Արթուր Թովմասեանը Արձագանգած է ալիեւի Աշխատակազմի՝ Արցախի Իշխանութեան Ներկայացուցիչները պաքու Հրաւիրելուն

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը մեր առանցքային նպատակներէն է, եւ շատ կարեւոր է, որ այդ մասին երէկ կայացած մամուլի ասուլիսին ժամանակ շատ յստակ ընդգծած է ՀՀ վարչապետ նիկոլ փաշինեանը: Այս մասին Artsakhpress.am լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, եւ նշած, որ այդ երկու նպատակները կը միաւորուին մեր ժողովուրդի գլխաւոր նպատակին՝ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ու անոր լրիւ ճանաչման մէջ:

«Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ կ՝ապրինք բարդ ժամանակներ, եւ գործընթացները, որոնք կ՝ընթանան մեր տարածաշրջանին մէջ, կրնան ցանկացած պահի ռազմական նոր յարձակումներու եւ անկանխատեսելի հետեւանքներու պատճառ դառնալ: Սակայն անոնցմէ խուսափելու համար մենք չենք կրնար մեր կենսական շահերը անտեսել: Այդ իմաստով շատ կարեւոր էր նաեւ ՀՀ վարչապետի այն միտքը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնները պաշտօնական պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ չեն պատրաստուր Արցախի նկատմամբ ցեղական զտում կամ ցեղասպանութիւն իրականացնելու իրաւագիր տալ ազրպէյճանին»,- ըսած է Թովմասեանը՝ աւելցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը եւս պէտք է այս հարցով շատ յստակ ու կոշտ դիրքորոշում ստանձնէ:

Անդրադառնալով օրեր առաջ ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին տարածած այն տեղեկատուութեան, թէ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչները կը հրաւիրուին պաքու երկխօսութեան՝ Թովմասեան նշած է, որ Արցախի իշխանութիւնները երբեւէ չեն խուսափած ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ շփումներէն:

«Հարցը այն է, որ մեզի համար ընդունելի չէ պաքուի առաջարկած օրակարգը:  Դժբախտաբար, նախորդ շփումները, հակառակ համաձայնութիւններուն, որեւէ արդիւնք չեն ապահոված օրակարգային հարցերուն մասով: Աւելին, անոնցմէ ետք ազրպէյճանի զինուժը Մարտ 5-ին Արցախի տարածքին մէջ իրականացուցած է ահաբեկչական գործողութիւն, որուն հետեւանքով զոհուած է երեք եւ վիրաւորուած մէկ ոստիկան: Եթէ շփումներուն «արդիւնքները» այդպիսին պէտք է ըլլան, ուստի աւելի նախընտրելի է չհանդիպիլ»,- եզրափակած է Ա. Թովմասեանը: