ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Անտեսել Միջազգային Հանրութեան Բոլոր Կոչերը. ԵԽ-ի Մէջ Հայաստանի Ներկայացուցիչ

Աշխարհ, Հայաստան

Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակման պայմաններուն մէջ ազրպէյճանը կը շարունակէ անտեսել միջազգային հանրութեան բոլոր կոչերը՝ չկատարելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԻԵԴ եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները։

Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի Մարտ 15-ի հանդիման ընթացքին՝ ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան կրկին բարձրացուցած է ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին շրջափակման խնդիրը:

Ելոյթին մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝

  • ազրպէյճանը կը ձեռնարկէ նոր սադրանքներ՝ փորձելով շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Բերձորի միջանցքի խնդիրէն։
     
  • Շարունակելով Բերձորի միջանցքին շրջափակումը՝ Մարտ 5-ին ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախաձեռնած է ահաբեկչական յարձակում, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած է ԼՂ ոստիկանութեան երեք ծառայող։
     
  • ազրպէյճանական յարձակած խումբին գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, հնարաւոր չէ որակել:
     
  • Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկայնական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւններուն զուգահեռ ազրպէյճանը կը շարունակէ ԼՂ հայ բնակչութեան ահաբեկման գործողութիւնները՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու համար անմարդկային պայմաններ ստեղծելու միջոցով ցեղական զտումներ իրականացնելու վերջնական նպատակով:
     
  • Վերահաստատելով Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ձգտումը՝ Հայաստանը մէկ անգամ եւս ւ՝ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Բերձորի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ գործուղման անհրաժեշտութիւնը՝ կանխելու ազրպէյճանի կողմէ նոր յարձակման սանձազերծումը։