Ջրհեղեղ Թուրքիոյ Մէջ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժած Ատիյեաման եւ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) քաղաքներուն մէջ ջրհեղեղ սկսած է:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ատիյեամանի Թութի շրջանին մէջ ի յայտ եկած ջրհեղեղներն ու սողանքները հորդառատ անձրեւներու հետեւանք են։

Թոքաթի նահանգապետ Նուման Հաթիփօղլուի տեղեկութիւններով՝ ջրհեղեղին հետեւանքով Շանլըուրֆայի մէջ մահացած է 4, Ատիյեամանի մէջ 1 մարդ, իսկ 10 հոգի կը համարուին անհետ կորած։ Դէպքի վայր ուղարկուած է մօտ 150 հոգիէ բաղկացած փրկարարական ջոկատ: