէտ­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նան քննարկ­ման եւ գործ­նա­կան մի­ջո­ցի վե­րա­ծե­լու պայ­մա­նով։